
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը երէկ վերածուեցաւ «ուխտավայր»-ի մը, ուր այցելեցին մեծ թիւով պատուիրակութիւններ` քաղաքական, հոգեւոր եւ ժողովրդային:
Բոլոր պատուիրակութիւնները հաստատեցին, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է վերադարձնել իրենց նախկին հեզասահ ընթացքին:
Այս շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրին, որ շեշտեց, թէ իրենց պարտականութիւնն է Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ շնորհակալ ըլլալ եւ գոհունակ կեցուածք ցուցաբերել, որովհետեւ Ռիատ մնայուն կերպով օժանդակած է Լիբանանին եւ անոր ապահովական կայունութեան:
Հարիրի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի իսկական եղբայրն է, որ լաւ եւ վատ օրերուն նեցուկ կանգնած է անոր, նոյնիսկ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին:
Հարիրի ընդգծեց, որ իրենք պիտի գոյատեւեն եւ պիտի դիմադրեն Լիբանանի դէմ նիւթուող բոլոր օտար ծրագիրներուն, որովհետեւ կը փափաքին պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ երկիրը փրկել դէպի անորոշութիւն ուղղուելէ:
Հարիրի նշեց նաեւ, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն սրբագրելու համար այն բոլոր տարօրինակ կեցուածքները, որոնք որդեգրուած էին արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
Իր կարգին, Ասիրի շեշտեց, որ սէուտական դեսպանատուն կատարուած ինքնաբուխ այցելութիւնները կը փաստեն Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն նկատմամբ լիբանանցիներուն սէրը, ինչպէս նաեւ անոնց յանձնառութիւնը` պահպանելու երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները:
«Այն ուժերը, որոնք կը ջանան Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններուն վնասել, Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կարծիքը չեն արտայայտեր: Լիբանան արաբական ինքնութիւն ունի եւ իր շրջանակին, մշակոյթին եւ պատմութեան հետ համահունչ է», ըսաւ Ասիրի:
Ասիրի հաստատեց, որ Ռիատ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան հզօրացման եւ Լիբանանի բարգաւաճման:
Ան նշեց, որ Լիբանան պիտի մնայ հզօր` իր զաւակներուն գիտակցութեամբ, աւելցնելով, որ երկրին մէջ կայ վնասակար խմբաւորում մը:
Կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ասիրի շեշտեց, որ ինք այդ մասին կարծիք յայտնելու իրաւունք չունի եւ կը մնայ իր դիւանագիտական առաքելութեան սահմաններուն մէջ:
Ասիրի ընդունեց հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որ շեշտեց, թէ իրենք պիտի շարունակեն արաբ մնալ` ինչ ալ ըլլայ արաբ մնալու գինը:
«Մենք նախ եւ առաջ լիբանանցիներ ենք եւ ապա արաբներ», ըսաւ Ռիֆի:
Ան Սէուտական Արաբիայէն ներում հայցեց` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կատարած յայտարարութիւններուն համար», ըսաւ ան:
Ռիֆի հաստատեց, որ 7 ժամուան կառավարութեան նիստը` 7 տողնոց հաղորդագրութիւն մը պատրաստելու համար լուրջ հարց է:
«Քաղաքական առումով կը պատկանիմ հարիրիական դպրոցին: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ ոչ մէկ հարց ունիմ, եւ հրաժարած եմ` մերժելով կառավարութեան ներկայ վիճակը», հաստատեց ան:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիներէն պահանջեց Լիբանան չուղղուիլ, իսկ Լիբանանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներէն` լքել երկիրը:
Իր կարգին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները զգուշացուցին իրենց քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ, ինչպէս նաեւ նուազեցուցին Պէյրութի մէջ իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը:
Այս յայտարարութիւններէն ետք Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա օր մը օրանց Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ չէ դարձած, այլ` կը ջանայ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանել:
Ասիրի նշեց, որ պահանջուածը յաւելեալ ճիգ է` Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները իրենց նախկին իրավիճակին վերադարձնելու համար:
«Իրան պէտք է հասկնայ այս իրականութիւնը եւ վերջ տայ լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին իր միջամտութեան», ըսաւ ան:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին քաղաքացիական ընկերութեան «Հանրապետութեան համար» արշաւը Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեց բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ իրենք կը մերժեն վարկաբեկումը եւ փտածութիւնը:
Անոնք հաստատեցին, որ իրենք Սէուտական Արաբիոյ կամ Իրանի դէմ ցոյց չեն կատարեր, այլ` կը մերժեն Լիբանանը վարկաբեկել:


