Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի յայտնեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ բանակէն բացի ոեւէ մէկուն ներկայութիւնը բռնագրաւում կը նկատուի:
Մենք Հըզպալլայի կամ որեւէ այլ զինեալի հետ բախումի դիրքին վրայ չենք, սակայն կը մաղթենք, որ բոլորը հեռանան մեր հողերէն, որպէսզի կարենանք մեր պարտէզներուն մէջ աշխատիլ:
Հուժէյրի ընդգծեց, որ Արսալ պատերազմի դաշտ չէ եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդել Սուրիոյ վրայ:
Ան կոչ ուղղեց բանակին շարունակելու անցեալ ամիսներուն Արսալի մէջ իր սկսած արշաւը, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանը դատարկել ահաբեկչական խմբաւորումներէ:
«Ներկայիս զինուորական ներկայութիւնը Արսալի մէջ շատ տկար է եւ թոյլ, հետեւաբար բանակը պէտք է յարձակում մը գործէ եւ մաքրագործէ ահաբեկիչները, նախքան անոնց վերահզօրացումը: Զինեալները իրենց այս վիճակով բանակին վտանգ չեն սպառնար, սակայն կրնան յարձակիլ անզէն քաղաքացիներու վրայ», ըսաւ ան:
Հուժէյրի յայտնեց, որ իրենք բաւարարուած են Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքներէն: