
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները` սկսեալ պետական անվտանգութեան թղթածրարէն, հասնելով երեսփոխանական ընտրութիւններն ու «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի հարցը:
Հանդիպումէն ետք Ֆարաոն յայտնեց, որ իրենք կը մաղթեն նախագահական ընտրութիւնը կատարել, նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները` հաստատելով, որ զօր. Աունի հետ նախագահական ընտրութեան վերաբերող ոչ մէկ քննարկում կատարած է:


