Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանան Հանրապետութեան  Նախագահ Պիտի Չունենայ, Նախքան  Իրանեան-Սէուտական Համաձայնութենը»

Սալամ. «Լիբանան Հանրապետութեան Նախագահ Պիտի Չունենայ, Նախքան Իրանեան-Սէուտական Համաձայնութենը»

Վարչապետ Թամմամ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կան արտաքին ուժեր, որոնք կ՛արգիլեն լիբանանցիները նախագահական ընտրութիւն կատարելէ, եւ իբրեւ այդպիսին Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը անկարելի պիտի դառնայ, առանց ապագայ նախագահին անձին շուրջ շրջանային եւ միջազգային համաձայնութեան եւ ստացուելիք կանաչ լոյսին: «Լիբանանի բոլոր նախագահները ընտրուած են միջազգային համաձայնութեան եւ կամքի իբրեւ արդիւնք: Հետեւաբար, Լիբանան Հանրապետութեան նախագահ պիտի չունենայ նախքան իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը»,...

Մուքպել. «Լիբանանը Կը Մնայ  Համերաշխութեան Օրինակելի Տիպար»

Մուքպել. «Լիբանանը Կը Մնայ Համերաշխութեան Օրինակելի Տիպար»

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Միշել Քամերոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զինուորական առումով: Հանդիպումէն ետք Քամերոն շեշտեց, որ Քանատա կը զօրակցի ԼԻբանանի ապահովական կայունութեան, աւելցնելով, որ Լիբանանի կայունութիւնը կը ծառայէ ոչ միայն լիբանանցիներուն, այլ` ամբողջ աշխարհին շահերուն: Քամերոն շեշտեց, որ ահաբեկչութեան եւ բռնարարքներուն դէմ...

Պաշիր Խտըր Եւ Լազարինի  Այցելեցին Քաա Գիւղաքաղաք

Պաշիր Խտըր Եւ Լազարինի Այցելեցին Քաա Գիւղաքաղաք

Պաալպէք-Հերմէլի նահանգապետ Պաշիր Խտըր, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի աշխատանքները համադրող պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինիի երէկ այցելեց Քաա գիւղաքաղաքը, շրջելով կատարուած անձնասպանական գործողութիւններու վայրերուն մէջ: Ապա Խտըր եւ Լազարինի ուղղուեցան քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցան Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթարին եւ Պաալպէք-Հերմէլի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոսին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Քաայի մէջ արձանագրուած պայթումներուն եւ անոնց պատճառած մարդկային...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ  Դուրս Գալը Չի Նշանակեր, Որ Ան Լիբանանին Զօրակցութիւնը Կասեցուցած Է»  Ըսաւ Շորթըր

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ Դուրս Գալը Չի Նշանակեր, Որ Ան Լիբանանին Զօրակցութիւնը Կասեցուցած Է» Ըսաւ Շորթըր

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Շորթըր հաստատեց, որ շրջանին մէջ չկայ Լիբանանէն բացի այլ պետութիւն մը, որ կը մարմնաւորէ բազմազանութիւնը եւ ուրիշը յարգելու ու զայն ընդունելու յատկանիշները: Շորթըր յայտնեց, որ Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալը էական փոփոխութիւն է, սակայն...

Ըստ «Տիար»-ի.  ՏԱՀԵՇ Ահաբեկչական Իր Բջիջները  Կը Կազմաւորէ Այն Հելուէի Մէջ

Ըստ «Տիար»-ի. ՏԱՀԵՇ Ահաբեկչական Իր Բջիջները Կը Կազմաւորէ Այն Հելուէի Մէջ

«Տիար» օրաթերթին համաձայն, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական իր բջիջները կը կազմաւորէ Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Քաայի, Արսալի ու Ռաս Պաալպէքի մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւնները դիտմամբ կը կատարուին` լիբանանցիներուն, լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն ու բանակին ուշադրութիւնը շեղելու բուն թիրախէն: «Այն Հելուէի մէջ տիրող աղքատութիւնը պատճառ դարձած է, որ հաւատադրժողական խմբակները բոյն դնեն գաղթակայանին մէջ եւ աշխատին պայթեցնել գաղթակայանը` հասնելով Հըզպալլայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ սովորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու եւ համացանցի մարզերուն 2015-ի ապահոված շահերը 16 առ հարիւրի համեմատութեամբ աւելի բարձր են, քան 2014-ը: Միւս կողմէ, Հարպ շեշտեց, որ իրանեան վեթոն որդեգրող լիբանանեան քաղաքական կողմը պատասխանատու է նախագահական ընտրութիւններուն ձախողեցումին: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը ողբերգական չէ, աւելցնելով, որ այդ տագնապին լուծման լաւագոյն ձեւը...

Կառավարութիւնը Գումարեց Երկրին Ելեւմտական  Իրավիճակը Քննարկելու Արտակարգ Նիստ Մը

Կառավարութիւնը Գումարեց Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակը Քննարկելու Արտակարգ Նիստ Մը

Նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, կառավարութիւնը երէկ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ելեւմտական իրավիճակը: Երեք ժամ տեւած նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստը պիտի յատկացուի լսելու ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի կողմէ ելեւմտական կացութեան մասին ներկայացումին: Ժրէյժ նշեց, որ Հասան Խալիլ մանրամասնութեամբ ներկայացուց Լիբանանի պարզած ելեւմտական իրավիճակը, նշելով, որ զբօսաշրջութեան, օտար ներդրումներու եւ այլ մարզերու...

Էյրօ Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանեան Քաղաքական  Բոլոր Ուժերուն Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնը  Եւ Լուծելու Երկրին Դիմագրաւած Քաղաքական Տագնապը

Էյրօ Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանեան Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնը Եւ Լուծելու Երկրին Դիմագրաւած Քաղաքական Տագնապը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ երէկ աւարտեց Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ: Երեկոյեան ժամը 9:30-ին ան Լիբանանէն մեկնեցաւ Ֆրանսա: Միւս կողմէ, Էյրօ երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամին հետ: Հանդիպումէն ետք Էյրօ յայտնեց, որ Ֆրանսայի համար Լիբանան էր եւ կը մնայ առաջնահերթութիւն մը: «Լիբանանի դիմագրաւած...

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ  Նախագահական Ընտրութեան Այլ Նիստ Մը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ Նախագահական Ընտրութեան Այլ Նիստ Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի  այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի նախագահէ խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն նիստին, որուն ընթացքին պիտի սերտուին ընտրական նոր օրինագիծերը: Իսկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Պըրրի պիտի նախագահէ նախագահական ընտրութեան այլ նիստի մը: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Արիտի շեշտեց, որ...

Զօր. Քահուաժի. «Ահաբեկչութիւնը  Շրջանին Սպառնացող Հիմնական Վտանգն Է»

Զօր. Քահուաժի. «Ահաբեկչութիւնը Շրջանին Սպառնացող Հիմնական Վտանգն Է»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Լիբանանի մէջ կայացող ապահովութեան յատուկ Զ. խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է իր փորձառութիւններն ու կարողութիւնները բաժնելու արաբական երկիրներուն եւ արեւելեան աշխարհին հետ: «Ցաւալի է, որ 5 տարի ետք Արաբական աշխարհը կը շարունակէ արիւնիլ, քանդուիլ եւ իր բնակչութենէն պարպուիլ: Խոցելի է իրավիճակը, իսկ տեսարանը` մշուշապատ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երկիրներու եւ...

Շաբաթական Հերթական Նիստի Աւարտին.  Քանաան. «Պըրրիի Վերջին Քայլը Նախաքայլ Մըն Է Ընտրական Օրէնքի Թղթածրարի Լուծման»

Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանող Ազգային Լուծումի Մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կ՛արձանագրուին շարք մը արտաքին այցելութիւններ, որոնց շարքին է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի այցելութիւնը: «Այս շրջագիծին մէջ մեզի համար կարեւոր է հաստատել, որ իբրեւ լիբանանցիներ համոզուած ենք, որ մենք պէտք է ստանձնենք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ կառավարութեան պարտականութիւնը միայն որոշումներ տալ չէ, այլ այդ որոշումներուն գործադրութեան հսկել: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ ոչ մէկ լուծման առաջարկ ունի: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ օգոստոսին գումարուելիք ազգային երկխօսութեան եռօրեայ նիստը յաջողեցնելու առումով բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ կը...

Էյրօ Այցելեց Նաքուրա Եւ Ընդունեց  Զօր. Աունը, Ֆրենժիէն Ու Հարիրին

Էյրօ Այցելեց Նաքուրա Եւ Ընդունեց Զօր. Աունը, Ֆրենժիէն Ու Հարիրին

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ երէկ կէսօրին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Ան Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղաթիռով մը ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան, ուր այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասը: Նաքուրայի մէջ Էյրօ հանդիպումներ ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի բարձրաստիճան զինուորականներուն հետ: Ապա ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու փոխհրամանատար Օմրան Ռիզա բացատրեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մասին, յատկապէս Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի...

Մուքպել Բարձր Գնահատեց  Զօր. Քահուաժիի Իմաստուն Քայլերը

Մուքպել Բարձր Գնահատեց Զօր. Քահուաժիի Իմաստուն Քայլերը

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Քամիլ Տահեր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը: Զօր. Քահուաժի պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուց Արսալի բարձունքներէն մինչեւ Ռաս Պաալպէքի բարձունքները`...

Սալամ Կոչ Ուղղեց Սուրիացի  Գաղթականներուն  Հարցով` Քաղաքական Ներդրումներու  Թակարդներուն Մէջ Չիյնալու

Սալամ Կոչ Ուղղեց Սուրիացի Գաղթականներուն Հարցով` Քաղաքական Ներդրումներու Թակարդներուն Մէջ Չիյնալու

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընկերային հարցերու նախարարութեան կազմակերպած Վտանգներու եւ աղբիւրներու քարտէսներ ծրագիրին, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնել, ինչ կը վերաբերի սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու: Ան կոչ ուղղեց սուրիացի գաղթականներուն հարցով` քաղաքական ներդրումներու թակարդներուն մէջ չիյնալու, նկատի ունենալով, որ այդ թղթածրարը զգայուն է` ոչ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ շրջանին եւ աշխարհին համար:...

Լիբանան Ռուսիայէն Պահանջած Է  «Քորնեթ» Հրթիռներ Եւ «Թի.-72» Հրասայլեր

Լիբանան Ռուսիայէն Պահանջած Է «Քորնեթ» Հրթիռներ Եւ «Թի.-72» Հրասայլեր

Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Ապու Նասսար շեշտեց, որ Լիբանան շահագրգռուած է Ռուսիայէն զէնք ներածելով` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու: «Այս առումով Լիբանան Ռուսիայէն պահանջած է «Քորնեթ» տիպի հրթիռներ եւ «Թի.-72» մակնիշի հրասայլեր», ըսաւ Ապու Նասսար: Ան դիտել տուաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով շատ կարեւոր է, որ լիբանանեան բանակը զինուի նման զէնքերով: Ապու Նասսար ընդգծեց, որ լիբանանեան կողմը ռուս պատասխանատուներուն հետ...

64 Տարիքը Ամբողջացուցած Քաղաքացիներուն  Բուժման Ծախսերու  Ամբողջական Ապահովագրութիւն

64 Տարիքը Ամբողջացուցած Քաղաքացիներուն Բուժման Ծախսերու Ամբողջական Ապահովագրութիւն

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ յայտարարեց նախարարութեան նոր ծրագիրը` 64 տարիքը ամբողջացուցած բոլոր քաղաքացիներուն բուժման ծախսերու ամբողջական ապահովագրութիւնը, անձնական թէ կառավարական բոլոր հիւանդանոցներուն պարագային: Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ այս ծրագիրը առաջարկուած է Թայմուր Ժոմպլաթի կողմէ, աւելցնելով, որ այդ դրութիւնը որդեգրելով նախարարութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի տուժէ, այլ այդ գումարները պիտի կարենայ ապահովել այլ միջոցներով: «Այս ծրագիրով Թայմուր Ուալիտ Քամալ...

«Նախագահական Ընտրութեան Տագնապը  Սէուտական Արաբիան Կրնայ Լուծել  Եւ Ոչ Թէ Օտար Այցելուները»  Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

«Նախագահական Ընտրութեան Տագնապը Սէուտական Արաբիան Կրնայ Լուծել Եւ Ոչ Թէ Օտար Այցելուները» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական բոլոր պատասխանատուները կը փափաքին նախագահական ընտրութիւն կատարել, որպէսզի երկրին կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակը բարելաւուի եւ պետական հաստատութիւնները իրենց բնականոն աշխատանքները կատարեն` հունաւորելով լիբանանցիներուն կեանքը, ինչպէս նաեւ երկրին ու քաղաքացիներուն շահերը: Շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ լիբանանցիները դժուարութիւն կ՛ունենան նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որովհետեւ իւրաքանչիւր օտար երկիր ունի իր թեկնածուն եւ վեթոյի...

«Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Բանակէն  Բացի Ոեւէ Մէկուն Ներկայութիւնը  Բռնագրաւում Կը Նկատուի»  Շեշտեց Պասել Հուժէյրի

«Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Բանակէն Բացի Ոեւէ Մէկուն Ներկայութիւնը Բռնագրաւում Կը Նկատուի» Շեշտեց Պասել Հուժէյրի

Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի յայտնեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ բանակէն բացի ոեւէ մէկուն ներկայութիւնը բռնագրաւում կը նկատուի: Մենք Հըզպալլայի կամ որեւէ այլ զինեալի հետ բախումի դիրքին վրայ չենք, սակայն կը մաղթենք, որ բոլորը հեռանան մեր հողերէն, որպէսզի կարենանք մեր պարտէզներուն մէջ աշխատիլ: Հուժէյրի ընդգծեց, որ Արսալ պատերազմի դաշտ չէ եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդել Սուրիոյ վրայ: Ան կոչ ուղղեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ հարցը այն է, թէ  խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները քաղաքական այլ ուժերուն չեն ներկայացուած, որպէսզի կառավարութիւնը եւ քարիւղի յատուկ նախարարական յանձնախումբը նիստ մը գումարէ: ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ ապահովական շարք մը հարցեր դարձած են ժխտական ազդակ` զբօսաշրջութեան մարզին համար: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ...

Page 821 of 986 1 … 820 821 822 … 986

Արխիւներ