
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր Այն Թինէի մէջ պիտի նախագահէ ազգային երկխօսութեան եռօրեայ նիստերուն, որոնց նախօրեակին ան յայտարարեց, թէ երկխօսութիւնը Լիբանանի համար կը ներկայանայ իբրեւ կարեւոր վերջին առիթներէն մէկը:
Պըրրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով կեցուածքներու փոփոխութիւններ կան` վերահաստատելով այդ երկխօսութեան արժէքին գիտակցելու կարեւորութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ բաղձալի է, որ երկխօսութեան նիստին ներկայ գտնուին քաղաքական բոլոր հեղինակութիւնները, սակայն ներկայութիւնը պարտադրելու իմաստով քայլեր չեն որդեգրուած:
Պըրրի երկխօսութեան նիստի յատուկ սեղանը նմանցուց ֆութպոլի դաշտի մը, ուր ներկայացուած բոլոր ուժերը պէտք է գոհ պահել:
Նշենք, որ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որուն շնորհաւորեց բանակի հիմնադրութեան 71-ամեակին առիթով:


