Լիբանանեան

Ռիֆի. «Մուսթաքպալ Հոսանքին Մաս Չեմ Կազմեր Եւ Կը Պայքարիմ Բոլոր Անոնց Դէմ, Որոնք Կը Փորձեն Ջնջել  Քաղաքական Հարիրիականութիւնը»

Ռիֆի. «Մուսթաքպալ Հոսանքին Մաս Չեմ Կազմեր Եւ Կը Պայքարիմ Բոլոր Անոնց Դէմ, Որոնք Կը Փորձեն Ջնջել Քաղաքական Հարիրիականութիւնը»

Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ ինք այլեւս Մուսթաքպալ հոսանքին մաս չի կազմեր, «սակայն ես քաղաքական հարիրիականութեան, կը հետեւիմ եւ կը պայքարիմ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն ջնջել քաղաքական հարիրիականութիւնը», ըսաւ ան: Ռիֆի հաստատեց, որ ինք միւֆթի Տըրիանի կեդրոնատեղիէն գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ բոլոր անոնց, որոնք կը...

«Պաթրունը Ագարակ Մը Պիտի Չդառնայ Քաղաքական Մարզին Մէջ Յայտնուած Կարգ Մը Փտած Գաճաճներու Դիմաց»  Շեշտեց Պութրոս Հարպ

«Պաթրունը Ագարակ Մը Պիտի Չդառնայ Քաղաքական Մարզին Մէջ Յայտնուած Կարգ Մը Փտած Գաճաճներու Դիմաց» Շեշտեց Պութրոս Հարպ

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Թաննուրինը ոչ ոքի ճնշումին տակ կրնայ մնալ եւ ոչ մէկ խուսանաւումի զոհը դառնալ: Ան հաստատեց, որ Թաննուրինը մասնատելու փորձերը անյաջող դուրս պիտի գան` կոչ ուղղելով վերջ տալու լիբանանցիներուն հանրապետութեան նախագահ մը պարտադրելու քայլերուն: Հարպ շեշտեց, որ Պաթրունը ագարակ մը պիտի չդառնայ քաղաքական մարզին մէջ յայտնուած կարգ մը...

Քազզի. «Կրանտի Անհաւանական Կը Նկատէ Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Կամ Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցումը»

Քազզի. «Կրանտի Անհաւանական Կը Նկատէ Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Կամ Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցումը»

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ  գաղթականներու հարցերու բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած գաղթականներու տագնապը: Հանդիպումէն ետք Քազզի ըսաւ. «Կրանտի անհաւանական կը նկատէ Լիբանանի մէջ սուրիացի կամ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը եւ կը նշէ, որ այդ գաղթականները կը փափաքին տուն վերադառնալ: Սակայն իմ կարգիս հաստատեցի, որ փափաքը եւ իրականութիւնը կրնան իրարու չհամապատասխանել,...

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Ներկայ Գտնուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող Հայկական Զօրամասին Հերթափոխութեան

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Ներկայ Գտնուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող Հայկական Զօրամասին Հերթափոխութեան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երկուշաբթի, 30 մայիսին ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղաքաղաք, ուր կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական զօրամասի կեդրոնը: Դեսպան Մկրտչեան ներկայ գտնուեցաւ հայկական զօրամասին հերթափոխութեան պաշտօնական արարողութեան: Սամուէլ Մկրտչեան Շամաայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու Արեւմտեան հատուածի հրամանատար զօր. Արթուրօ Նիթթիի հետ` ներկայութեամբ հայ խաղաղապահ ուժերու Գ. եւ Դ. զօրամասերու հրամանատարներուն:...

Կառավարութիւնը Այսօր Կը Գումարէ Իր Ընթացիկ Նիստը, Իսկ Խորհրդարանը Շարունակեց Քննարկել Ընտրական Խառն Օրինագիծը

Կառավարութիւնը Այսօր Կը Գումարէ Իր Ընթացիկ Նիստը, Իսկ Խորհրդարանը Շարունակեց Քննարկել Ընտրական Խառն Օրինագիծը

Մինչ կառավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն քննարկելիք օրակարգին առաջին կէտը պիտի ըլլայ խնդրայարոյց Ժաննէի ջրամբարին թղթածրարը, երէկ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը` ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, արտաքին հարցերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու, պաշտպանութեան, ներքին եւ քաղաքապետական հարցերու, տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու յանձնախումբերը գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին անոնք շարունակեցին քննարկել ընտրական խառն օրինագիծը: Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ...

Պըրրի. «Արձանագրուած Տեղքայլին Փոխարէն Աւելի Լաւ Է Վերադառնալ Միքաթիի Կառավարութեան Ընտրական Օրէնքին»

Պըրրի. «Արձանագրուած Տեղքայլին Փոխարէն Աւելի Լաւ Է Վերադառնալ Միքաթիի Կառավարութեան Ընտրական Օրէնքին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ արձանագրուած տեղքայլին փոխարէն աւելի լաւ է վերադառնալ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան մշակած ընտրական օրէնքին` համամասնական դրութեան հիման վրայ, որուն շրջագիծին մէջ Լիբանանը կը բաժնուի 13 ընտրաշրջանի: Պըրրի հաստատեց, որ իրենք կը նախընտրեն համամասնական դրութեան վրայ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի բաժնել: Պըրրի ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպը, որուն հետ քննարկեց...

«Մեր Որդեգրած Ապահովական Որակական Միջոցառումներուն Շնորհիւ Կարելի Եղաւ Զսպել Ահաբեկիչներուն Լիբանան Մուտքը»  Ընդգծեց Զօր. Քահուաժի

«Մեր Որդեգրած Ապահովական Որակական Միջոցառումներուն Շնորհիւ Կարելի Եղաւ Զսպել Ահաբեկիչներուն Լիբանան Մուտքը» Ընդգծեց Զօր. Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզը եւ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, ընկերակցութեամբ` լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւն ներկայացուցած ամերիկացի եւ բրիտանացի բարձրաստիճան զինուորականներուն: Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան եւ բրիտանական իշխանութիւններուն, որոնք շարունակեցին լիբանանեան բանակին ներկայացնել իրենց որակական օժանդակութիւնը, որ իր ուղղակի ազդեցութիւնը ունեցաւ լիբանանեան բանակին...

Հըզպալլա Ձերբակալած Է Գործակալ Մը

Սէյիտ Նասրալլա Կը Հրապարակէ Վերջին Զգուշացումը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ հրապարակեց ներքին կուսակցական շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ տարբեր առիթներու ընթացքին օդին մէջ կրակելը կ՛ունենայ իր վնասներն ու հետեւանքները: Ան նշեց, որ ըստ այաթոլլա Խամենէիի կրօնական հրամանագիրին եւ իսլամական հեղինակութիւններուն, անիկա մեղք մըն է` աւելցնելով, որ օդին մէջ կրակելը Դիմադրութեան ուղեգիծին, նահատակներուն եւ կառոյցներուն համար վնասակար դարձած է: Սէյիտ Նասրալլայի հրապարակած շրջաբերականին...

Զօր. Աունի Հետ Հանդիպելէ Ետք .  «Կը Մաղթենք Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարել Նախքան Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»  Շեշտեց Ֆարաոն

Զօր. Աունի Հետ Հանդիպելէ Ետք . «Կը Մաղթենք Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարել Նախքան Երեսփոխանական Ընտրութիւնները» Շեշտեց Ֆարաոն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները` սկսեալ պետական անվտանգութեան թղթածրարէն, հասնելով երեսփոխանական ընտրութիւններն ու «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի հարցը: Հանդիպումէն ետք Ֆարաոն յայտնեց, որ իրենք կը մաղթեն նախագահական ընտրութիւնը կատարել, նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները` հաստատելով, որ զօր. Աունի հետ նախագահական ընտրութեան վերաբերող ոչ մէկ քննարկում...

Երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել Հրաժարեցաւ

Երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել Հրաժարեցաւ

Երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն` հաստատելով, որ տարբեր հարցերուն կուտակումը պատճառ դարձած է, որ ինք այդ որոշումը տայ: Ֆատել յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները կուտակուած եւ «կարկանդակ» դարձած իրողութեան վրայ «կեռասի հատիկ» մըն են` շեշտելով, որ հրաժարելու իր որոշումը վերջնական է: Ֆատել յայտնեց, որ իր ներկայացուցած օրինագիծերէն ոչ մէկը նկատի առնուած է` աւելցնելով, որ ինք իբրեւ երեսփոխան այլեւս ոչ...

Պոն. «Լիբանանին Պէտք Է Միջազգային Օժանդակութիւն Կատարել Սուրիացի Գաղթականներուն Հարցով»

Պոն. «Լիբանանին Պէտք Է Միջազգային Օժանդակութիւն Կատարել Սուրիացի Գաղթականներուն Հարցով»

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն երէկ այցելեց հարաւային Լիբանան, ուր հաստատեց, որ Ֆրանսա կը գործակցի բոլոր լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն հետ անխտիր: Նապաթիէ կատարած իր այցելութեան ընթացքին Պոն հանդիպում մը ունեցաւ նահանգապետ Մահմուտ Մաուլայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Պոն շեշտեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է այդ շրջաններուն պատասխանատուներուն հետ քննարկել անոնց կարիքները, որպէսզի օժանդակութիւնը ըստ այնմ ապահովուի: «Գաղթականներուն հարցը...

Բագրատունի Ընդունեց  Լեհաստանի Դեսպանը

Բագրատունի Ընդունեց Լեհաստանի Դեսպանը

Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Վոժճիեք Պոզեք այցելեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին` «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նախ եւ առաջ լայն անդրադարձ մը կատարելու հայ-լեհական պատմական յարաբերութիւններուն, ապա քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող զանազան հարցեր: Դեսպանը յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ` անդրադառնալով անոր դերակատարութեան: Հանդիպման ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան - Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան երկուշաբթի, 30 մայիս 2016-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի հետ: Հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան երկրորդ քարտուղար ժան Քրիսթոֆ...

Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութեանց Վաղորդայնին.  Քաղաքական, Ապահովական Թէ Ընկերային Հրատապ Հարցերը` Դարձեալ Սեղանի Վրայ

Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութեանց Վաղորդայնին. Քաղաքական, Ապահովական Թէ Ընկերային Հրատապ Հարցերը` Դարձեալ Սեղանի Վրայ

Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութեանց վաղորդայնին, քաղաքական, կուսակցական թէ պաշտօնական շրջանակներ հաշուեյարդարի  լծուած են` վերլուծելու պարզուած նոր իրավիճակը քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքներու լոյսին տակ: Արդարեւ, հիւսիսային Լիբանանի եւ յատկապէս` Թրիփոլիի քաղաքապետական ընտրութեանց «ցնցիչ» արդիւնքները, պատկան կողմերը մղեցին վերատեսութեան ենթարկելու իրենց դաշնակիցներուն եւ մրցակիցներուն պատկերը եւ ըստ այնմ բնութագրելու իրենց յառաջիկայ ուղեգիծը: Փաստօրէն երկրի զանազան խմբաւորումներու մեծ մասին կարծիքով, այս ընտրութիւնները «փորձ» էին...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստի Աւարտին.  «Ոչինչ Կ՛արգելակէ Երեսփոխանական Ընտրութեանց Կայացումը» Ընդգծեց Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստի Աւարտին. «Ոչինչ Կ՛արգելակէ Երեսփոխանական Ընտրութեանց Կայացումը» Ընդգծեց Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր դաշնակիցներուն կողքին ներկայ է Լիբանանի ամբողջ տարածքին», ընդգծեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան` երէկ համախմբումի հերթական նիստի աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ: Նիստը, որ գումարուեցաւ Ռապիէի մէջ, երեսփոխան զօրավար Միշել Աունի նախագահութեամբ, քննեց քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր` արժեւորելով անոնց արդիւնքները: Այս գծով երեսփոխան Քանաան յայտնեց, որ «ընտրութիւններու այս փորձառութիւնը փաստեց,...

Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով`  «Այս Ընտրութիւնները Վերջաւորութեան Սկզբնաւորութիւնն Են»  Ընդգծեց Նախարար Ժըպրան Պասիլ

Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով` «Այս Ընտրութիւնները Վերջաւորութեան Սկզբնաւորութիւնն Են» Ընդգծեց Նախարար Ժըպրան Պասիլ

«Այս ընտրութիւնները վերջաւորութեան սկզբնաւորութիւնը կը կազմեն, եւ յառաջիկայ քաղաքապետական թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի յիշեցնենք իրարու», յայտարարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ` մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Պասիլ ընդհանուր ակնարկով անդրադարձաւ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութեանց արդիւնքներուն` նշելով, որ 6 յունիսին այս արդիւնքները մանրամասնօրէն պիտի քննարկուին եւ արժեւորուին կուսակցութեան պատասխանատուներու ժողովին ընթացքին: Թուելով ընտրական իւրաքանչիւր շրջանի մէջ...

Հըզպալլա – Մուսթաքպալ Երկխօսութեան 29-րդ Նիստը Կեդրոնացաւ Ընտրական Նոր Օրէնքի Մշակման Փութացման Վրայ

Հըզպալլա – Մուսթաքպալ Երկխօսութեան 29-րդ Նիստը Կեդրոնացաւ Ընտրական Նոր Օրէնքի Մշակման Փութացման Վրայ

Հըզպալլա - Մուսթաքպալ երկխօսութեան 29-րդ նիստը գումարուեցաւ երէկ երեկոյեան, Այն Թինէի մէջ ներկայութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի, նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի, իսկ Մուսթաքպալի կողմէ` Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի, նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ երեսփոխան Սամիր Ժսըրի: Նիստին ներկայ էր նաեւ երկխօսութեան հովանաւոր, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդական`...

Միջնակարգի (Պրէօվէի) Պետական Քննութիւնները Սկսան

Միջնակարգի (Պրէօվէի) Պետական Քննութիւնները Սկսան

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսմանց նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ շրջեցաւ պրէօվէի պետական քննութեանց կեդրոնները եւ մօտէն հետեւեցաւ միջնակարգի աշակերտներու  քննութեան ներկայացման մթնոլորտին: Ան հանգստացուց աշակերտները, թէ հարցումները դժուարացնելէ աւելի նախարարութիւնը կը ձգտի արգիլել քննութեանց ընթացքին խարդախութիւնները:  

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 98-ամեակին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երեքշաբթի, 31 մայիս 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 1 յունիսին:

Պաթրունի Եւ Թրիփոլիի Մէջ Հայութիւնը Կատարեց Իր Քաղաքացիական Պարտականութիւնը

Պաթրունի Եւ Թրիփոլիի Մէջ Հայութիւնը Կատարեց Իր Քաղաքացիական Պարտականութիւնը

Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու վերջին փուլը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 29 մայիս 2016-ին, հիւսիսային Լիբանանի մէջ, ուր եւս հայութիւնը իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարեց եւ քուէարկեց Պաթրունի մէջ ՀՅԴ-ի առաջադրած ցանկին, իսկ Թրիփոլիի մէջ` կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած քաղաքապետական խորհուրդի անդամի եւ թաղապետի թեկնածուներուն: Հակառակ անոր որ մինչեւ ուշ երեկոյեան տակաւին ընտրութիւններուն արդիւնքները յստակացած չէին, բայց եւ այնպէս յիշարժան երեւոյթ է, որ...

Page 832 of 986 1 … 831 832 833 … 986

Արխիւներ