Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Սոլհ Հրապարակ. Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Կը Պահանջեն Իրենց Զաւակներուն Ազատ Արձակումը

August 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

tsuyts_73116Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ կէսօրին, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք պահանջեցին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը:

Ինը բանակայիններուն հարազատներուն անունով խօսք մը արտասանեց Հիւսէյն Եուսեֆ, որ նշեց, որ իրենք կը մաղթէին, որ բանակին տօնին առիթով իրենց զաւակները իրենց մօտ ըլլային, սակայն իրենք յուսախաբ եղան:

Ան շեշտեց, որ խորհրդարանը 2 օգոստոս 2014-էն ի վեր այս մասին ոչինչ ըսած է` հարց տալով, որ իրենց զաւակներուն թղթածրարը ինչո՞ւ չէ քննարկուած Ազգային երկխօսութեան նիստին կողմէ:

«Նախարարաց խորհուրդը իր կարգին անտեսած է մեր զաւակներուն թղթածրարը», հաստատեց ան:

Եուսեֆ լիբանանեան պետութենէն, յատկապէս վարչապետ Թամմամ Սալամէն պահանջեց իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին համար ճիգ չխնայել:

Ան նշեց, որ այսօր բանակայիններուն առեւանգումին երրորդ տարուան սկիզբն է եւ հաստատեց, որ եթէ պետութիւնը չկարենայ զանոնք ազատ արձակել, ապա անիկա արժանի է տապալելու:

Իր խօսքը ուղղելով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի` Եուսեֆ յայտնեց, որ բանակին տօնը այս ընթացքով ամբողջական չէ` հարց տալով, որ արդեօք կա՞յ հայր մը, որ իր ծննդեան տօնը կը նշէ, երբ անոր զաւակներէն ոմանք կորսուած են եւ վարկաբեկուած:

Իր կարգին, խօսք առաւ առեւանգուած բանակային Իպրահիմ Մղէյթի եղբայրը` Նիզամ Մղէյթ, որ հաստատեց, որ իրենք պիտի վերադառնան մագլցողական քայլեր որդեգրելու, ճամբաներ փակելու, ինչպէս նաեւ ամէն իմաստով պետական պաշտօնատարներուն հանգիստը խանգարելու:

Իր կարգին, վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ շնորհաւորութիւններ ներկայացուեցան լիբանանեան բանակին անոր տօնին առիթով, բարձր գնահատելով անոր զոհողութիւնները` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:

«Մենք կը խոնարհինք նահատակ բանակայիններուն յիշատակին դիմաց, որովհետեւ անոնք իրենց կեանքը զոհեցին կռուելով թշնամի Իսրայէլին եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն

դէմ` ի խնդիր լիբանանեան գերիշխանութեան պահպանումին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Առեւանգուած բանակայիններուն մասին վարչապետ Սալամ նշեց, որ անոնց պարագան չէ մոռցուած: Ան զօրակցութիւն յայտնեց առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն` հաստատելով, որ լիբանանեան պետութիւնը իր բոլոր հաստատութիւններով ճիգ պիտի չխնայէ զանոնք ազատ արձակելու նպատակով, ինչպէս կատարած է նախապէս:

«Կը մաղթէինք, որ բանակի տօնը նշուէր հանրապետութեան նախագահի ներկայութեան` նկատի ունենալով, որ ան պետութեան գլուխն է եւ միասնականութեան խորհրդանիշը: Այս առիթով մենք կոչ կ՛ուղղենք խորհրդարանի անդամներուն կատարելու իրենց սահմանադրական պարտականութիւնը եւ ուղղուելու խորհրդարան` ընտրելու հանրապետութեան նախագահը», շեշտեց ան:

ՄԻՒՍ կողմէ, լիբանանեան բանակը շաբաթավերջին ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները` թիրախ դարձնելով հոն գտնուող զինեալներուն դիրքերը, ինչպէս նաեւ Այն Հելուէի մուտքին ձերբակալեց Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն Հանի Նաժըմը եւ Խալետ Մինան, որոնք որոշեցին անձնատուր ըլլալ բանակին:

Արեւելեան Սայտայի մէջ խուզարկումներու ընթացքին բանակը ձերբակալեց նաեւ շարք մը սուրիացիներ, որոնք պահանջուած էին տարբեր յանցագործութիւններու պատճառով:

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին Գործադրեց Երեսփոխանական Նախնական Ընտրութիւնները

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Քաղաքական Ուժերուն Յայտարարութիւնը` Երեւան Քաղաքին Մէջ Տիրող Իրավիճակին Կապակցութեամբ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.