Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներկայ իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ` լիբանանեան բանակին կատարուած սէուտական օժանդակութիւնը կասեցնող Ռիատի որոշումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ի գործ դրած ջանքերը` Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները վերահաստատելու:
Մուքպել ընդունեց նաեւ Բրիտանիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիուկօ Շորթըրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զինուորական գործակցութեան իմաստով փոխադարձ յարաբերութիւններու բարելաւումը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակը զինելու բրիտանական օժանդակութիւնները, որոնք առիթ կու տան բանակին երկիրը պաշտպանելու ահաբեկչութեան վտանգներէն: