Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Դժուար Հանգրուան Մը Կը Դիմագրաւենք»

February 27, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

saad_ashiret_022516

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մասնակցեցաւ Թարիք Ժտիտէի «Իմամ Ալի» մզկիթին մէջ կատարուած նամազին, որմէ ետք ան յայտնեց, որ Լիբանան դժուար հանգրուան մը կը դիմագրաւէ, «սակայն մեզի համար մեր դատը յստակ է` անիկա Լիբանանն է եւ արդարութիւնը: Մենք միշտ ալ պաշտպանած ենք մեր երկիրը, իսկ ես վերադարձած եմ Լիբանան եւ պիտի մնամ ձեր կողքին», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբական աշիրեթներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան յայտնեց, թէ Հըզպալլայի վարուելակերպը լիբանանեան պետութեան տիրապետած քաղաքական ուժի մը վարուելակերպն է` աւելցնելով, որ Հըզպալլա տարբեր երկիրներու մէջ ապահովական եւ զինուորական միջամտութիւններ կը կատարէ, ինչ որ մերժելի է, որովհետեւ անիկա Լիբանանը կ՛ենթարկէ վտանգներու:

«Բոլորս վկայ ենք, թէ Հըզպալլա Սէուտական Արաբիոյ, Եմէնի, Պահրէյնի, Սուրիոյ եւ Քուէյթի մէջ ինչպէ՛ս կը վարուի, հետեւաբար պէտք չէ զարմանալ Ռիատի որդեգրած կեցուածքներէն: Մենք բազմիցս շեշտած ենք, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը կ՛ենթադրեն, որ  Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակարգին կողքին չկռուի», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ իրենց համար շրջանին մէջ Հըզպալլայի ունեցած ընթացքը մերժելի է, որովհետեւ ան ուրիշներուն դէմ ահաբեկչական եւ ոճրային արարքներ կը գործէ: «Ահա այս պատճառով է, որ Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրները Լիբանանի դէմ որդեգրած են նման քաղաքականութիւն եւ միջոցառումներ», ըսաւ ան:

Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է մերժեն Հըզպալլայի ընթացքը, որովհետեւ այդ վարուելակերպը երկրին գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է:

Հարիրի նշեց նաեւ, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան պետութեան, որ սակայն կը մնայ առանց հանրապետութեան նախագահի` աւելցնելով, որ Հըզպալլան է նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտող քաղաքական կողմը:

«Հըզպալլայի վարուելակերպը լիբանանեան պետութեան տիրապետած քաղաքական ուժի մը վարուելակերպն է», ըսաւ Հարիրի:

 

 

Նախորդը

Արայժի. «Մարտ 2-ի Նախագահական Ընտրութեան Նիստին Օրինաթիւի Գոյացումը Անհաւանական Է»

Յաջորդը

Լիբանանեան Ուժեր Եւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնները Ներկայացնող Պատուիրակութիւններ Այցելեցին Զօր. Աունի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.