Լիբանանեան

Արսլան. «Լիբանանեան Իրադարձութիւնները  Սուրիոյ Վրայ Ազդեցութիւն Չեն Ունենար»

Արսլան. «Մաշնուք Յանդուգն Եւ Անկեղծ Է»

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յանդուգն եւ անկեղծ է` հաստատելով, որ ինք կը յարգէ  անոր անկեղծութիւնն ու համարձակութիւնը, յատկապէս երկիրը պատող այս մշուշոտ կացութեան ընթացքին:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մաղթեց, որ ռամատան ամիսը ըլլայ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու սկիզբ մը: ԻՐԱՆԻ յեղափոխական բանակի նախկին հրամանատար Մուհսեն Ռիտայի շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանէն առեւանգուած իրանցի դիւանագէտները ողջ են: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, կը նախատեսուի, որ հինգշաբթի, 9 յունիս 2016-էն սկսեալ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ռամատանի իֆթարներուն ընթացքին համախմբելու խորագիրը կրող...

Ռամատանի Նախօրեակին .  Բանակը Կը Շարունակէ Կազմաքանդել ՏԱՀԵՇ-ի Բջիջները, Իսկ Հըզպալլա Կը Ռմբակոծէ Ահաբեկիչներուն Դիրքերը

Ռամատանի Նախօրեակին . Բանակը Կը Շարունակէ Կազմաքանդել ՏԱՀԵՇ-ի Բջիջները, Իսկ Հըզպալլա Կը Ռմբակոծէ Ահաբեկիչներուն Դիրքերը

Տար Ֆաթուա երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Լիբանանի համար այսօր ռամատանի առաջին օրն է: Ռամատանի նախօրեակին լիբանանեան բանակը երէկ կէսօրին Մաժտալ Այնճարի մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի բջիջի մը անդամները եւ գրաւեց անոնց մօտ գտնուող գնդացիրները, ականուած գօտիներն ու պայթուցիկ նիւթերը: Բանակի հաղորդագրութեան, համաձայն, զէնք ու զինամթերքը գտնուած են Տարուիշ Իպրահիմ Ապտել Խալեքի բնակարանին մէջ: Ըստ հաղորդագրութեան, Ապտել Խալեք եւ անոր ընկերակցող Հասան Մոհամետ...

Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնները Պաթրունի Մէջ Նշեցին Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Յաղթանակը

Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնները Պաթրունի Մէջ Նշեցին Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Յաղթանակը

Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները շաբաթավերջին Պաթրունի մէջ կազմակերպեցին յաղթանակի փառատօն մը, որուն ընթացքին նշեցին իրենց յաղթանակը: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար  Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենց եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող հաշիւները քաղաքապետական չեն, այլ` ազգային: Պասիլ շեշտեց, որ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը կը հզօրացնէ երկուքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը, ինչպէս նաեւ...

Պըրրի. «Համախոհութիւն Չվայելող Ընտրական Ոչ Մէկ Օրէնք Պիտի Որդեգրուի»

Պըրրի. «Համախոհութիւն Չվայելող Ընտրական Ոչ Մէկ Օրէնք Պիտի Որդեգրուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով կայացած խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու նիստերուն ընթացքին կատարուող քննարկումները իր վրայ ժխտական տպաւորութիւն ձգած են, եւ ինք այդ իմաստով յոռետես է: Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանին մէջ ընթացած աշխատանքները ցոյց կու տան, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ ընտրական նոր օրէնք կ՛ուզէ: Աւելի՛ն. քաղաքական այդ բոլոր ուժերը կը մերժեն նաեւ 2008-ի...

Ռամատանի Առիթով.   «Լիբանան Վտանգի Դիմաց Է Հանրապետութեան Նախագահի Չգոյութեան Պատճառով»  Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Ռամատանի Առիթով. «Լիբանան Վտանգի Դիմաց Է Հանրապետութեան Նախագահի Չգոյութեան Պատճառով» Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ռամատանի առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ նշեց ծոմապահութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով նաեւ աղօթքի եւ նուիրատուութեան անհրաժեշտութիւնը: Տըրիան խստիւ դատապարտեց պատերազմներն ու արիւնահեղութիւնը` հաստատելով, որ սպանութիւնն ու արիւնահեղութիւնը գործուած մեղքեր են, որոնց իբրեւ հետեւանք ժողովուրդներ կը սպաննուին եւ միլիոնաւոր մարդիկ կը գաղթեն իրենց երկրէն: Տըրիան կոչ ուղղեց միջազգային եւ արաբական ընտանիքին, յատկապէս Արաբական լիկային եւ Իսլամական...

Ռայի Պատրիարք. «Պետութիւն Եւ Պետական Հաստատութիւններ Կարելի Չէ Հիմնել Առանց Հանրապետութեան Նախագահի»

Ռայի Պատրիարք. «Պետութիւն Եւ Պետական Հաստատութիւններ Կարելի Չէ Հիմնել Առանց Հանրապետութեան Նախագահի»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզով շեշտեց, որ ընտանիքներու, ընկերութիւններու եւ պետութիւններու միջեւ արձանագրուած տագնապներուն հիմքը Աստուծոյ հետ ոչ հեզասահ յարաբերութեան գոյութիւնն է: Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապը հետեւանք է երկրին սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը ճշգրիտ կերպով չգործադրելուն: Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ երեսփոխաններուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները զիրենք յանձնառու կը դարձնեն` տագնապի կողմնացոյցը ուղղելու դէպի Իսրայէլ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ իր կարծիքով` համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքի մը որդեգրումը եւ Լիբանանը 13 ընտրաշրջաններու բաժնելու որոշումը պահանջուած լուծումն է: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ դժուար է ընտրական նոր օրէնք մը գոյացնել:...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Նամակը` Գերմանիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Նամակը` Գերմանիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամմերթին յղեց հետեւեալ նամակը. Պարոն նախագա՛հ, Իբրեւ Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ եւ խորհրդարանի Լիբանան-Գերմանիա բարեկամութեան խմբակի անդամ` մեծապէս կը գնահատենք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը. քայլ մը, որ 2000-ին առած էր նաեւ Լիբանանի խորհրդարանը: Այսպիսի որոշումներ ճշմարտութեան եւ արդարութեան յաղթանակներ են,...

Եարզէի Մէջ .  Մեկնարկը Կատարուեցաւ Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Տրամադրուած Եւրոպական Օժանդակութեան Ծրագիրի Գործադրութեան

Եարզէի Մէջ . Մեկնարկը Կատարուեցաւ Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Տրամադրուած Եւրոպական Օժանդակութեան Ծրագիրի Գործադրութեան

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ մեկնարկը կատարեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած եւրոպական օժանդակութեան ծրագիրի գործադրութեան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներու, այդ ծրագիրի գործադրութեան պատասխանատու ֆրանսական ընկերութեան ներկայացուցիչ զօր. Ալեն Փելլեկրինի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով սպաներու: Ձեռնարկին ընթացքին զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ Լիբանան կը...

Ասիրի Եւ Բրիտանական Դեսպանատունը Կը Հակադարձեն Մաշնուքի Յայտարարութիւններուն

Ասիրի Եւ Բրիտանական Դեսպանատունը Կը Հակադարձեն Մաշնուքի Յայտարարութիւններուն

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ զարմանք յայտնեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կատարած յայտարարութիւններուն գծով, որոնց շրջագիծին մէջ ան Սէուտական Արաբիան միջամուխ դարձուցած էր լիբանանեան ներքին հարցերուն: Ասիրի հաստատեց, որ Ռիատ բնաւ չի միջամտեր այն հարցերուն, որոնք լիբանանեան գերիշխանութեան կը վերաբերին: Ասիրի նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դերակատարութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ ան կը...

«Լիբանանեան Բանակը Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Որեւէ Յարձակումի Պարագային Պաշտպանութեան Առաջին Գիծն Է»  Շեշտեց Մուքպել

«Լիբանանեան Բանակը Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Որեւէ Յարձակումի Պարագային Պաշտպանութեան Առաջին Գիծն Է» Շեշտեց Մուքպել

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պահեստի ուժերու հարցերով փոխնախարար Ճուլիըն Պրէյզիըրը, որուն ընկերակցեցան բրիտանացի այլ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր: Հանդիպումին ընթացքին Մուքպել շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին դէմ ահաբեկչական որեւէ յարձակումի պարագային պաշտպանութեան առաջին գիծն է: «Հետեւաբար ան իսկական օժանդակութեան կարիք ունի», ըսաւ Մուքպել` շեշտելով այդ օժանդակութիւնը մնայուն...

«Ժաննէի Ջրամբարի Ծրագիրը Լիբանանի Համար Տարեկան Դրութեամբ 180 Միլիոն Տոլարի Ծախս Կրնայ Խնայել»   Շեշտեց Ա. Նազարեան

«Ժաննէի Ջրամբարի Ծրագիրը Լիբանանի Համար Տարեկան Դրութեամբ 180 Միլիոն Տոլարի Ծախս Կրնայ Խնայել» Շեշտեց Ա. Նազարեան

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկրին ստորերկրեայ ջրային հարստութիւնը չարաչար օգտագործուած է` աւելցնելով, որ ջրամբարներուն եւ լիճերուն բացակայութիւնը զիրենք մղած է կառուցելու նոր ջրամբարներ: Ա. Նազարեան անդրադարձաւ Ժաննէի ջրամբարի ծրագիրին ապահովելիք բարիքներուն` ընդգծելով, որ ուժանիւթի նախարարութիւնը կը գործէ «Ջուրը իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքն է եւ ամբողջ երկրին հարստութիւնը» կարգախօսին հիման վրայ: «Ժաննէի...

Ռայի Պատրիարքը Ռիֆիի Հետ Քննարկեց Թրիփոլիի Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Արդիւնքը

Ռայի Պատրիարքը Ռիֆիի Հետ Քննարկեց Թրիփոլիի Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Արդիւնքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Թրիփոլիի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին ինք առաջարկած է Թրիփոլիի քրիստոնեայ եւ ալեւի ներկայացուցիչներուն անունները զետեղել իր զօրակցութիւնը վայելող ընտրացանկին վրայ, «սակայն անոնք մեծամտութեամբ մերժեցին այդ առաջարկը` ցուցաբերելով արդէն իսկ յաղթանակ արձանագրածի վարուելակերպ», ըսաւ ան: Ռիֆի կոչ ուղղեց հակառակորդ քաղաքական ուժերուն իրենց ոտքերը վերստին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն հրապարակուած միացեալ նպատակներու յայտարարութեան Ա. տարեդարձին առիթով շնորհաւորեց քրիստոնեաները` անոնց մաղթելով յաւելեալ միասնականութիւն, իսկ պատմութիւնը կերտողներուն` յաւելեալ նուաճումներ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ ռամատանը պիտի սկսի կիրակի, 5 յունիս 2016-ի մայրամուտին: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր բնակարանին մէջ ընդունեց...

Այցելութիւն Զօր. Աունի

Այցելութիւն Զօր. Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը,  բաղկացած` ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէէ եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանէ, այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար զօր. Միշել Աունի: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ եղաւ արժեւորելու քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած ժողովրդավարական մթնոլորտը, քննարկելու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկային անպայմանօրէն կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները: Անդրադարձ կատարուեցաւ երկխօսութեան խորհուրդի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի...

Կառավարութիւնը  Խեղդուեցաւ Ժաննէի Ջրամբարին Մէջ

Կառավարութիւնը Խեղդուեցաւ Ժաննէի Ջրամբարին Մէջ

Վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահութեամբ երէկ կէսօրէ ետք կառավարութիւնը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Ժաննէի ջրամբարին թղթածրարը: Նիստէն ետք ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ նիստին սկիզբը վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ ան դրուատեց քաղաքապետական ժողովրդավարական ընտրութիւններու կայացումը, որ կատարեալ յաջողութեամբ կազմակերպուեցաւ եւ կատարուեցաւ, ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան ծիրին մէջ: Տըրպաս յայտնեց նաեւ, որ...

Պըրրի 23 Յունիսը Նշանակեց Նախագահական Ընտրութեան Յաջորդ Նիստի Թուական

Պըրրի 23 Յունիսը Նշանակեց Նախագահական Ընտրութեան Յաջորդ Նիստի Թուական

Խորհրդարանը երէկ 40-րդ անգամ ըլլալով ձախողեցաւ հանրապետութեան նախագահ ընտրել` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի 23 յունիսը նշանակեց իբրեւ նախագահական ընտրութեան յաջորդ թուական: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Զայէտ շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն...

Վարչապետարանին Մէջ.  Լիբանանեան Ճարտարարուեստի Ազգային Օրուան Պաշտօնական Նշում

Վարչապետարանին Մէջ. Լիբանանեան Ճարտարարուեստի Ազգային Օրուան Պաշտօնական Նշում

Վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին նշուեցաւ Լիբանանեան ճարտարարուեստի ազգային օրը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Հաժ Հասան իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան իր առեւտրական յարաբերութիւնները ոչ մէկ երկրի կամ պետութեան հետ կը փափաքի խզել: «Մենք տարբեր պետութիւններէ...

Բանակը Աքքարի Մէջ Գործադրեց Զինուորական Որակական Գործողութիւն Մը

Բանակը Աքքարի Մէջ Գործադրեց Զինուորական Որակական Գործողութիւն Մը

  Աքքարի Խըրպեթ Տաուտ շրջանին մէջ երէկ առաւօտեան գործադրուած զինուորական որակական գործողութեան մը ընթացքին, բանակը ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի երեք անդամներ, իսկ զինեալ բախումներուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի այլ անդամ մը` Խալետ Սաատէտտին սպաննուեցաւ: Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական այս բջիջը պատասխանատու է երեք բանակայիններու եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքէն աւագ աժիւտանի մը  սպանութեան: Աւելի ուշ բանակը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ Աքքարի մէջ բացայայտած...

Page 831 of 986 1 … 830 831 832 … 986

Արխիւներ