Լիբանանեան

Բժիշկներու Սենտիքայի Ընտրութիւն. Ռեմոն Սայեղի Գլխաւորած Ընտրացանկը Յաղթանակ Կ՛արձանագրէ. Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան` Սենտիքայի Անդամ

Բժիշկներու Սենտիքայի Ընտրութիւն. Ռեմոն Սայեղի Գլխաւորած Ընտրացանկը Յաղթանակ Կ՛արձանագրէ. Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան` Սենտիքայի Անդամ

Բժիշկներու սենտիքան նախանցեալ օր կատարեց իր առաջին փուլի ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին քուէարկութեան համեմատութիւնը հասաւ 30 առ հարիւրի` 2200 բժիշկներու մասնակցութեամբ: Սենտիքայի ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը տեղի չունեցաւ բժիշկ Ռեմոն Սայեղի գլխաւորած ընտրացանկին մրցակիցներուն կողմէ իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչելու պատճառով: Հետեւաբար Սայեղ դարձաւ Բժիշկներու սենտիքայի նոր նախագահը: Ռեմոն Սայեղի գլխաւորած ցանկին կը զօրակցէին Ազգային ազատ հոսանք, լիբանանեան ուժեր, Մուսթաքպալ, Ամալ եւ Ընկերվար յառաջդիմական...

«Քանի Մը Անգամ Գրած Եմ Հրաժարականս, Սակայն Զայն Չեմ Ներկայացուցած` Խուսափելով Անոր Վնասներէն»   Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Քանի Մը Անգամ Գրած Եմ Հրաժարականս, Սակայն Զայն Չեմ Ներկայացուցած` Խուսափելով Անոր Վնասներէն» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ «Թէ. Էլ.» պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ երբ ինք ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը, ոչ ոք կը պատկերացնէր, որ Լիբանանի մէջ նախագահական թափուր աթոռի իրավիճակը այսքան երկարատեւ պիտի ըլլայ: «Կը նախատեսուէր, որ կառավարութեան կեանքը սահմանափակուէր երկու ամիսով, որմէ ետք պիտի կատարուէին երեսփոխանական ընտրութիւններ», ըսաւ ան: Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ նախագահական թափուր աթոռը վնաս կը...

Ըստ «Ռայ»-ի.   Հըզպալլա Կը Պատրաստուի Իսրայէլի Կողմէ Սանձազերծուելիք Նոր Պատերազմի Մը

Ըստ «Ռայ»-ի. Հըզպալլա Կը Պատրաստուի Իսրայէլի Կողմէ Սանձազերծուելիք Նոր Պատերազմի Մը

Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը պատրաստուի Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուելիք նոր պատերազմի մը: Ըստ «Ռայ»-ի, իսրայէլեան ներկայ կառավարութիւնը պատերազմի կառավարութիւն է, եւ անոր պաշտպանութեան նախարարը` Աւիկտոր Լիպըրման պիտի վստահի իսրայէլեան բանակին ցուցմունքներուն եւ որդեգրած միջոցառումներուն, որպէսզի ապահովական մագլցումներու դիմէ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ կը հետեւի Հըզպալլայի զինուորական կարողութիւններուն եւ փորձառութեան, եւ իբրեւ պատերազմի ընկերութիւն կը մտադրէ սպառնալ ու պատերազմ շղթայազերծել...

Հարիրի. «Կ՛առաջարկեմ, Որ Նասրալլա Իր Մօտ Հրաւիրէ Զօր. Աունն Ու Ֆրենժիէն, Եւ Անոնց Միջեւ Խորհրդակցութիւնները Աւարտին Անոնցմէ Մէկուն Հրաժարականով»

Հարիրի. «Կ՛առաջարկեմ, Որ Նասրալլա Իր Մօտ Հրաւիրէ Զօր. Աունն Ու Ֆրենժիէն, Եւ Անոնց Միջեւ Խորհրդակցութիւնները Աւարտին Անոնցմէ Մէկուն Հրաժարականով»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ օր «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն արտայայտած կեցուածքներուն շրջագիծին մէջ առաջարկեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր մօտ հրաւիրէ իր դաշնակիցները` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, անոնց հետ խորհրդակցելու նպատակով: Հարիրի մաղթեց, որ այդ խորհրդակցութիւնները աւարտին նախագահական ընտրութեան թեկնածութենէն անոնցմէ մէկուն հրաժարականով: Այս շրջագիծին մէջ,...

Մոկերինի. «Լիբանան Չի Կրնար Նախագահական Թափուր Աթոռով Շրջանային Տագնապներուն Լուծման Սպասել»

Մոկերինի. «Լիբանան Չի Կրնար Նախագահական Թափուր Աթոռով Շրջանային Տագնապներուն Լուծման Սպասել»

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը Լիբանանի մէջ նախագահական թափուր աթոռին երկամեայ տեւողութեան առիթով: Ան հաստատեց Լիբանանի ապահովութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան ազատութեան, բազմազանութեան եւ ներողամտութեան օրինակելի տիպարն է շրջանին մէջ: «Սակայն անոր դիմագրաւած քաղաքական տագնապը երկարատեւ դարձած է եւ կարելի չէ այս ձեւով գոյատեւել` նկատի ունենալով, որ...

Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը` ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին` արծարծուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանային կացութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման անհրաժեշտութիւնը: Լայն անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիացի գաղթականներու հարցին եւ այս ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքին պատասխանատուութեան: Քննուեցաւ...

Կառավարութիւնը Յետաձգեց Ժաննէի Ջրամբարի Եւ Հաղորդակցութեան Մարզի Թղթածրարներուն Քննարկումը

Կառավարութիւնը Յետաձգեց Ժաննէի Ջրամբարի Եւ Հաղորդակցութեան Մարզի Թղթածրարներուն Քննարկումը

Կառավարութիւնը երէկ յետմիջօրէի ժամը շուրջ 4:30-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն բացակայեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ: Չորս ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ վերահաստատած է ամէնէն արագ միջոցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ նախագահական թափուր աթոռի գոյութիւնը իր ստուերը կը ձգէ սահմանադրական հաստատութիւններուն վրայ: Վարչապետ Սալամ աւելցուց,...

«Չենք Զօրակցիր 1960-ի Ընտրական Օրէնքին, Եւ Կը Պահանջենք Զայն Փոխարինել Կատարեալ Համամասնականութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնքով Մը»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Չենք Զօրակցիր 1960-ի Ընտրական Օրէնքին, Եւ Կը Պահանջենք Զայն Փոխարինել Կատարեալ Համամասնականութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնքով Մը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Նախանցեալ օր երեկոյեան ժամը 6:15-ին,  Նապի Շիթի մէջ Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուեցաւ հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներ: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ողջունեց վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ Դիմադրութեան եւ հարաւի ազատագրութեան տօնին առիթով ճշդուած պետական արձակուրդի որոշումը` բարձր գնահատելով նաեւ վարչապետին թելադրանքը,...

«Զօր. Աունի Հետ Մեր Հարցը Այն Չէ, Որ Ան Առաջինն Է, Այլ Այն, Որ Ան Միակն Է»   Շեշտեց Ֆրենժիէ

«Զօր. Աունի Հետ Մեր Հարցը Այն Չէ, Որ Ան Առաջինն Է, Այլ Այն, Որ Ան Միակն Է» Շեշտեց Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մուաուատ ընտանիքին հետ երկխօսութիւնը սկսած է Թոնի Ֆրենժիէի եւ Միշել Մուաուատի միջեւ շուրջ տարի մը առաջ եւ յանգած է քաղաքապետական ընտրութիւններու շրջագիծին մէջ համախոհութեան մը գոյացումին: Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքապետական ընտրապայքարին բնոյթը պէտք է ունենայ բարգաւաճման բնոյթ` յոյս յայտնելով, որ մարդիկ այդ համախոհութիւնը  գնահատեն` ի նպաստ անոր քուէարկելով: Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան...

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Քննարկեցին Ընտրական Խառն Օրինագիծը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Քննարկեցին Ընտրական Խառն Օրինագիծը

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին ընտրական խառն օրինագիծը: Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի նախագահեց նիստին, որուն աւարտին յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերը երէկուան իրենց քննարկումներուն մէջ կեդրոնացած են ընտրական խառն օրինագիծին, ինչպէս նաեւ համամասնական-մեծամասնական օրէնքին վրայ: Մքարի ընդգծեց նաեւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստերուն հրաւիրուած նախարարներուն ներկայութեան կարեւորութիւնը` մերժելով ներկայացուցիչ ուղարկելու անոնց մօտեցումը: Մքարի յայտնեց, որ խորհրդարանի միացեալ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը յետաձգուած է 10-11 յուլիսի: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Զղարթայի Թուլա շրջանին մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները յետաձգեց` գիւղաքաղաքին մէջ տիրող լարուածութեան պատճառով: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի զօրամաս մը Արսալի մէջ ձերբակալած է Մալեք Մահմուտ Սուլթանը, որ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Դիմադրութեան եւ Ազատագրութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 26 մայիս 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ին:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Երէկ` երեքշաբթի, 24 մայիսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ընկերակցութեամբ դեսպանատան խորհրդական Աշոտ Վարդանեանի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէին հետ: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն, Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն, լիբանանահայ գաղութը յուզող հարցերուն եւ Հայաստան-սփիւռք կապերը սերտացնելու անհրաժեշտութեան մասին:

Պուրճ Համուտի, Այնճարի Եւ Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի Քաղաքապետներն Ու Փոխքաղաքապետները Ընտրուեցան

Պուրճ Համուտի, Այնճարի Եւ Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի Քաղաքապետներն Ու Փոխքաղաքապետները Ընտրուեցան

Մարտիկ Պօղոսեան, Մարտիկ Արսլանեան, Լեւոն Տէր Սարգիսեան, Վարդգէս Խօշեան եւ Նազարէթ Անտէքեան Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատի նախագահութեամբ գումարուած իր անդրանիկ նիստին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը քաղաքապետ ընտրեց Մարտիկ Պօղոսեանը, իսկ փոխքաղաքապետ` Մարտիկ Արսլանեանը: Նոյն ձեւով, Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդը փոխքաղաքապետ ընտրեց Լեւոն Տէր Սարգիսեանը: Իսկ Այնճարի պարագային, նահանգապետի ներկայացուցիչին նախագահութեամբ իր գումարած նիստին, քաղաքապետական խորհուրդը քաղաքապետ ընտրեց Վարդգէս Խօշեանը, իսկ փոխքաղաքապետ`...

Մաարուֆ Համիէ Իր Զաւկին Վրէժը Կը Լուծէ Սպաննելով Հիւսէյն Հուժէյրին

Մաարուֆ Համիէ Իր Զաւկին Վրէժը Կը Լուծէ Սպաննելով Հիւսէյն Հուժէյրին

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած եւ ապա սպաննուած բանակային Մոհամետ Համիէի հայրը` Մաարուֆ Համիէ երէկ սպաննեց Հիւսէյն Հուժէյրին` լուծելով իր զաւկին վրէժը: 22-ամեայ Հիւսէյն Հուժէյրի, որ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիի (Ապու Թաքիէ) եղբօրորդին է, սպաննուած գտնուեցաւ Թարայայի մէջ, Մոհամետ Համիէի դամբարանին վրայ: Հիւսէյն Հուժէյրիի հայրը` Արսալի նախկին թաղապետ Մոհամետ Հիւժէյրի յայտնեց, որ իր զաւակը քաղաքականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի` աւելցնելով, որ իր...

«Պիտի Աշխատինք Բոլոր Միջոցներով Բացայայտել Առեւանգուած Բանակայիններուն Ճակատագիրը Եւ Զանոնք Ազատ Արձակել»  Ընդգծեց Զօր. Քահուաժի

«Պիտի Աշխատինք Բոլոր Միջոցներով Բացայայտել Առեւանգուած Բանակայիններուն Ճակատագիրը Եւ Զանոնք Ազատ Արձակել» Ընդգծեց Զօր. Քահուաժի

Հարաւային Լիբանանի ազատագրման 16-ամեակին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ յայտնեց, որ բանակը յանձնառու կը մնայ ամէն ջանք եւ բոլոր միջոցները ի գործ դնելու` բացայայտելու համար առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ զանոնք ազատ արձակելու: Զօր. Քահուաժի ողջունեց լիբանանեան բանակի բոլոր նահատակներուն ընտանիքները` շեշտելով, որ անոնց զաւակներն ու հարազատները նահատակուեցան պահպանելու համար Լիբանանը: «Իսկ մենք կը...

«Կը Շարունակենք Կառչած Մնալ Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ Մեր Որդեգրած Չէզոք Քաղաքականութեան»  Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

«Կը Շարունակենք Կառչած Մնալ Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ Մեր Որդեգրած Չէզոք Քաղաքականութեան» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրքհալթերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Զուիցերիա բարձր վարկ կը վայելէ` աւելցնելով, որ անոր պատմութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է ժողովրդավարութեան: «Կը շարունակենք կառչած մնալ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ...

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան  Պտուղը Արդէն Հասունցած Է  Եւ Կարելի Է Զայն Քաղել»

Պըրրի. «Պապին Եւ Ազհարի Շէյխին Հանդիպումը Կ՛ամրապնդէ Կրօններուն Միջեւ Երկխօսութիւնը Եւ Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան Դէմ Յարմար Պատասխան Մըն Է»

Նեպիհ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդգծեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին եւ Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայեպին միջեւ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումը կ՛ամրապնդէ կրօններուն միջեւ երկխօսութիւնը եւ համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ յարմար պատասխան մը կը նկատուի: Պըրրի բարձր գնահատեց այդ հանդիպումը` շեշտելով, որ անիկա կը միացնէ բոլոր հաւատացեալներուն ճիգերը` դիմադրելու համար ահաբեկչութեան, պատերազմներուն, սադրանքներուն եւ տագնապներուն,  յատկապէս Միջին...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Հաստատէ Ժաննէի Ամբարտակին Աշխատանքներուն Շարունակութիւնը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Հաստատէ Ժաննէի Ամբարտակին Աշխատանքներուն Շարունակութիւնը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Ժաննէի ամբարտակը կենսական ծրագիր մըն է, եւ անոր աշխատանքները պիտի շարունակուին: «Ժաննէի ամբարտակին ծրագիրը ընթացքի մէջ է ջուրերու ռազմավարական իրաւունքի առումով, եւ ոչ մէկ կերպով պիտի ընդունինք այդ ծրագիրին խոչընդոտումը»,...

«Լիբանանցիները Պէտք Է Հարթեն Նախագահական Ընտրութիւնը Խոչընդոտող Արգելքները»   Ըսաւ Ճոնզ

«Լիբանանցիները Պէտք Է Հարթեն Նախագահական Ընտրութիւնը Խոչընդոտող Արգելքները» Ըսաւ Ճոնզ

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ճոնզ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կատարած առաջարկը հետաքրքրական է` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը այդ առաջարկը պէտք է լրջօրէն ընկալեն: Ան դրուատեց այն իրականութիւնը, որ Հարիրի կատարեալ լրջութեամբ կը վարուի Պըրրիի առաջարկին հետ: Ճոնզ Հարիրին...

Page 833 of 986 1 … 832 833 834 … 986

Արխիւներ