Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էյրօ Այցելեց Նաքուրա Եւ Ընդունեց Զօր. Աունը, Ֆրենժիէն Ու Հարիրին

July 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ayrault2_71116

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ երէկ կէսօրին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:

Ան Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղաթիռով մը ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան, ուր այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասը:

Նաքուրայի մէջ Էյրօ հանդիպումներ ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի բարձրաստիճան զինուորականներուն հետ:

Ապա ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու փոխհրամանատար Օմրան Ռիզա բացատրեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մասին, յատկապէս Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ բանակին հետ ամուր յարաբերութեան առումով:

Հարաւային Լիբանան իր կատարած այցելութենէն ետք, Էյրօ ֆրանսական դեսպանատան մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ:

Էյրոյին այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ֆրանսական դեսպանատան այցելուներէն եղաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, ընկերակցութեամբ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն:

Էյրօ ընդունեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ նպատակով Ֆրանսայի օժանդակութիւնը:

Էյրօ հաստատեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, յատկապէս երբ շրջանային առումով ահաբեկչութիւնը տարածուած է:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի աշխատանքային ճամբորդութեամբ մը մեկնեցաւ Լիբանանէն:

Նշենք, որ այսօր երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Էյրօ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը կ՛ունենայ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումը պիտի աւարտի մամլոյ միացեալ ասուլիսով մը:

Նախորդը

«Յոյսով Ենք, Որ Քարիւղի Թղթածրարին Առումով Սպիտակ Մուխ Բարձրանայ» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Երդում Տուին Եւ Համալրեցին ՀՅԴ-ի Շարքերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.