Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութեանց Վաղորդայնին. Քաղաքական, Ապահովական Թէ Ընկերային Հրատապ Հարցերը` Դարձեալ Սեղանի Վրայ

Յունիս 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութեանց վաղորդայնին, քաղաքական, կուսակցական թէ պաշտօնական շրջանակներ հաշուեյարդարի  լծուած են` վերլուծելու պարզուած նոր իրավիճակը քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքներու լոյսին տակ: Արդարեւ, հիւսիսային Լիբանանի եւ յատկապէս` Թրիփոլիի քաղաքապետական ընտրութեանց «ցնցիչ» արդիւնքները, պատկան կողմերը մղեցին վերատեսութեան ենթարկելու իրենց դաշնակիցներուն եւ մրցակիցներուն պատկերը եւ ըստ այնմ բնութագրելու իրենց յառաջիկայ ուղեգիծը: Փաստօրէն երկրի զանազան խմբաւորումներու մեծ մասին կարծիքով, այս ընտրութիւնները «փորձ» էին 2017-ին նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութեանց եւ աւելի քան երկու տարիներէ ի վեր ձգձգուող նախագահական ընտրութիւններուն: Կողմերուն ընտրական բազկերակը քննուած էր…

Հրատապ Հարցերը` Վերստին Սեղանի Վրայ

Միւս կողմէ, երկրի քաղաքական թէ ընկերային ու առնչակից հրատապ հարցեր վերստին արծարծուեցան եւ անոնք օրակարգի նիւթ պիտի ըլլան վաղը` հինգշաբթի նախատեսուող կառավարութեան նիստին:

Հրատապ այդ հարցերուն մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն գլխաւորաբար նախագահական թափուր աթոռն ու սուրիացի աւելի քան մէկուկէս միլիոն գաղթականներու Լիբանան հոսքին ընկերային, քաղաքական եւ ապահովական հետեւանքները: Նմանապէս ապօրինի համացանցի հարցը «տաք» նիւթ է:

Նախագահական ընտրութեան գծով կարգ մը կողմեր, յատկապէս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ լաւատես են այս առնչութեամբ նոր մթնոլորտի սաղմնաւորման գծով, որ մօտալուտ դրական ցուցանիշներ կը ցոլացնէ: Նոյն աղբիւրները իրենց լաւատեսութիւնը կը հիմնաւորեն Սէուտական Արաբիայէն հասնող դրական խոստմնալից ցուցանիշներու վրայ:

Mikhail-Bogdanov-and-amal-abou-zeid

Նոյն ծիրին մէջ, ուշագրաւ էր օրինակ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի յայտարարութիւնը, երէկ Մոսկուայի մէջ լիբանանցի նորընտիր երեսփոխան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ` Ամալ Ապու Զէյտի ընդունման պահուն, թէ` «Ռուսիա կը յարգէ լիբանանցիներու կամքն ու որոշումի ազատութիւնը նախագահական ընտրութեան գծով, առանց արտաքին որեւէ միջամտութեան»:

Նախագահական թղթածրարը նոյնպէս կը մտահոգէ դիւանագիտական արտաքին այլ կողմեր: Այդ դիտանկիւնէն պէտք է մեկնաբանել Ֆրանսայի վերջին շրջանի քայլերը այս ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ` Սիկրիտ Քաակի ընդգծումը, թէ անհրաժեշտ է փութացնել նախագահական թղթածրարին լուծումը, անկախաբար եւ առանց սպասելու արտաքին կողմերու կեցուածքներուն:

Իսկ Իտալիոյ դեսպանատունը երէկ շրջաբերականով մը հաղորդեց, որ իր երկրի արտաքին գործոց փոխնախարարը այսօր կ՛այցելէ Պէյրութ, ուր իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին երկրին վարիչներուն հետ պիտի արծարծէ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Կը նախատեսուի, որ խորհրդակցութիւնները ընդգրկեն նաեւ երկրին նախագահական թղթածրարը:

Hearing of Commissioners-designate at the European Parliament

Նմանապէս, այսօր Լիբանան կ՛այցելէ Եւրոպական Միութեան մարդկային օժանդակութեանց եւ տագնապներու կառավարման յանձնակատար Խրիստոս Սթիլիանիտես, որ սուրիացի գաղթականներու գծով համագումարի մը պիտի մասնակցի Պէյրութի մէջ: Այս առիթով ան պիտի տեսակցի վարչապետ Թամմամ Սալամի, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպեսի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Այս առնչութեամբ անհաւանական չի նկատուիր, որ եւրոպացի դիւանագէտը արծարծէ նաեւ նախագահական թափուր աթոռին հարցը:

Նաեւ` Ապահովական Գետնի Վրայ

Սուրիացի գաղթականներու հոսքին եւ անոր քաղաքական, ընկերային եւ ապահովական հետեւանքներուն կողքին, ապօրինի համացանցի հարցը նոյնքան մտահոգիչ հրատապ հարց կը նկատուի, յատկապէս իսրայէլեան «տեղեկատուական» թափանցումներու մասին հրապարակուող բացայայտումներուն լոյսին տակ, ինչ որ լիբանանցի ղեկավարներուն ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ երկրին ապահովական վիճակին բռնկեցման հաւանականութեանց գծով տիրող մտավախութեանց վրայ:

Այս իմաստով, ապահովական իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, բանակը վերջերս յաջողած է քողազերծել մայրաքաղաք Պէյրութի զբօսաշրջական թաղամասերն ու անոր Հարաւային արուարձաններու կարեւոր կեդրոնները ահաբեկչական թիրախներ դարձնելու ՏԱՀԵՇ-ի ծրագիրը: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, ցարդ գաղտնի պահուող տեղեկութիւնները կը նշեն, թէ կասկածելի ձերբակալեաններ խոստովանած են Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ եկեղեցիի մը ականահարման «ծրագիր»-ին մասին, անոր հաւատացեալներով խճողուած մէկ պահուն:

Լիբանանեան գետնի վրայ, սակայն, ճիգերը կը շարունակուին Լիբանանը հեռու պահելու նման ցնցումներու վտանգներէն: Այս ծիրին մէջ,  վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը սերտ ճիգեր կը գործադրեն` իրենց կեցուածքներով թէ քուլիսային հանդիպումներով:

 

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստի Աւարտին. «Ոչինչ Կ՛արգելակէ Երեսփոխանական Ընտրութեանց Կայացումը» Ընդգծեց Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?