Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 3, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները երկուշաբթի, 15 օգոստոսին փակ պիտի մնան` Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն կեդրոնները:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ գիշեր Սաֆրայէն Տէյր Ահմար երկարող շրջանին մէջ անծանօթներ առեւանգեցին լիբանանցի քաղաքացի Իպրահիմ Քոզհայա Ռապահը, որուն մօտ կը գտնուէր տասը հազար տոլարի գումար մը: Անոր մօտ գտնուող գումարը իւրացնելէ ետք, անծանօթները ազատ արձակեցին զայն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան անկախ պետութիւն մը կարելի պիտի չըլլայ կերտել, եթէ Հըզպալլա իր զէնքը վար չդնէ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին զինումը արգիլող ամերիկեան-իսրայէլեան որոշում գոյութիւն ունի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` ուղղուած լրատուամիջոցներուն: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վերջերս զօր. Աունի մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են բազմաթիւ լուրեր, որոնց դիմաց զօր. Աուն որոշած է լուռ մնալ` կանխարգիլելու համար քաղաքական բանավէճերը: Հաղորդագրութիւնը լրատուամիջոցներէն խնդրեց յարգել լուռ մնալու որոշումը:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան եռօրեայ նիստերուն յաջողութիւնը գրեթէ անհաւանական է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախկին նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Եմէնի եւ Սուրիոյ մէջ գտնուելիք քաղաքական լուծումներէն ետք է, որ արտաքին աշխարհը պիտի որոշէ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին անունը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Շամիսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ Հըզպալլայի նկատմամբ ցուցաբերուած կառչածութիւնը քաղաքական հարցերու կապուած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ ազգային երկխօսութեան նիստը պէտք է քննարկէ նաեւ Հըզպալլայի զէնքին հարցը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգելու որոշումը քաղաքական որոշումէ կախեալ է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ազգային երկխօսութիւնը առիթ կու տայ քաղաքական տարբեր կողմերուն` համաձայնութիւնը լիբանանականացնելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ իրենք Ազգային երկխօսութեան նիստին պիտի մասնակցին կատարեալ դրական կեցուածքով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յայտնած է, թէ ինք նախագահական ընտրութեան առումով նախաձեռնութիւն մը առաջադրած է, եւ հակառակորդ կողմը պէտք է անսայ այդ առաջարկին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ազգային երկխօսութեան մէջ կը տեսնէ ամբողջ պետութեան տիրելու կարելիութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններուն հարցով ՏԱՀԵՇ-ի հետ հաղորդակցութիւնները շատոնց խզուած են:

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջման Ձախող Փորձը Ծրագրուած Էր Արտաքին Ուժերու Կողմէ» Ըսաւ Էրտողան

Յաջորդը

«Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Կայանը Վարչութեան Կարիք Ունի» Շեշտեց Ֆատլալլա

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.