ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ սովորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու եւ համացանցի մարզերուն 2015-ի ապահոված շահերը 16 առ հարիւրի համեմատութեամբ աւելի բարձր են, քան 2014-ը: Միւս կողմէ, Հարպ շեշտեց, որ իրանեան վեթոն որդեգրող լիբանանեան քաղաքական կողմը պատասխանատու է նախագահական ընտրութիւններուն ձախողեցումին:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը ողբերգական չէ, աւելցնելով, որ այդ տագնապին լուծման լաւագոյն ձեւը պետական ամավարկի ճշդումն է:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ քարիւղի մարզէն ապահովուելիք եկամուտը կարելի չէ միայն տրամադրել Լիբանանի դիմագրաւած նիւթական ներկայ տագնապին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանեան ընկերութիւնը կը տառապի բաժանումէ եւ տարակարծութիւններէ, որոնք քաղաքական եւ յարանուանական ենթահող ունին:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ իրենք իբրեւ քրիստոնեաներ այս ժամանակաշրջանին ընթացքին կը գտնուին գոյութենական մարտահրաւէրի դիմաց:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան անիծեց երկրին վարչակարգը, հաստատելով, որ անիկա ինքզինք չի կրնար կառավարել, առանց արտաքին օժանդակութեան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ նախագահական ընտրութեան հարցին նոր լուծում մը չէ կրցած ապահովել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն վերածուած է Լիբանանի մէջ գործող իրանցի անձնաւորութեան մը, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու ոչ մէկ յոյս ունի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն 1960-ի ընտրական օրէնքը, ինչպէս նաեւ համաձայն չեն լրիւ համամասնականութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին, որ կը վայելէ Հըզպալլայի համաձայնութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին` փրկարարի դերակատարութիւն ստանձնելու եւ դառնալու քաղաքական պատրիարքը, որ պիտի կարենայ ապահովել նախագահական ընտրութեան կայացումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ոչ մէկ փափաք կամ շահ ունի բանավէճ մը յառաջացնելու կամ ոեւէ անհատ վիրաւորելու` ելեւմտական թղթածրարին իմաստով:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի շեշտեց, որ Դիմադրութեան եւ ապահովական կառոյցին միջեւ գործակցութիւնը կ՛ամրապնդէ երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն մնալու համախոհական եւ յանձնառու ըլլալու երկրին արդար դատերը պաշտպանելու առաքելութեան:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ լիբանանցիները անյապաղ պէտք է համաձայնութիւն մը գոյացնեն նախագահական ընտրութեան թեկնածուի մը շուրջ եւ զայն ընտրեն հանրապետութեան նախագահ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ ընդգծեց, որ երկրին քաղաքական տագնապը յառաջացնող քաղաքական գլխաւոր կողմը Հըզպալլան է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ պատասխանատուին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը Լիբանանի ապահովական կայունութեան սիւներն են:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ երեսփոխաններէ, կը գրէ, թէ երկրին մէջ տիրող քաղաքական սառած իրավիճակին պատասխանատուն Մուսթաքպալ հոսանքը նկատելը անարդար է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի Լիբանան կատարած այցելութիւնը կը փաստէ, թէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ուղղակիօրէն առնչուած է Սուրիոյ տագնապին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ արդէն իսկ համաձայնած են, թէ ինչպէս պիտի ներկայանան յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ ելեւմտական տագնապի մը մասին չէ խօսած, այլ հաստատած է, որ առանց քաղաքական կայունութեան կարելի չէ ելեւմտական կայունութիւն հաստատել:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով:


