Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանող Ազգային Լուծումի Մը

July 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kanaan_16

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կ՛արձանագրուին շարք մը արտաքին այցելութիւններ, որոնց շարքին է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի այցելութիւնը:

«Այս շրջագիծին մէջ մեզի համար կարեւոր է հաստատել, որ իբրեւ լիբանանցիներ համոզուած ենք, որ մենք պէտք է ստանձնենք մեր պատասխանատուութիւնները եւ իմանանք, թէ նախագահական ընտրութեան առումով կան լիբանանեան նախաձեռնութիւններ, եւ կարիքը կայ միջքրիստոնէական համախոհութեան գոյացման: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, կը հաստատենք, որ այս սկզբունքները հիմնուած են ազգային միասնականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կը դրսեւորեն ընթացագիծ մը` յանգելու այնպիսի ազգային լուծումներու, որոնք կը պահպանեն Լիբանանի կայունութիւնը` դիմադրելով շրջանին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներուն», նշեց ան:

Քանաան ըսաւ, որ երէկուան իրենց նիստին ընթացքին անդրադարձած են կառավարութեան արտակարգ նիստին, ընդգծելով կառավարութեան ելեւմտական քաղաքականութիւններուն մէջ հաշուետուութեան սկզբունքին վրայ հիմնուելու անհրաժեշտութիւնը:

«Միւս կողմէ, ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ առանց արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնելու, անկարելի է ճեղք մը բանալ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին մէջ: Մենք պէտք է հայրենասիրութեամբ մօտենանք այս հարցին եւ մշակենք բացթողումները սրբագրող ընտրական օրէնք մը», շեշտեց Քանաան, աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի. «Ահաբեկչութիւնը Շրջանին Սպառնացող Հիմնական Վտանգն Է»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.