Լիբանանեան

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Դատապարտումի Հեռագիր Ֆրանսայի Պետութեան

Նիսի մէջ պատահած ահաբեկչական ոճիրին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անունով, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դատապարտանքի հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի պետութեան, Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի ճամբով, կատարուած ոճրային արարքը նկատելով ֆրանսացի բարեկամ ժողովուրդին եւ Ֆրանսայի պետութեան դէմ կատարուած ահաբեկչութիւն, միաժամանակ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն: Նմանօրինակ դատապարտագիր մը յղուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կողմէ:...

Լիբանանցիները Կը Հակազդեն  Թուրքիոյ Ապրած Յեղաշրջումին

Լիբանանցիները Կը Հակազդեն Թուրքիոյ Ապրած Յեղաշրջումին

Անցեալ շաբաթավերջին Թուրքիոյ ապրած յեղաշրջումը գրաւեց լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը: Կարգ մը լիբանանեան շրջաններ անդրադարձան այդ յեղաշրջումին ձախողութեան եւ այդ մասին իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին տօնական մթնոլորտով, մինչ ուրիշներ քննադատեցին այդ երեւոյթները, հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ նման երեւոյթներ պէտք չէ արձանագրուին, որովհետեւ Թուրքիա թշնամի Իսրայէլի ռազմավարական սերտ դաշնակից է: Միւս կողմէ, լիբանանցի քաղաքական պաշտօնատարներ իրենց թուիթըրեան գրառումներէն եւ քաղաքական պաշտօնական կեցուածքներէն անմասն չձգեցին...

Մուքպել Զօր. Աունի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Բանակին Դերակատարութեան  Եւ Ապահովական Կացութեան Վերաբերող Հարցեր

Նիսի Աղիտալի Դէպքին Առիթով Մուքպել Կը Ցաւակցի Հոլլանտի Եւ Լոտրիանի

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել Նիսի աղիտալի դէպքին առիթով ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի` դատապարտելով այդ ահաբեկչութիւնը եւ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհուած քաղաքացիներուն ընտանիքներուն: Մուքպել շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը փոխադարձ գործակցութեան կարիք ունի` բոլոր երկիրներուն եւ պետութիւններուն միջեւ, որովհետեւ անիկա կը սպառնայ մարդկութեան, քաղաքակրթութիւններուն եւ համաշխարհային ապահով ապրելակերպին: «Ահաբեկչութեան վտանգներէն եւ...

Շէյխ Ժապրի. «Ի՞նչ Պատճառ Կայ Մեր Հողերուն Վրայ Լիբանանեան Դրօշէն Բացի Այլ Դրօշ Բարձրացնելու»

Շէյխ Ժապրի. «Ի՞նչ Պատճառ Կայ Մեր Հողերուն Վրայ Լիբանանեան Դրօշէն Բացի Այլ Դրօշ Բարձրացնելու»

«Անսար Հաք» միութեան նախագահ շէյխ Ապտալլա Ժապրիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զարմանք յայտնուեցաւ, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ կայացած են ցոյցեր` ողջունելու Թուրքիոյ մէջ կայացած զինուորական յեղաշրջումին ձախողութիւնը: «Հակառակ ժողովրդավարութեան մեր կառչածութեան, ի՞նչ պատճառ կայ մեր հողերուն վրայ լիբանանեան դրօշէն բացի այլ դրօշ բարձրացնելու: Արդեօք թրքական նահանգի՞ վերածուած ենք, կամ արդեօք մոռցա՞ծ ենք, որ շաբաթներ առաջ Էրտողանի կառավարութիւնն...

Իլանի. «Լիբանան Թրքական Նահանգ Մը Չէ, Ուր Ի Նպաստ Էրտողանի Ցոյցեր Կը Կազմակերպուին»

Իլանի. «Լիբանան Թրքական Նահանգ Մը Չէ, Ուր Ի Նպաստ Էրտողանի Ցոյցեր Կը Կազմակերպուին»

Սայտայի Ղուֆրան մզկիթի իմամ շէյխ Հուսամ Իլանի զարմանք յայտնեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի զօրակցութեան նպատակով կազմակերպուած ինքնաշարժի երթին առիթով: Ան նշեց, որ Լիբանան թրքական նահանգ մը չէ, ուր ի նպաստ Էրտողանի ցոյցեր կը կազմակերպուին: Իլանի հարց տուաւ, որ այդ ցոյցը կազմակերպող կողմերը արդեօք պատասխանատու մարմիններէն արտօնութիւն ստացա՞ծ էին` նման ցոյցեր կատարելու` աւելցնելով, որ այդ ցոյցերէն մէկուն պատճառով Սայտայի մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մար Շարպելի տօնին առիթով, նախագահեց Ս. պատարագի մը, որուն ընթացքին ան իր քարոզին ընդմէջէն աղօթեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները օժտուին Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու բարիքներով: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ Լիբանանի համար իսկական փրկութիւնը պիտի իրականանայ ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումով: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պատրաստ է ամէնէն մօտիկ...

Լիբանանեան Իշխանութիւններն Ու Քաղաքական  Ուժերը Խստիւ Կը Դատապարտեն Նիսի Սպանդը

Լիբանանեան Իշխանութիւններն Ու Քաղաքական Ուժերը Խստիւ Կը Դատապարտեն Նիսի Սպանդը

14-15 յուլիսի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Նիսի մէջ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով կազմակերպուած տօնախմբութիւններուն ընթացքին բեռնատարի մը կողմէ քաղաքայիններու մեծ բազմութեան մը մէջ մխրճուիլն ու սպանդ գործելու արարքը արժանացաւ լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ քաղաքական ուժերուն դատապարտումին: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` դատապարտելով Նիսի ոճրային արարքը եւ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն ընտանիքներուն: Պըրրիի ցաւակցագիրին մէջ նշուեցաւ, որ...

Պըրրի Հանդիպումներ Ունեցաւ Իրանցի  Պատասխանատուներու Եւ Սէուտական  Արաբիոյ Դեսպանին Հետ

Պըրրի Հանդիպումներ Ունեցաւ Իրանցի Պատասխանատուներու Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին Հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի նախագահ Հիւսէյն Շէյխ Իսլամը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Պըրրիին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Ասիրի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւններ կատարելու: ՆՇԵՆՔ, որ Ասիրի այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ...

Սալամ. «Լիբանանցիները Մեծաւ Մասամբ  Բարոյականի Տէր Ու Պարկեշտ Են»

Սալամ. «Լիբանանցիները Մեծաւ Մասամբ Բարոյականի Տէր Ու Պարկեշտ Են»

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Լիբանանի գիտական հետազօտութիւններու բարոյական սկզբունքներու ուխտի ստորագրութեան, որուն ներկայ գտնուեցան կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, համալսարաններու նախագահներ, ինչպէս նաեւ գիտական, մշակութային եւ տեղեկատուական մարզի ներկայացուցիչներ: Ուխտի ստորագրութեան ձեռնարկին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ այսօրուան հանդիպումին արժէքը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ,...

Ժեմայէլ. «Հըզպալլա Եւ Զօր. Աուն Լիբանանը  Պատանդի Վերածած Կը Նկատուին` Հանրապետութեան  Նախագահի Մը Ընտրութիւնը Արգելակելով»

Ժեմայէլ. «Հըզպալլա Եւ Զօր. Աուն Լիբանանը Պատանդի Վերածած Կը Նկատուին` Հանրապետութեան Նախագահի Մը Ընտրութիւնը Արգելակելով»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք համոզուած են, որ Ժաննէի ջրամբարի ծրագիրը պիտի վնասէ Ժպէյլի բնակչութեան, աւելցնելով, որ Ժաննէի ջրամբարի կառուցման ծրագիրը տասնեակ միլիոնաւոր տոլարի փտածութիւն կը պարունակէ: «Ժաննէի ջրամբարին հարցով, եթէ Ժպէյլի բնակիչները շարժումներու չնախաձեռնեն, մենք ոչինչ կրնանք կատարել իրենց համար», ըսաւ ան: Ժեմայէլ յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութեան մէջ քաղաքականութիւն գոյութիւն չունի,...

Պասիլ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ  Ռիչըրտի Եւ Լասընի Հետ

Պասիլ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Ռիչըրտի Եւ Լասընի Հետ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռիչըրտ յայտնեց, որ իր նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել: Ռիչըրտ շեշտեց, որ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները բաւական բարգաւաճած են նախորդ տարիներուն ընթացքին, երբ Ուաշինկթըն զօրակցութիւն յայտնած է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ փորձառութիւնը փաստած է, թէ լիբանանեան մակարդակի վրայ կարելի չէ ոչ մէկ համայնք, յարանուանութիւն կամ  քաղաքական ուժ ջնջել: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր քաթարեան Կարմիր Խաչին հետ քննարկեց սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու միջոցները: ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի կացութիւնը վատէն դէպի աւելի վատ կ՛ուղղուի: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ...

Կառավարութիւնը Յետաձգեց Բջիջային  Հեռաձայնի Ընկերութիւններուն Աշխատանքը  Երկարաձգելու Քննարկումը

Կառավարութիւնը Յետաձգեց Բջիջային Հեռաձայնի Ընկերութիւններուն Աշխատանքը Երկարաձգելու Քննարկումը

Կառավարութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Չորս ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ ինչպէս նախարարաց խորհուրդի բոլոր նիստերուն պարագային, այս անգամ եւս վարչապետ Սալամ պահանջեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ նախագահական թափուր աթոռին գոյութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն վրայ եւ մեծ վնասներ կը հասցնէ երկրին: Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը...

Արտերկրի Լիբանանցիներու  Տնտեսական Բ. Խորհրդաժողով .  «Լիբանան Իր Տեղացի Եւ Արտերկրի Թեւերով  Պիտի Յաղթահարէ Տնտեսական  Սեղմումի Քաղաքականութեան»  Շեշտեց Պըրրի

Արտերկրի Լիբանանցիներու Տնտեսական Բ. Խորհրդաժողով . «Լիբանան Իր Տեղացի Եւ Արտերկրի Թեւերով Պիտի Յաղթահարէ Տնտեսական Սեղմումի Քաղաքականութեան» Շեշտեց Պըրրի

  Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ բացումը կատարեց արտերկրի լիբանանցիներու տնտեսական Բ. խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ «Մովենփիք» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով նախարարներու, դեսպաններու եւ աւելի քան 550 լիբանանցի գործարարներու, որոնք ներկայացուցին Ծոցի, Ափրիկեան, Եւրոպայի երկիրները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգները: Պըրրի ըսաւ. «Կը հաստատենք Թաէֆի համաձայնագիրին եւ անոր գործադրութեան մեր կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնանք Ծոցի երկիրներուն եւ Սէուտական...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը  Նախագահական Թափուր Աթոռին Պատասխանատու  Կը Նկատէ Մուսթաքպալ  Հոսանքն Ու Սէուտական Արաբիան

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Նախագահական Թափուր Աթոռին Պատասխանատու Կը Նկատէ Մուսթաքպալ Հոսանքն Ու Սէուտական Արաբիան

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը, նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Պլոքը յայտնեց, որ Լիբանանն ու շրջանը տակաւին յարձակումի կ՛ենթարկուին շրջանային պետութիւններուն եւ ծանօթ պետութեան մը զօրակցութիւնը վայելող ահաբեկիչ աւազակախումբերու կողմէ: Պլոքը նկատել տուաւ, որ վայրագ բռնարարքներն ու պայթումները, որոնց թատերաբեմ կ՛ըլլան շարք մը պետութիւններ, ինչպէս նաեւ Քաայի եւ Քարատայի պայթումները այդ սպանդներէն նմուշներ են: Երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդած...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   Սամի Ժեմայէլ Կոչ Կ՛ուղղէ  Չափաւորականութեան Ամրապնդումին

Տար Ֆաթուայի Մէջ. Սամի Ժեմայէլ Կոչ Կ՛ուղղէ Չափաւորականութեան Ամրապնդումին

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանը շնորհաւորած է Ֆիթրի տօնին առիթով եւ անոր փոխանցած իր բարեմաղթութիւնները: Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հանրապետութեան միւֆթիին փոխանցած է իրենց բաց զօրակցութիւնը` չափաւորականութեան, շեշտելով, որ իրենք համոզուած են թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ...

Ամշիթի Բնակիչները Մերժեցին  Քաղաքապետարանի Ոստիկաններուն Դէմ  Առնուած Քայլերը

Ամշիթի Բնակիչները Մերժեցին Քաղաքապետարանի Ոստիկաններուն Դէմ Առնուած Քայլերը

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի որոշումով, Ամշիթի քաղաքապետարանի ոստիկաններէն ոմանք ձերբակալուեցան եւ կանչուեցան հարցաքննութեան, Ամշիթի մէջ սուրիացի գաղթականներու դէմ սանձարձակ քայլերու դիմած ըլլալու յանցանքով: Մաշնուք շեշտեց, որ Ամշիթի մէջ օրէնքի շրջանցում կատարուած է, աւելցնելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի ժողովուրդը վարկաբեկելու: Ներքին գործոց նախարարութեան այս որոշումներուն ընդդիմացան Ամշիթի բնակիչները, որոնք որոշ ժամանակի մը համար փակեցին Ամշիթի մայրուղին` իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն:...

Սալամ Յորդանանի Երկրագործութեան  Նախարարին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի  Յարաբերութիւնները

Սալամ Յորդանանի Երկրագործութեան Նախարարին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Յորդանանի երկրագործութեան նախարար Ռիտա Շըպլի Խուալտէն, ընկերակցութեամբ վարչական մէկ պատուիրակութեան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրագործութեան մարզի արդիւնաբերութեան առեւտուրն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Վարչապետ Սալամին այցելեց նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրին, ընկերակցութեամբ համալսարանի փոխնախագահ Իմատ Պաալպէքիի եւ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի...

Նախագահական Ընտրութեան  Խորհրդարանի Նիստը  42-րդ Անգամ Ըլլալով Յետաձգուեցաւ

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Նիստը 42-րդ Անգամ Ըլլալով Յետաձգուեցաւ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ 42-րդ անգամն ըլլալով յետաձգեց նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը, օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Պըրրիի որոշումով նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի 8 օգոստոս 2016-ին: Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան տեղի ունենալիք խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն նիստը եւս յետաձգուեցաւ, նոյն պատճառով: Որոշուեցաւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստը յետաձգել 27 յուլիսին, քննարկելու համար ընտրական նոր օրինագիծը: Նախագահական ընտրութեան նիստին յետաձգումէն ետք նախկին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ֆրանսային Կ՛առաջարկէ  Աւելի Ազդու Դերակատարութիւն Ունենալ Շրջանը  Ու Յատկապէս Լիբանանը Յուզող Հարցերուն Նկատմամբ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ֆրանսային Կ՛առաջարկէ Աւելի Ազդու Դերակատարութիւն Ունենալ Շրջանը Ու Յատկապէս Լիբանանը Յուզող Հարցերուն Նկատմամբ

Երեքշաբթի, 12  յուլիս 2016-ի կէսօրին, երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պքերքէի Մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը: Արտաքին գործոց նախարարը խօսք առնելով շեշտեց Ֆրանսայի ամուր կապուածութիւնը Լիբանանի նկատմամբ: Ան յայտնեց, որ...

Page 820 of 986 1 … 819 820 821 … 986

Արխիւներ