
Վարչապետ Թամմամ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կան արտաքին ուժեր, որոնք կ՛արգիլեն լիբանանցիները նախագահական ընտրութիւն կատարելէ, եւ իբրեւ այդպիսին Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը անկարելի պիտի դառնայ, առանց ապագայ նախագահին անձին շուրջ շրջանային եւ միջազգային համաձայնութեան եւ ստացուելիք կանաչ լոյսին:
«Լիբանանի բոլոր նախագահները ընտրուած են միջազգային համաձայնութեան եւ կամքի իբրեւ արդիւնք: Հետեւաբար, Լիբանան Հանրապետութեան նախագահ պիտի չունենայ նախքան իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը», ըսաւ ան:
Սալամ շեշտեց, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարի փրկութիւնը:
Վարչապետ Սալամ պաշտպանեց Թաէֆի համաձայնութիւնը` մերժելով զինք պատասխանատու նկատել կառավարութեան դիմագրաւած աշխատանքային տագնապին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց առողջապահական չափանիշները ամբողջացնող սննդեղէն ապահովելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ նպատակով ազգային խորհուրդ մը յառաջացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ինք այս պահանջը ներկայացուցած է արդարութեան նախարարութեան եւ կը յուսայ, որ ընդհանուր դատախազութիւնն ու կառավարութիւնը կը վաւերացնեն այդ խորհուրդը ստեղծելու պահանջը, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն ուղարկել խորհրդարան եւ կազմել այդ խորհուրդը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ:


