
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսմանց նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ շրջեցաւ պրէօվէի պետական քննութեանց կեդրոնները եւ մօտէն հետեւեցաւ միջնակարգի աշակերտներու քննութեան ներկայացման մթնոլորտին:
Ան հանգստացուց աշակերտները, թէ հարցումները դժուարացնելէ աւելի նախարարութիւնը կը ձգտի արգիլել քննութեանց ընթացքին խարդախութիւնները:


