Պէյրութի Մէջ. Պորուժերտի Զօրակցութիւն Յայտնեց Լիբանանեան Ազգային Միասնականութեան Ու Երկխօսութեան` Մերժելով Սէուտական Արաբիա-Իսրայէլ Յարաբերութիւնները
Իրանի Ազգային ժողովի քաղաքացիական անվտանգութեան եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին ուղղուեցաւ Այն Թինէ` հանդիպում մը ունենալու համար խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Պորուժերտի բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ կատարուող ազգային շինիչ երկխօսութիւնը` ընդգծելով, որ Իրան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան: Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան...


















