Լիբանանեան

Քաաքի Նախարար Հարպի Հետ Կը Քննարկէ  Գրաւոր Մամուլին Օժանդակութեան Հեռանկարները

Քաաքի Նախարար Հարպի Հետ Կը Քննարկէ Գրաւոր Մամուլին Օժանդակութեան Հեռանկարները

Լրագրողներու սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան գրաւոր մամուլին դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնց լոյսին տակ Քաաքի մաղթեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը կարենայ օժանդակել գրաւոր մամուլի պահպանումին: Քաաքի շեշտեց, որ հակառակ ելեկտրոնային մամուլին արձանագրած յառաջդիմութեան եւ գրաւոր մամուլի այլընտրանքը դառնալու իրականութեան, գրաւոր մամուլը իր մահկանացուն պիտի չկնքէ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան բանակը շնորհաւորեց անոր տօնին առիթով. ան կոչ ուղղեց բանակին նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն տրամադրելու, ինչպէս նաեւ կամաւոր զինուորական ծառայութեան մասնակցելու առիթ ընծայելու: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը դարձեալ երկարաձգելը աններելի ոճիր մըն է` աւելցնելով, որ եթէ կարելի չըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, ապա քաղաքացիական շարժումը հսկայ քայլերու պիտի...

«Նոյնիսկ Եթէ Անոնք Իրենց Անունները Փոխեն,  Սէուտական Արաբիոյ, ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Նուսրայի  Մշակոյթը Կը Մնայ Մորթելու Մշակոյթը»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Նոյնիսկ Եթէ Անոնք Իրենց Անունները Փոխեն, Սէուտական Արաբիոյ, ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Նուսրայի Մշակոյթը Կը Մնայ Մորթելու Մշակոյթը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երէկ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը,  նուիրուած` Դիմադրութեան պատասխանատուներէն Իսմայէլ Զահրիի (Ապու Խալիլ) նահատակութեան: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ 1982-էն ի վեր Հըզպալլայի անդամակցած Զահրի յուլիսեան պատերազմի հիմնական ղեկավարներէն էր, հետեւաբար նաեւ յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակի հիմնական կերտիչներէն: Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ շրջանային...

Ռապիէի Մէջ.   «Հանրապետութեան Յաջորդ Նախագահը  Պէտք Է Քրիստոնեայ Բազկերակի  Իսկական Ներկայացուցիչը Ըլլայ»   Շեշտեց Քազզի

Ռապիէի Մէջ. «Հանրապետութեան Յաջորդ Նախագահը Պէտք Է Քրիստոնեայ Բազկերակի Իսկական Ներկայացուցիչը Ըլլայ» Շեշտեց Քազզի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզին` ներկայութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի: Հանդիպումէն ետք Քազզի յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են Լիբանանի ճակատագիրին: Քազզի նշեց, որ այդ հարցերուն մաս կազմած է նաեւ նախագահական ընտրութիւնը, յատկապէս նախագահական թափուր աթոռի...

Այն Թինէի Մէջ.   «Կը Մնամ Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու,  Սակայն Միաժամանակ Ազգային  Ոչ Մէկ Համաձայնութիւն Կը Խոչընդոտեմ»   Յայտնեց Ֆրենժիէ

Այն Թինէի Մէջ. «Կը Մնամ Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու, Սակայն Միաժամանակ Ազգային Ոչ Մէկ Համաձայնութիւն Կը Խոչընդոտեմ» Յայտնեց Ֆրենժիէ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը յետս կոչելու մասին կատարուած բոլոր յայտարարութիւնները անճիշդ են` աւելցնելով, որ ինք կը մնայ նախագահական ընտրութեան թեկնածու, այնքան ատեն որ զօրակցութիւն կը վայելէ:...

Հիւսէյն Եուսեֆ Կոչ Կ՛ուղղէ  Մասնակցելու  Առեւանգուած Բանակայիններուն  Զօրակցութեան Հաւաքին

Հիւսէյն Եուսեֆ Կոչ Կ՛ուղղէ Մասնակցելու Առեւանգուած Բանակայիններուն Զօրակցութեան Հաւաքին

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ կոչ ուղղեց բոլորին կիրակի, 31 յուլիս 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, մասնակցելու Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք առեւանգուած բանակայիններուն զօրակցութեան հաւաքին: Եուսեֆ շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը բոլոր լիբանանցիները վերածած է մէկ ընտանիքի: «ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող առեւանգուած բոլոր բանակայինները իմ զաւակներս կը նկատեմ: Ես կը վախնամ իմ զաւկիս ճակատագիրին վրայ, յատկապէս...

Մուքպել Շնորհակալութիւն  Յայտնեց Շորթըրի

Մուքպել Շնորհակալութիւն Յայտնեց Շորթըրի

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան բանակին տրամադրուած բրիտանական զինուորական օժանդակութիւնները: Մուքպել շնորհակալութիւն յայտնեց Շորթըրին` լիբանանեան բանակին համար կազմակերպուած ռազմափորձերուն, ինչպէս նաեւ Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի մէջ սահմանապահ ուժերուն համար սարքուած հսկողութեան յատուկ աշտարակներուն համար, որոնք բրիտանական զինուորական օժանդակութիւններուն մաս կը...

Արսալի Մէջ Սիրոյ Անցարգել` Նուիրուած Բանակին

«Անսար Ուաթան» միութիւնը երէկ Արսալի մայր հրապարակին վրայ զետեղեց սիրոյ անցարգել մը եւ անցորդներուն բաժնեց բանակին դրօշակը, ինչպէս նաեւ բանակի տօնին առիթով իր հրապարակած հաղորդագրութիւնը: «Անսար Ուաթան» միութեան նախաձեռնութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի եւ մեծ թիւով երիտասարդներ: Հուժէյրի յայտնեց, որ Արսալի մէջ մեծն ու փոքրը կը փափաքին միայն լիբանանեան բանակին դրօշակը տեսնել եւ միայն լիբանանեան բանակին...

Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Անհրաժեշտ  Կը Նկատէ Փողոց Վերադարձը

Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Փողոց Վերադարձը

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի պատասխանատուներէն Նեհմաթ Պատրէտտին երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց քաղաքացիական ընկերութեան բոլոր թեւերուն վերադառնալու փողոց` հիմնական կարգախօս ընտրելով «Համամասնական դրութիւնը զիս կը ներկայացնէ» խօսքը: Պատրէտտին Քաղաքացիական ընկերութեան անդամ բոլոր արշաւներն ու բոլոր լիբանանցիները հրաւիրեց այսօր տեղի ունենալիք ցոյցին, որ պիտի սկսի Պարպիրի հրապարակէն` հասնելով մինչեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ: Պատրէտտին շեշտեց, որ փողոց վերադարձը անհրաժեշտ է,...

Սայտայի Ելեկտրականութեան  Ընկերութիւնը Եւս Փակուեցաւ

Սայտայի Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Եւս Փակուեցաւ

Սայտայի ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները երէկ առաւօտեան փակեցին ընկերութեան դռները, երբ իրենց ընկերներէն` հացադուլի դիմած Ռապիհ Սայեղի առողջական վիճակը վատթարացաւ: Ելեկտրականութեան փակ ընկերութեան դիմաց սարակները կատարեցին բողոքի գործադուլ մը` պահանջելով զիրենք հաստատել իրենց պաշտօններուն վրայ: Աւելի ուշ սարակները փակեցին նաեւ Սայտա - Ժեզզին ճամբան, որ շուրջ ժամ մը ետք վերաբացուեցաւ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծումներ գտնելու անհաւանականութիւնը քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հսկայ հարցեր կրնայ ստեղծել: ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան երէկ շնորհաւորական գիր մը յղեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի` լիբանանեան բանակի տօնին առիթով: Ան շնորհաւորեց բանակը` շեշտելով, որ այս դարը բանակի յաղթանակին եւ ահաբեկչութեան պարտութեան դարն է: ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց,...

Մաշնուք. «Նախագահական Ընտրութիւնը  Մօտալուտ Է` Միջազգային Լուրջ Որոշումով Մը»

Մաշնուք. «Նախագահական Ընտրութիւնը Մօտալուտ Է` Միջազգային Լուրջ Որոշումով Մը»

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը մօտալուտ է` միջազգային լուրջ որոշումով մը: Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարուի նախքան տարեվերջը: Մաշնուք յայտնեց, որ կարելի չէ տան մէջ նստիլ եւ ճակատագիրին սպասել կամ յուսալ, որ այս կամ այն պայմանները կը փոխուին: Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ ապահովական կառոյցի պետի իմաստով...

Մուքպել Նախագահեց Լիթանիի  Ապականումին Վերջ Տալու Յատուկ Նիստի Մը

Մուքպել Նախագահեց Լիթանիի Ապականումին Վերջ Տալու Յատուկ Նիստի Մը

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Լիթանիի ապականումին վերջ տալու յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք, պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Նիստ.  Երկխօսութիւնը Ազգային Առիթ Մըն Է`  Լիբանանի Յանձնառու Բոլոր  Պատասխանատուներուն Համար

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Նիստ. Երկխօսութիւնը Ազգային Առիթ Մըն Է` Լիբանանի Յանձնառու Բոլոր Պատասխանատուներուն Համար

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Պլոքը յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող անորոշութիւնն ու քաոսը կը մղեն քաղաքացիները շփոթի մատնուելու, հետեւաբար կառավարութիւնը պէտք է աշխուժացնէ իր գործունէութիւնն ու ընթացքը եւ երկրին քաղաքական կեանքը վերաշխուժացնէ` Թաէֆի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեան հիման վրայ: Պլոքը մաղթեց, որ օգոստոսի սկիզբը գումարուելիք ազգային երկխօսութիւնը ըլլայ արդիւնաբեր` հաստատելով, որ երկխօսութիւնը ազգային...

Բանակը Ձերբակալեց Շարք Մը  Յանցագործներ

Բանակը Ձերբակալեց Շարք Մը Յանցագործներ

Լիբանանեան բանակը երէկ խուզարկեց Պրիթելի եւ Հորթաալայի շրջանները, ուր ձերբակալեց 8 յանցագործներ, ինչպէս նաեւ գրաւեց 81 միլլիմեթր տրամագիծով հրասանդ մը` իր 7 հրթիռներով, 60 միլլիմեթր տրամագիծով հրասանդ մը` իր երկու հրթիռներով, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զէնք եւ զինամթերք: Բանակը ձերբակալեց նաեւ 5 այլ քաղաքայիններ` Հարեթ Հրէյքի, Մընիէի, Մինայի, Քֆարզապատի, Արսալի եւ Պեքաայի մէջ: Անոնք ձերբակալուեցան կրակելու յանցանքով եւ յանձնուեցան համապատասխան...

Ուահապ Ընդգծեց Ապահովական  Մարզին Մէջ Ներդրումներ Կատարելու  Անհրաժեշտութիւնը

Ուահապ Ընդգծեց Ապահովական Մարզին Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ բանակին կարիքները: Ուահապ շնորհաւորեց զօր. Քահուաժին` բանակի օրուան առիթով, ինչպէս նաեւ գնահատեց բանակին նուաճումները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարը: Ուահապ ընդգծեց ապահովական մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` հզօրացնելու համար լիբանանեան բանակն ու ապահովական կառոյցները: Ուահապ այցելեց...

Շորթըր Այցելեց Քաա

Շորթըր Այցելեց Քաա

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր այցելեց Քաա գիւղաքաղաքը, ուր խստիւ դատապարտեց Քաան թիրախ դարձուցած յարձակումները` ընդգծելով, որ իրենք կը շարունակեն զօրակցիլ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարին: Շորթըր շեշտեց նաեւ, որ Բրիտանիա կը շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին` անոր տրամադրելով համապատասխան մարզումներն ու այն զինամթերքն ու սարքերը, որոնց կարիքը ունի: «Լիբանանեան բանակի օրուան` 1 օգոստոսի...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը  Կը Ձերբակալեն ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Լիբանանցի Մը

Կենսաչափական Անցագիրները Պիտի Սկսին Հրապարակուիլ 1 Օգոստոսէն Սկսեալ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ երկուշաբթի, 1 օգոստոս 2016-էն սկսեալ ընդհանուր տնօրէնութիւնը պիտի սկսի հրապարակել կենսաչափական (Պիոմեթրիք) անցագիրներ: Լիբանանցի քաղաքացիներէն կը խնդրուի կենսաչափական անցագիր ստանալու համար դիմել Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու բոլոր կեդրոնները, բացի Հերմելի, Տէյր Ահմարի, Շամսթարի, Ռաշայա Ուատիի, Մաշղարայի, Մընիէի, Պըպնինի, Մըշմոշի, Զահրանիի, Ժպաայի եւ Շեպաայի կեդրոններէն: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը վերոնշեալ շրջաններու բնակիչներէն խնդրեց ուղղուիլ...

Սաատ Հարիրի Եգիպտոսի Դեսպանին Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան  Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Սաատ Հարիրի Եգիպտոսի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Զայետ լուսարձակի տակ առաւ աշխարհին վկայած ահաբեկչական արարքները` հաստատելով, որ անոնք ոչ մէկ կապ ունին իսլամութեան հետ: Զայետ ընդգծեց այդ ահաբեկչութեան դէմ հաւաքական պայքար մղելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս տեղեկութիւններու փոխանակման առումով: Զայետ շեշտեց, որ Արեւմուտքի երիտասարդութեան մտայնութիւնը պէտք է...

Պասիլ Էրճիյէշի Հետ Քննարկեց  Թուրքիոյ Իրադարձութիւնները

Պասիլ Էրճիյէշի Հետ Քննարկեց Թուրքիոյ Իրադարձութիւնները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշը, որուն հետ քննարկեց Թուրքիոյ իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Էրճիյէշ յայտնեց, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ բնականոն կացութիւնը վերահաստատուած է` աւելցնելով, որ յեղաշրջումի փորձը կատարուած էր Ֆեթհուլլա Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ` գործակցութեամբ թրքական իշխանութիւններուն ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պասիլին, որ դատապարտած էր յեղաշրջումը եւ...

Page 815 of 986 1 … 814 815 816 … 986

Արխիւներ