
ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք կառավարութիւնը զգուշացուցին, թէ իրենք հրէշներու պիտի վերածուին եւ պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու, եթէ կառավարութիւնը շարունակէ իրենց հարազատներուն թղթածրարը անտեսել:
Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն անունով Նիզամ Մղէյթ կոչ ուղղեց կառավարութեան արտօնելու, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ամբողջական իրաւասութիւնները ստանայ իրենց զաւակներուն թղթածրարին հետեւելու, որովհետեւ իրենք կը վստահին Իպրահիմի կարողութիւններուն:
Մղէյթ պահանջեց նաեւ, որ իրենց զաւակներուն թղթածրարին հետեւող նախարարական յանձնախումբը զիրենք տեղեակ պահէ իրենց զաւակներուն վերաբերող մանրամասնութիւններէն:


