Հըզպալլա եւ Մուսթաքպալ հոսանքը նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարեցին իրենց միջեւ երկխօսութեան 25-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ քննարկուած են լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները: