Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսէլի Մէջ. Պըրրի Կը Մերժէ Բնակեցումը Եւ Կը Հաստատէ Լիբանանի Կառավարութեան Աշխատանքի Շարունակութիւնը

February 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Berri_EU_022416

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պրիւքսէլի մէջ իբրեւ պատուոյ հիւր մասնակցեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Պելճիքայի` լիբանանեան մեծ գաղութ մը ընդունելուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պելճիքական ջոկատին մասնակցութեան համար:

Պըրրի շեշտեց, որ իրենք պիտի փորձեն Լիբանանի եւ Պելճիքայի խորհրդարաններուն միջեւ 12 փետրուար 2013-ին ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրը վերանորոգել, ինչպէս նաեւ պիտի ջանան երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները հասցնել երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին:

Պըրրի նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պելճիքայի` լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ օժանդակելու առիթով: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին զինումը կարեւոր է` դիմադրելու համար Լիբանանի արեւելեան եւ հիւսիսային սահմանները պատող ահաբեկչութեան սպառնալիքին:

Պըրրի խստիւ դատապարտեց Եւրոպայի դէմ ուղղուած ահաբեկչական սպառնալիքները` կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան եւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան: Ան նշեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին յաղթանակը կարելի է երաշխաւորել այդ ահաբեկչութեան մէկ բացատրութիւն տալով, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ միասնաբար պայքարելով:

Անդրադառնալով Լիբանանի դիմագրաւած սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներու հարցին` ան հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ զանոնք երկրին մէջ բնակեցնելու սկզբունքին մերժումին` ընդգծելով զանոնք իրենց երկրին ապահով վայրերը վերադարձնելու, ինչպէս նաեւ ծովային եւ ցամաքային ճամբով ապօրինի գաղթականութիւնը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ներքին լիբանանեան առումով, խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող Ազգային երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի` երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը լուծելու, կառավարութեան աշխատանքը հեզասահ դարձնելու եւ յառաջիկայ մայիսին քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարելու առումով:

Նշենք, որ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի հետ: Քննարկուեցան սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող թղթածրարը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պըրրի ընդգծեց, որ Եւրոպա պէտք է օժանդակէ սուրիացի գաղթականներուն` կանխելու համար պաղեստինցի գաղթականներուն դիմագրաւած դժբախտութիւններուն կրկնութիւնը:

Իր կարգին, Շուլց շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ամէն իմաստով օժանդակէ Լիբանանին, որ հսկայական թիւով սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալած է:

 

 

Նախորդը

Աղբի Տագնապը Կը Մնայ Անլոյծ

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւնը Իր Պատմական Վիճակին Վերադարձնելու Լիբանանի Բոլոր Փորձերը Ցարդ Ձախողած Են

RelatedPosts

Քասեմ. «Ռաժժին Քաղաքացիական Խաղաղութեան  Հետ Կը Խաղայ. Պատասխանատուութիւնը  Կառավարութիւնը Կը Կրէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քասեմ. «Ռաժժին Քաղաքացիական Խաղաղութեան Հետ Կը Խաղայ. Պատասխանատուութիւնը Կառավարութիւնը Կը Կրէ»

January 19, 2026
Իսրայէլեան Բանակ. «Մեր Ուժերը Աւարտեցին  Հարաւային Լիբանանի Մէջ Հըզպալլայի Ամրապնդումը  Կանխարգիլելու Երկամսեայ Առաքելութիւնը»
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Բանակ. «Մեր Ուժերը Աւարտեցին Հարաւային Լիբանանի Մէջ Հըզպալլայի Ամրապնդումը Կանխարգիլելու Երկամսեայ Առաքելութիւնը»

January 19, 2026
Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Արդարադատութիւնը Թող Ամենայն Անկախութեամբ Իր Ուղին Աւարտէ»

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.