
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզը եւ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, ընկերակցութեամբ` լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւն ներկայացուցած ամերիկացի եւ բրիտանացի բարձրաստիճան զինուորականներուն:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան եւ բրիտանական իշխանութիւններուն, որոնք շարունակեցին լիբանանեան բանակին ներկայացնել իրենց որակական օժանդակութիւնը, որ իր ուղղակի ազդեցութիւնը ունեցաւ լիբանանեան բանակին մարտական պատրաստուածութեան վրայ:
«Մեր որդեգրած ապահովական որակական միջոցառումներուն շնորհիւ կարելի եղաւ զսպել ահաբեկիչներուն Լիբանան մուտքը», շեշտեց զօր. Քահուաժի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ամերիկեան ու բրիտանական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Իրենց կարգին, Ճոնզ եւ Շորթըր դրուատեցին լիբանանեան բանակին կարողութիւնները եւ լիբանանեան սահմաններուն վրայ անոր իրագործած նուաճումները` ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարելու առումով:
Ճոնզ եւ Շորթըր ընդգծեցին, որ Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն յանձնառու կը մնան Լիբանանի կայունութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանումին:


