
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Քամիլ Տահեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը:
Զօր. Քահուաժի պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուց Արսալի բարձունքներէն մինչեւ Ռաս Պաալպէքի բարձունքները` սահմանամերձ շրջաններուն մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակին աշխատանքները` ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն եւ հաւատադրժողական խմբակներու զինեալներուն դէմ պայքարելու իմաստով:
Մուքպել բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ զօր. Քահուաժիի որդեգրած իմաստուն քայլերը:


