
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն երէկ այցելեց հարաւային Լիբանան, ուր հաստատեց, որ Ֆրանսա կը գործակցի բոլոր լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն հետ անխտիր:
Նապաթիէ կատարած իր այցելութեան ընթացքին Պոն հանդիպում մը ունեցաւ նահանգապետ Մահմուտ Մաուլայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Պոն շեշտեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է այդ շրջաններուն պատասխանատուներուն հետ քննարկել անոնց կարիքները, որպէսզի օժանդակութիւնը ըստ այնմ ապահովուի:
«Գաղթականներուն հարցը բաւական լուրջ է, եւ Լիբանանին պէտք է միջազգային օժանդակութիւն կատարել այդ հարցով», շեշտեց Պոն:


