Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսօր Կը Գումարէ Իր Ընթացիկ Նիստը, Իսկ Խորհրդարանը Շարունակեց Քննարկել Ընտրական Խառն Օրինագիծը

Յունիս 2, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

endragan_orinakidz_60116

Մինչ կառավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն քննարկելիք օրակարգին առաջին կէտը պիտի ըլլայ խնդրայարոյց Ժաննէի ջրամբարին թղթածրարը, երէկ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը` ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, արտաքին հարցերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու, պաշտպանութեան, ներքին եւ քաղաքապետական հարցերու, տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու յանձնախումբերը գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին անոնք շարունակեցին քննարկել ընտրական խառն օրինագիծը:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի նախագահեց նիստին, որուն աւարտին յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերը քննարկած են համամասնական եւ մեծամասնական օրինագիծը եւ Լիբանանը, յատկապէս Լեռնալիբանանը զանազան ընտրաշրջաններու բաժնելու կարելիութիւնները:

Մքարի ընդգծեց, որ եթէ կարելի ըլլայ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին լուծել ընտրաշրջաններու բաժանումի հարցը, ապա կարելի կ՛ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգիլ:

Մքարի յայտնեց, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն յաջորդ նիստը պիտի գումարուի երեքշաբթի, 7 յունիս 2016-ին:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններէն ետք եւ քաղաքական որոշ ուժերու համար անախորժ թուող կարգ մը արդիւնքներու պատճառով, արդէն իսկ գաղտնաբար սկսած են քննարկուիլ  խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երրորդ անգամուան համար երկարաձգելու կարելիութիւններն ու «բեմագրութիւնները»:

Մուսթաքպալ պլոքի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ նիստէն ետք ըսաւ. «Այնքան ատեն որ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնք գոյութիւն ունի, ապա համամասնական ընտրական օրէնքը իր ամբողջական ձեւին մէջ կարելի պիտի չըլլայ ընդունիլ»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններու համախոհական նոր օրէնքի մը յանգիլ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ 1960-ի հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել կը նշանակէ լռելեայն երկարաձգում կատարել ներկայ խորհրդարանին:

Նախորդը

Պըրրի. «Արձանագրուած Տեղքայլին Փոխարէն Աւելի Լաւ Է Վերադառնալ Միքաթիի Կառավարութեան Ընտրական Օրէնքին»

Յաջորդը

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Ներկայ Գտնուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող Հայկական Զօրամասին Հերթափոխութեան

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?