ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը քաղաքական տարակարծութիւններէն հեռու պէտք է պահել, ինչպէս նաեւ պէտք է յանձնառու մնալ անոր աշխատանքը շարունակելու:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը եւ քաղաքական իշխանութիւնները պէտք է արագ շարժին` առեւանգուած բանակայիններու փրկութեան համար:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք ամէն իմաստով կը զօրակցին բանակին, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին: Ան շեշտեց, որ բանակը պէտք է ըլլայ օրինական միակ հաստատութիւնը, որ իրաւունք ունի զէնք ու զինամթերք պահելու:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը եւ կոչ ուղղեց անոր կառչած մնալու իր ազգային սկզբունքներուն ու ազգային միասնականութեան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի լիբանանեան բանակը շնորհաւորեց իր տօնին առիթով` մաղթելով, որ առեւանգուած բանակայինները շուտով ազատ կ՛արձակուին եւ կը վերադառնան իրենց ընտանիքներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց Սուրիոյ կառավարութեան հետ բանակցելու` սահմանամերձ շրջաններու հսկողութեան եւ գաղթականներու տունդարձին հարցով:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ կառավարութեան պահպանումը անհրաժեշտութիւն է, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր աշխատանքին արդիւնքը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` յոյս յայտնելով, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակուին:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը մնայուն կերպով կը խոչընդոտուի, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերը արտաքին պայմանաւորուածութիւններ ունին:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ եթէ Դիմադրութիւնը չըլլար, լիբանանցիները ապահովական կայունութիւն պիտի չունենային:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ շնորհաւորեց բանակը եւ կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու անոր, որովհետեւ անիկա կը մնայ երկրին ապահովութեան եւ կայունութեան ողնասիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի օրինական ներկայացուցիչ շէյխ Մոհամետ Եազպեք շնորհաւորեց լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 71-ամեակը` ընդգծելով, որ բանակը միակ հաստատութիւնն է, որ համայնքային դրութենէ անդին լիբանանեան միասնականութիւնը կը պահպանէ:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեց, որ խառն ընտրական օրէնքները մերժելի են, որովհետեւ իրենց համոզումով` անոնք դիմացինը պատժելու փիլիսոփայութեան վրայ հիմնուած են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան կամ ընտրական նոր օրէնքին իմաստով նոր տուեալներ գոյութիւն չունին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ թէ՛ նախագահական ընտրութեան եւ թէ՛ ընտրական նոր օրէնքի մշակումին առումով ինք յոռետես է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ ազգային համախոհութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի համոզումէն կախեալ է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ ներկայ պայմանները կը պարտադրեն լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի նախատեսեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն քանի մը ամիսէն ընտրուի հանրապետութեան նախագահ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շնորհաւորեց բանակը եւ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ մղած իւրաքանչիւր պայքարին ընթացքին բանակը աւելի հզօր դուրս կու գայ, որուն ի տես լիբանանցիներուն վստահութիւնը աւելի եւս կ՛ամրապնդուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին գործունէութեան ամրապնդումը եւ զայն քաղաքական տարակարծութիւններէն հեռու պահելը երկրին ապահովութեան երաշխիքն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով իրենք տակաւին կը զօրակցին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան: Ան աւելցուց, որ ինք ոչ մէկ ակնկալութիւն ունի կատարուելիք եռօրեայ երկխօսութենէն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ղազի Արիտի հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապի լուծման նշոյլներ գոյութիւն չունին, բայց ազգային երկխօսութիւնը կը մնայ անհրաժեշտութիւն:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ ազգային երկխօսութիւնը արտակարգ առիթ մըն է երկխօսութեան մասնակից կողմերուն` պատմական որոշումներ տալու իմաստով:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Մազարեհ Շեպաայի վերեւ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց` ոտնձգութիւններ կատարելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ դէմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը երկխօսութեան ունենալիք հաւանական արդիւնքները ջրած է:
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ Թաուհիտ շարժումը շեշտեց, որ իսրայէլեան որեւէ զինուորական գործողութիւն ձախող պիտի ընթանայ, այնքան ատեն որ Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռամիասնութիւնը կայ:
 
			

