Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էյրօ Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանեան Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնը Եւ Լուծելու Երկրին Դիմագրաւած Քաղաքական Տագնապը

Յուլիս 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ երէկ աւարտեց Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ:

Երեկոյեան ժամը 9:30-ին ան Լիբանանէն մեկնեցաւ Ֆրանսա:

salam_ayrault_71216

Միւս կողմէ, Էյրօ երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամին հետ:

Հանդիպումէն ետք Էյրօ յայտնեց, որ Ֆրանսայի համար Լիբանան էր եւ կը մնայ առաջնահերթութիւն մը: «Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական բարդ տագնապին պէտք է անմիջական լուծում մը գտնել` երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները կարենալ դիմագրաւելու համար», ըսաւ Էյրօ:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները եւ ներքին լիբանանեան երկխօսութեան շրջագիծին մէջ լուծելու քաղաքական տագնապը:

berri_ayrault_71216

Էյրօ այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Էյրօ յայտնեց, որ Փարիզ կը յարգէ Պըրրիի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը, յատկապէս Ազգային երկխօսութեան նիստը հովանաւորելու առումով:

«Պըրրիի ստանձնած ազգային դերակատարութիւնը շատ անհրաժեշտ է Լիբանանին համար, որովհետեւ ան իր հայրենասիրութեան ընդմէջէն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծելու երկրին հարցերն ու տագնապները` փորձելով հասնիլ նախագահական ընտրութեան, կառավարութեան եւ խորհրդարանի աշխատանքներուն աշխուժացման` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը: Մենք գիտենք, որ այդ մէկը դժուար է, սակայն անհրաժեշտ», ըսաւ Էյրօ:

Ան աւելցուց, որ Լիբանան համայնքային բազմազանութեան գեղեցիկ օրինակ մըն է եւ անոր զաւակները արժանի են ապրելու լաւ պայմաններու մէջ: «Հետեւաբար երկխօսութեան եւ համախոհութիւն գոյացնելու ճամբան լաւագոյնը կը նկատուի այս իմաստով», շեշտեց Էյրօ:

rayi_ayrault_71216

Պքերքէի մէջ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց Էյրոն, որ շեշտեց, թէ Լիբանան քրիստոնեայ լիբանանցիներուն համար պատգամ է, համերաշխութեան պատգամ, որուն ընդմէջէն հարկ է պահպանել համայնքներուն իրաւունքները եւ երաշխաւորել փոխադարձ յարգանքը:

«Լիբանան այդ օրինակելի տիպարն է, որ մեզ կը մղէ յարգելու բազմազանութեան, ազգային գոյակցութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան արժէքները, պայմանաւ որ կարելի ըլլայ լուծել երկրին քաղաքական տագնապը», ըսաւ ան:

Էյրօ հաստատեց, որ Ֆրանսա լիբանանցիներուն որոշումներ չի պարտադրեր, այլ կը փափաքի, որ լիբանանցիները լուծեն իրենց հարցերը:

Էյրօ հաստատեց սուրիացի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը, շեշտելով, որ Լիբանանը պէտք է պահպանել սուրիական պատերազմին հետեւանքներէն:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել, առանց կախեալ ըլլալու Սուրիոյ իրադարձութիւններէն:

Mins-Basil-Ayrault_71216

Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Էյրօ ուղղուեցաւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Էյրօ ըսաւ. «Կը յուսանք, որ Լիբանան անցեալին պատկանող գեղեցիկ յիշատակ մը չդառնայ»:

Էյրօ ընդգծեց, որ Ֆրանսա աւելի քան երբեք Լիբանանին նեցուկ կը կանգնի, շեշտելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը սպառնան նաեւ Ֆրանսային, յատկապէս ահաբեկչութեան առումով:

Ան շեշտեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ աջակցելու կարեւորութիւնը, հաստատելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած սուրիացի գաղթականներուն հարցը օրըստօրէ կը բարդանայ:

Ան հաստատեց, որ Փարիզի կողմէ երկու հարիւր միլիոն եւրօ պիտի տրամադրուի կառուցելու համար գաղթականներուն հարցերով զբաղող կեդրոն մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ այդ գաղթականները վերադարձնել իրենց բնակարանները:

Էյրօ իր յայտարարութիւնները եզրափակեց շեշտելով, որ Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւնները իրենց համար առաջնահերթութիւններ են եւ պէտք է պահպանել զանոնք` երկիրը դուրս բերելով իր սահմանադրական տագնապէն:

Իր կարգին, Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գաղթականները բնակեցնելու որեւէ ծրագիր սահմանադրական առումով արգիլուած է:

Ան կոչ ուղղեց շրջանին մէջ ամբողջական եւ արդար խաղաղութեան, հաստատելով պաղեստինցի եւ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը:

Պասիլ նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին միակ ատակ լուծումը քաղաքական լուծումն է:

Ահաբեկչութեան անդրադառնալով Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը, Լիբանանը եւ լիբանանցիները ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի իմաստով առաջնագիծի վրայ կը գտնուին:

Samir-Geagea-herault-photo-aldo-ayoub-16

Նշենք, որ Էյրօ ֆրանսական դեսպանատան մէջ նախանցեալ երեկոյեան սարքեց ընթրիք մը, որուն հրաւիրուեցան լիբանանեան քաղաքական ուժերու գրեթէ բոլոր պատասխանատուները:

 

Նախորդը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ Նախագահական Ընտրութեան Այլ Նիստ Մը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակը Քննարկելու Արտակարգ Նիստ Մը

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?