Լիբանանեան

Ապպաս Իպրահիմ. «Ահաբեկչութեան Դէմ  Յաղթանակ Պիտի Արձանագրենք»

Ապպաս Իպրահիմ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Յաղթանակ Պիտի Արձանագրենք»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գաղթականներու բնակեցումը պատերազմի սկսիլ կը նշանակէ: Ան շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ արտաքին ուժերուն վրայ գրաւ դնելու երեւոյթին եւ լուծումներ ներածելու դրութեան: Իպրահիմ հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը վերածելու ապահով պետութեան եւ ոչ թէ ապահովական-ոստիկանական պետութեան: Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ...

Պքերքէ Կը Հովանաւորէ Քեսրուանի  Եւ Ժիպէյլի Արդարութեան Պալատի Կառուցման  Համաձայնագիրի Ստորագրութեան

Պքերքէ Կը Հովանաւորէ Քեսրուանի Եւ Ժիպէյլի Արդարութեան Պալատի Կառուցման Համաձայնագիրի Ստորագրութեան

Հովանաւորութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, երէկ Պքերքէի մէջ արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի եւ Քեսրուան Ֆթուհի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ժուան Հպէյշ ստորագրեցին Քեսրուան եւ Ժիպէյլ գաւառներուն յատուկ Արդարութեան պալատ մը կառուցելու համաձայնագիրը, ներկայութեամբ` Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահտի: Համաձայնագիրի ստորագրութեան յաջորդեց Արդարութեան պալատին կառուցման մասին կարճ ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ Արդարութեան պալատը...

Ամին Ժեմայէլ Ընդունեց Երեսփոխանական  Պատուիրակութիւն Մը

Ամին Ժեմայէլ Ընդունեց Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Ժամալ Ժարրահ, Ֆուատ Սաատ, Հանրի Հըլու, Անթուան Սաատ եւ Ֆատի Հապըր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժարրահ պատուիրակութեան անունով շեշտեց, որ բոլոր կողմերը ընդգծած են նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական կեանքին կայունացման անհրաժեշտութիւնը: Ժարրահ ընդգծեց, որ Լիբանանի...

Երկխօսութեան Նիստը Խորհրդարանի Միացեալ  Յանձնախումբերուն Կը Փոխանցէ Ծերակոյտ Մը  Հիմնելու Եւ Համայնքային Դրութենէ Դուրս  Խորհրդարան Մը Ընտրելու Կարելիութիւնը  Սերտելու Աշխատանքները

Երկխօսութեան Նիստը Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերուն Կը Փոխանցէ Ծերակոյտ Մը Հիմնելու Եւ Համայնքային Դրութենէ Դուրս Խորհրդարան Մը Ընտրելու Կարելիութիւնը Սերտելու Աշխատանքները

Ազգային երկխօսութեան նիստը երէկ աւարտեց իր աշխատանքները` յաջորդ նիստ մը ճշդելով երկուշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2016-ին: Նիստին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ շարունակուեցաւ Ծերակոյտ մը հիմնելու եւ ընտրական օրէնք մը մշակելու կարելիութիւններուն քննարկումը: Այս շրջագիծին մէջ Ազգային երկխօսութեան նիստը խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն փոխանցեց Ծերակոյտ մը հիմնելու եւ համայնքային դրութենէ դուրս խորհրդարան մը ընտրելու կարելիութիւնները սերտելու աշխատանքը: Երկխօսութեան երրորդ նիստին  մասնակցեցան...

Բանակը Որակական Գործողութեամբ Մը  Կը Ձերբակալէ ՏԱՀԵՇ-ի Երկու Պատասխանատուներ  Թարեք Ֆլիթին Եւ Սամեհ Պրայտին

Բանակը Որակական Գործողութեամբ Մը Կը Ձերբակալէ ՏԱՀԵՇ-ի Երկու Պատասխանատուներ Թարեք Ֆլիթին Եւ Սամեհ Պրայտին

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան յատուկ ջոկատ մը, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Արսալի բարձունքներուն վրայ գործեց որակական գործողութիւն մը, որմէ ետք կրցաւ ձերբակալել ահաբեկիչներ Թարեք Ֆլիթին եւ Սամեհ Պրայտին ու զանոնք փոխադրել Պէյրութի իր զօրանոցներէն մէկը եւ հարցաքննել զանոնք: Թարեք Ֆլիթի եւ Սամեհ Պրայտի ՏԱՀԵՇ-ի գլխաւոր պատասխանատուներէն են: Նշենք, որ վերոնշեալ երկուքը Հարաւային արուարձաններուն մէջ գործուած պայթումներուն հեղինակներն են. անոնք լիբանանեան...

Կառավարութիւնը Կազմեց Ամառնային  Դպրոցներու Յատուկ Յանձնախումբ Մը  Եւ Յետաձգեց Հաղորդակցութեան Միջոցներու Հարցը

Կառավարութիւնը Կազմեց Ամառնային Դպրոցներու Յատուկ Յանձնախումբ Մը Եւ Յետաձգեց Հաղորդակցութեան Միջոցներու Հարցը

Կառավարութիւնը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ նիստին ընթացքին յոյս յայտնեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարը շարժելու եւ նախագահական աթոռին թափուր կացութեան վերջ տալու վերաբերեալ: Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ արծարծած է ամառնային դպրոց յաճախող վեցամեայ երեխայի մը մահուան հարցը` պահանջելով ամառնային դպրոցներուն կազմակերպումը: Ժրէյժ...

Ռաատ Եւ Հարիրի Շնորհաւորեցին  Զօր. Քահուաժին

Ռաատ Եւ Հարիրի Շնորհաւորեցին Զօր. Քահուաժին

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը` ընկերակցութեամբ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի: Ռաատ եւ Սաֆա զօր. Քահուաժին շնորհաւորեցին բանակի տօնին առիթով եւ անոր հետ քննարկեցին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ ապահովական ընդհանուր իրավիճակը: Նոյն նպատակով զօր. Քահուաժիի այցելեց երեսփոխան Պահիա Հարիրի: Նշենք, որ զօր. Քահուաժի...

Ժոմպլաթ Դեսպան Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Եւ Շրջանի Հարցերը

Ժոմպլաթ Դեսպան Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Շրջանի Հարցերը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմը ներկայացնող մէկ պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած հետեւանքները, սուրիացի գաղթականներուն ներկայութիւնը եւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ժոմպլաթի այցելուները դարձան անոր ճաշի հիւրերը:

«Զօր. Աունի Եւ Հարիրիի Միջեւ  Կապը Տակաւին Գոյութիւն Ունի»   Շեշտեց Ֆարիտ Խազեն

«Զօր. Աունի Եւ Հարիրիի Միջեւ Կապը Տակաւին Գոյութիւն Ունի» Շեշտեց Ֆարիտ Խազեն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ ազգային երկխօսութիւնը եկած է հաստատելու լիբանանեան համախոհութիւնն ու Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Ան հաստատեց, որ հիմնադիր խորհրդաժողովի հարցը չէ, որ կ՛արծարծուի երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին, «իսկ անոր փաստը կը մնայ այն, որ երկխօսութիւնները կը մնան Թաէֆի համաձայնագիրին յարկին տակ», ըսաւ ան: Խազեն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը հիմնական հարց է` աւելցնելով, որ...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.  Միւֆթիներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ  Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան

Տար Ֆաթուայի Մէջ. Միւֆթիներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Միւֆթիներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը ազգային եւ կրօնական հարցեր: Նիստէն ետք միւֆթի Սելիմ Սուսան յայտնեց, որ Միւֆթիներու խորհուրդը կոչ ուղղած է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարել` հաստատելով, որ երկիրը յաւելեալ քաոս եւ նախագահական թափուր աթոռի դրութիւն չի կրնար հանդուրժել: Ան նշեց, որ միւֆթիները դրուատած են Ազգային...

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Ազգային Երկխօսութիւնը

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Ազգային Երկխօսութիւնը

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի դիւանը երէկ Պաապտայի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խորհուրդը կ՛ողջունէ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը` մաղթելով, որ երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը եւ կամ յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը, որ կ՛երաշխաւորէ կիներուն ներկայացուցչութիւնը: Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը շեշտեց, որ ազգային ամբողջական երկխօսութեան նպատակն է պետական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 8 օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը արդէն իսկ ինքզինք սպառած է` աւելցնելով, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը ծրագրած է ընտրական նոր օրէնք մը մշակել` հիմնուելով մեծամասնական դրութեան վրայ: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժան Օպէյտ հանդիպում մը ունենալէ ետք յոյն...

Երկխօսութեան Երկրորդ Նիստ. Պըրրի Կը Մաղթէ Նախագահական Ընտրութեան  Շուրջ Համաձայնութեան  Գործադրութիւնը Առաջնահերթ Նկատել

Երկխօսութեան Երկրորդ Նիստ. Պըրրի Կը Մաղթէ Նախագահական Ընտրութեան Շուրջ Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Առաջնահերթ Նկատել

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր պիտի նախագահէ ազգային երկխօսութեան եռօրեայ նիստերէն երրորդին, որուն ընթացքին պիտի շարունակուին քննարկուիլ նախագահական ընտրութեան եւ ընտրական նոր օրէնքի մշակման հարցերը: Մինչ այդ, երէկ տեղի ունեցաւ Ազգային երկխօսութեան երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրէնքը, Ծերակոյտի հիմնադրութեան հեռանկարները, Թաէֆի գործադրութեան եւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու անհրաժեշտութիւնը: Նիստին մասնակցեցան վարչապետ Թամմամ Սալամ, ընկերակցութեամբ` ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի,...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ազգային  Երկխօսութեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ`  Նախագահական Ընտրութիւնը Նկատելով Միակ Ելքը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ազգային Երկխօսութեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ` Նախագահական Ընտրութիւնը Նկատելով Միակ Ելքը

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Տիմանի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստին ընթացքին խորհուրդը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ այդ քննարկումներուն լոյսին տակ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող տեղքայլի իրավիճակին, սահմանադրական հաստատութիւններուն սառած կացութեան, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն սպառնացող վտանգներուն վերաբերեալ: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շեշտեց, որ...

Մուքպել Հաւանական Կը Նկատէ Բանակի  Հրամանատարի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

Մուքպել Հաւանական Կը Նկատէ Բանակի Հրամանատարի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

Մուքպել - Զօր. Քահուաժի Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Մուքպել Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` ներկայութեամբ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Քամիլ Տահերի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ապահովական իրավիճակը, յատկապէս սահմանամերձ...

Բրիտանիա 60 Միլիոն Սթերլինկ  Կը Նուիրէ Կրթական Մարզին

Բրիտանիա 60 Միլիոն Սթերլինկ Կը Նուիրէ Կրթական Մարզին

Բրիտանիոյ միջազգային բարգաւաճման նախարար Փրիթի Փէյթըլ երէկ այցելեց Լիբանան, եւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ շրջեցաւ կառավարական դպրոցները` հանդիպելով սուրիացի գաղթական աշակերտներուն հետ, յատկապէս Արեւմտեան Պեքաայի Մարժ շրջանին մէջ: Նախարարներուն ընկերակցեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր: Փէյթըլ այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի...

Պասպուս Ռիչըրտի Հետ Կը Քննարկէ  6 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ  Գործակցութեան Ծրագիր Մը

Պասպուս Ռիչըրտի Հետ Կը Քննարկէ 6 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Գործակցութեան Ծրագիր Մը

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց ամերիկեան պետութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ 6 միլիոն տոլար արժողութեամբ փոխադարձ գործակցութեան ծրագիր մը: Գումարը պիտի տրամադրուի Ուաշինկթընի կողմէ` թմրեցուցիչի դէմ պայքարելու նպատակով: Պասպուս ողջունեց Ռիչըրտը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն, որոնք կ՛օժանդակեն...

«Կը Սպասենք, Որ Մուսթաքպալը  Սէուտական  Արաբիոյ Կողմէ Ազատ Արձակուի Եւ Նախագահական  Ընտրութեան Առումով Իր Որոշումը Տայ»  Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

«Կը Սպասենք, Որ Մուսթաքպալը Սէուտական Արաբիոյ Կողմէ Ազատ Արձակուի Եւ Նախագահական Ընտրութեան Առումով Իր Որոշումը Տայ» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւն մը գոյանայ, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքը Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ազատ արձակուի եւ նախագահական ընտրութեան առումով իր որոշումը տայ: Շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ եթէ Սէուտական Արաբիա կամենայ, որ Լիբանանի մէջ նախագահ ընտրուի, ապա վաղն իսկ կարելի է նախագահ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԺԵՀԻԹԱՅԻ քարայրի մուտքին երէկ երկու իրաքցի զբօսաշրջիկներ վիրաւորուեցան, երբ անոնց վրայ ինկաւ ժայռ մը: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փութացին քարայր` վիրաւորուած անձերը հիւանդանոց փոխադրելու համար: Ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին ուղղուեցան Ժեհիթայի քարայր, ուր անոնք հետաքննութիւն մը բացին` արձանագրուած դէպքին մասին: «ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, քաթարցի բանագնաց Ահմետ Խաթիպ պիտի վերադառնայ Լիբանան` ՏԱՀԵՇ-ի հետ շարունակելու համար առեւանգուած ինը բանակայինները...

Երկխօսութեան Եռօրեայ Նիստերուն  Մեկնարկը Կատարուեցաւ` Խաղաղ  Մթնոլորտի Մէջ Եւ Նոյն Խոչընդոտներով

Երկխօսութեան Եռօրեայ Նիստերուն Մեկնարկը Կատարուեցաւ` Խաղաղ Մթնոլորտի Մէջ Եւ Նոյն Խոչընդոտներով

Երէկ կէսօրին Այն Թինէ հիւրընկալեց Ազգային երկխօսութեան նիստը, որ այս անգամ եռօրեայ տեւողութիւն պիտի ունենայ: Նիստին նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, իսկ անոր մասնակցեցան վարչապետ Թամմամ Սալամ, ընկերակցութեամբ` ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ`...

Page 813 of 986 1 … 812 813 814 … 986

Արխիւներ