Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ հարցը այն է, թէ  խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները քաղաքական այլ ուժերուն չեն ներկայացուած, որպէսզի կառավարութիւնը եւ քարիւղի յատուկ նախարարական յանձնախումբը նիստ մը գումարէ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ ապահովական շարք մը հարցեր դարձած են ժխտական ազդակ` զբօսաշրջութեան մարզին համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտ երէկ հասաւ Լիբանան:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա պատասխանատու է Թաէֆի համաձայնագիրին չգործադրուելուն:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի ընդգծեց Պաապտայի յայտարարութիւնը վերաշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը` կարենալ պահպանելու համար ներքին լիբանանեան կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ լուծելու լիբանանեան քաղաքական տագնապալի իրավիճակը: Ան նշեց, որ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի պահանջէ գաղթականներու հատուցման սնտուկին համար յաւելեալ գումարներ յատկացնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա ընդգծեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ լիբանանեան տագնապին ոչ մէկ լուծում կամ լուծման յատուկ ընթացագիծ ունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ խստիւ դատապարտեց Քուրայի մէջ երեք երիտասարդներու կողմէ անչափահաս պատանի Իպթիսամ Պ.-ի բռնաբարումը: Ան դատական իշխանութիւններէն պահանջեց խստագոյն պատիժները սահմանել յանցագործներուն դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի Լիբանան այցելութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է, նկատի ունենալով առաջարկուած թղթածրարներուն կարեւորութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն երկրին մէջ տիրող իրավիճակը կայունացնելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ համախմբումի երեսփոխաններուն եւ կամ այլոց հրաժարումը խորհրդարանէն, երկրին կացութենէն կամ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն ոչինչ պիտի փոխէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար պէտք է շրջանային բոլոր կապերէն  հրաժարիլ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի Լիբանան այցելութեան նպատակն է երկիրը դուրս բերել իր դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին, աւելցնելով, որ իրենք այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ խորհրդակցութիւնները բարդ ընթացք ունին, սակայն համաձայնութիւն մը կարելի է գոյացնել, եթէ յետին նպատակներ չկան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆուատ Սաատ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւրը կը մտածէ քաղաքական իր շահերուն մասին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի յայտնեց, որ իրենք խառն ընտրական օրինագիծին կառչած կը մնան` նկատի ունենալով, որ անիկա քաղաքական հաւասարակշռութիւն եւ իսկական ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ տակաւին կը մնայ Դիմադրութեան ուղեգիծին զօրակիցը եւ միշտ ալ պիտի շարունակէ պահել իր այդ կեցուածքները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆայսալ Տաւուտ շեշտեց, որ իսրայէլեան զինուորական որեւէ արկածախնդրութիւն, պատճառ պիտի դառնայ, որ Լիբանանը վերածուի իսրայէլեան ուժերու դամբարանին:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց Եւրոպային, որ Ռուսիոյ հետ գործակցաբար ճշդեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անուանացանկը:

ՊԱԱԼՊԷՔ-Հերմէլի նահանգապետ Պաշիր Խտըրի հրահանգով Պաալպէքի մէջ փառատօններուն զուգադիպող օրերուն ընթացքին սուրիացի գաղթականներուն շրջագայութիւնը արգիլուած է երեկոյեան ժամը 6:00-էն առաւօտեան ժամը 6:00:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Իրան պէտք է համաձայնին Լիբանանը տառապեցնող քաղաքական տագնապին լուծման շուրջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներէն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ ընտրական օրէնքին առումով իրենք կառչած կը մնան համամասնական դրութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ներկայ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու ոչ մէկ միտում կայ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը պիտի մնան տեղքայլի մէջ, մինչեւ որ Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր վարչակազմ մը ստանձնէ երկրին իշխանութիւնը:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի Լիբանան այցելութիւնը հիմնական շրջադարձ է` նախագահական ընտրութեան առումով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքները չեն փոխուած:

 

 

Նախորդը

«Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Ուղղութեամբ Տակաւին Որեւէ Քայլ Չենք Առած» Ըսաւ Քուրթուլմուշ

Յաջորդը

«Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Բանակէն Բացի Ոեւէ Մէկուն Ներկայութիւնը Բռնագրաւում Կը Նկատուի» Շեշտեց Պասել Հուժէյրի

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?