
Քաղաքացիական ընկերութեան անդամները իրենց շարժումը յայտարարելէ տարի մը ետք վերադարձան փողոց:
«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին նախաձեռնութեամբ շաբաթ երեկոյեան ժամը 5:00-ին ցոյց-քայլարշաւ մը կատարուեցաւ Պարպիրի հրապարակէն Ռիատ Սոլհ:
Ցոյցին մասնակիցները պահանջեցին վաւերացնել համամասնականութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը` շեշտելով, որ այդ օրէնքն է միայն, որ զիրենք կը ներկայացնէ:
Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ արտասանուեցաւ խօսք մը, որուն ընդմէջէն շեշտուեցաւ, որ քաղաքացիական ընկերութիւնը յուսախաբութիւն չի ճանչնար, ընդհակառակն` ան ժողովուրդը կը նկատէ իշխանութեան տէրը եւ զայն ատակ կը գտնէ խորհրդարանին մէջ ներկայացուելու:
Քաղաքացիական ընկերութիւնը պահանջեց որդեգրել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը` երաշխաւորելու համար արդար ներկայացուցչութիւնը:
«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը շեշտեց, որ այսօրուան կառավարութիւնը այն կազմն է, որուն իշխանութեան օրերուն անկարելի է ելեկտրականութիւն ունենալ, աղբի տագնապ լուծել եւ կամ քաղաքական համայնքային դրութիւնը ջնջել:
«Այս իշխանութիւնները երբեք չեն մտածեր քաղաքացիներուն մասին, եւ ասոր շօշափելի փաստը այն է, որ անոնք ոչինչ կատարած են վերադարձնելու համար ՏԱՀԵՇ-ի առեւանգած բանակայինները, այլ` այդ թղթածրարը ամբողջովին անտեսած են», նշուեցաւ ցուցարարներուն կողմէ:
Ցոյցին աւարտին քաղաքացիական ընկերութեան անդամներ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ լարեցին վրաններ` շեշտելով, որ իրենք պիտի սկսին նստացոյցի մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ հինգշաբթի, 4 օգոստոս, երբ կ՛աւարտի եռօրեայ երկխօսութեան նիստը:


