
Քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական գրասենեակին վերագրուած այն յայտարարութիւնը, թէ Լիբանանի մէջ ջերմաստիճանը այսօր պիտի հասնի 45 աստիճանի, երկրին մէջ իրարանցում ստեղծած է:
Օդերեւութաբանական գրասենեակի նախագահ Ապտել Ռահման Զաուաուի յայտնեց, որ զգացուած ջերմաստիճանը կը տարբերի իսկականէն, հետեւաբար 45 աստիճանի մասին կատարուած յայտարարութիւնը չափազանցուած է:
Զաուաուի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ այսօր ջերմաստիճանը ծովեզերեայ շրջաններուն պիտի հասնի 32-ի, սակայն անիկա պիտի զգան իբրեւ 35 աստիճան, մայրաքաղաքին մէջ ջերմաստիճանը պիտի հասնի 38-ի, որ կրնայ զգացուիլ իբրեւ 42 աստիճան, որովհետեւ խոնաւութեան մակարդակը պիտի ըլլայ բարձր:
Զաուաուի հաստատեց, որ ջերմաստիճանի առումով երկրին մէջ պէտք չէ քաոս ստեղծել` հաստատելով, որ ջերմաստիճանը 45-ի պիտի չհասնի:


