Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշիր Խտըր Եւ Լազարինի Այցելեցին Քաա Գիւղաքաղաք

July 14, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

qaa_municipality_meeting_71316

Պաալպէք-Հերմէլի նահանգապետ Պաշիր Խտըր, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի աշխատանքները համադրող պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինիի երէկ այցելեց Քաա գիւղաքաղաքը, շրջելով կատարուած անձնասպանական գործողութիւններու վայրերուն մէջ:

Ապա Խտըր եւ Լազարինի ուղղուեցան քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցան Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթարին եւ Պաալպէք-Հերմէլի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոսին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Քաայի մէջ արձանագրուած պայթումներուն եւ անոնց պատճառած մարդկային վնասներուն վերաբերող հարցեր:

Մաթար հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն գոյատեւել Քաայի մէջ, պահանջելով նուազեցնել Քաայի շրջակայքը գտնուող սուրիացի գաղթականներուն թիւը:

Իր կարգին, Խտըր հաստատեց, որ Քաայի նման փոքր գիւղաքաղաքի մը կողմէ 30 հազար սուրիացի գաղթականի հիւրընկալումը անոր կարողութիւններէն վեր է, աւելցնելով, որ իրենք պահանջած են գաղթականներու պատասխանատու մարմիններէն վերատեսութեան ենթարկել այս հարցը եւ գաղթականներուն ապաստանի կեդրոնները վերադասաւորումի ենթարկել:

Հանդիպումին ընթացքին Խտըր հաստատեց, որ ահաբեկչութիւնը ինքնութիւն կամ կրօն չունի, ինչպէս նաեւ մէկ շրջանը միւսէն չի զանազաներ:

«Անոնք որոնք նախապէս Թրիփոլին, Հարաւային արուարձանները եւ Էշրեֆիէն ահաբեկչութեան թիրախ դարձուցած էին, նոյն կողմերն են, որ Քաայը թիրախ դարձուցին անձնասպանական գործողութիւններու: Քաայի նահատակները ամբողջ Լիբանանը փրկեցին աւելի մեծ սպանդներէ, որոնք ծրագրուած էին եւ կրնային գործադրուիլ: Լիբանանը պաշտպանող Քաայի հերոս-նահատակներուն արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի», շեշտեց Խտըր:

Միւս կողմէ, Լազարինի հաստատեց, որ Քաա այլ գիւղաքաղաքներուն նման զոհ մըն է: Ան գնահատեց ահաբեկչութեան դէմ քաղաքացիներուն մղած գոյատեւման պայքարը:

Լազարինի յայտնեց, որ Լիբանան ուղղուած սուրիացի գաղթականները պատերազմէն փախուստ տուած են, աւելցնելով, որ խաղաղութեան հաստատումէն ետք անոնք պիտի վերադառնան Սուրիա:

Հարկ է նշել, որ պետական անվտանգութեան ուժերը երէկ Պեքաայի մէջ ձերբակալեցին Հալէպի հարաւային արուարձաններու Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատու Ն. Ս.-ն եւ անոր երկու ընկերակիցները:

Իսկ լիբանանեան բանակը շարունակեց բուռն կերպով ռմբակոծել Ժրուտ Արսալի եւ Քաայի մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը:

 

 

Նախորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ Դուրս Գալը Չի Նշանակեր, Որ Ան Լիբանանին Զօրակցութիւնը Կասեցուցած Է» Ըսաւ Շորթըր

Յաջորդը

Մուքպել. «Լիբանանը Կը Մնայ Համերաշխութեան Օրինակելի Տիպար»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.