Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Գումարեց Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակը Քննարկելու Արտակարգ Նիստ Մը

Յուլիս 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

MinisterialCouncil_71216

Նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, կառավարութիւնը երէկ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ելեւմտական իրավիճակը:

Երեք ժամ տեւած նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստը պիտի յատկացուի լսելու ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի կողմէ ելեւմտական կացութեան մասին ներկայացումին:

Ժրէյժ նշեց, որ Հասան Խալիլ մանրամասնութեամբ ներկայացուց Լիբանանի պարզած ելեւմտական իրավիճակը, նշելով, որ զբօսաշրջութեան, օտար ներդրումներու եւ այլ մարզերու մէջ լուրջ նահանջ արձանագրուած է, աւելցնելով, որ երկրին մէջ անգործութեան համեմատութիւնը բարձրացած է:

«Հասան Խալիլ յայտնեց նաեւ, որ ելեւմտական կացութիւնը խոցելի դարձնող հիմնական կէտը նաեւ 11 տարիէ ի վեր պետական պիւտճէի ծրագիրի չգոյութիւնն է: Ան ներկայացուց արձանագրուած նահանջին համեմատութիւնը, երկրին պետական գանձարկղի նիւթական բացին թիւերը, ինչպէս նաեւ շարք մը առաջարկներ, որոնցմէ` քաղաքական կայունութիւնը, սկսեալ նախագահական ընտրութենէն հասնելով մինչեւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխուժացման, բարելաւելու համար պետութեան ելեւմտական իրավիճակը: Ան լուսարձակի տակ առաւ, որ պետական ամավարկի վաւերացումը կարեւոր է, սահմանադրութեան համաձայն: Ան շեշտեց նաեւ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու կարեւորութիւնը», ըսաւ Ժրէյժ:

Տեղեկատուութեան նախարարը նշեց, որ կառավարութիւնը ելեւմուտքի վերաբերեալ իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ երեքշաբթի, 18 յուլիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Ժրէյժի յայտարարութիւններէն ետք, վարչապետարանին մէջ կատարուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հասան Խալիլ շեշտեց, որ ելեւմտական տագնապին լուծումը կը սկսի երկրին պետական ամավարկը վաւերացնելու ընդմէջէն:

ՄԻՒՍ կողմէ, Հասան Խալիլ երեկոյեան կատարեց այլ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստը շահագործած է արդարացնելու համար իր ապօրինի աքթերը:

«Ելեւմուտքի նախարարութիւնը իր կատարած թափանցիկ աշխատանքին համար ոչ ոքի վկայութեան կը կարօտի, յատկապէս անոր, որ յանցագործ կը նկատուի: Մենք լուռ պիտի չմնանք եւ լիբանանեան հանրային կարծիքը մնայուն կերպով պիտի յիշէ այն 11 միլիառը, որ իւրացուեցաւ իր իսկ ճակտին քրտինքէն: Մենք մարտահրաւէր կը կարդանք Սինիորային կանգնելու դատական իշխանութիւններուն դիմաց, որպէսզի զայն հետապնդենք փտածութեան յանցանքով», հաստատեց ան:

Նախորդը

Էյրօ Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանեան Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնը Եւ Լուծելու Երկրին Դիմագրաւած Քաղաքական Տագնապը

Յաջորդը

Վրաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Երկրաշարժը Զգացուած Է Նաեւ Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց  Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու  Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը

Նոյեմբեր 7, 2025
Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Լիբանանցիներուն  Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ.  «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու  Մեր Օրինական Իրաւունքը»  Կ՛ըսէ Հըզպալլա
Գլխաւոր լուրեր

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Լիբանանցիներուն Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ. «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու Մեր Օրինական Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Հըզպալլա

Նոյեմբեր 7, 2025
Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան  Յարձակումներու Մագլցում
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Յարձակումներու Մագլցում

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?