Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին Գործադրեց Երեսփոխանական Նախնական Ընտրութիւնները

August 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

basil_73116

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործադրեց երեսփոխանական նախնական ընտրութիւնները` «Մէկ անձ, մէկ քուէ» սկզբունքով:

Երեկոյեան կուսակցութիւնը հրապարակեց ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները, որոնց հիման վրայ յայտնուեցաւ, թէ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը 70,65 առ հարիւր է, իսկ Լիբանանի 16 նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն  յաղթանակ արձանագրեցին հետեւեալները.

Պաթրունի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ եւ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ Ռինտալա Ժապպուր ընտրուեցան մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:

Պաապտայի մէջ` Ալեն Աուն, Մեթնի մէջ` Իպրահիմ Քանաան, Քեսրուանի մէջ` Անթուան Աթալլա, Թրիփոլիի մէջ` Թոնի Մարունի, Զահլէի մէջ` Սելիմ Աուն, Ժպէյլի մէջ` Սիմոն Ապի Ռամիա, Քուրայի մէջ` Ժորժ Աթալլա, Պէյրութ 1-ի մէջ` Նիքոլա Սահնաուի, Ալէյի մէջ` Սեզար Ապի Խալիլ, Ժեզզինի մէջ` Զիատ Ասուատ, Շուֆի մէջ` Ղայյաս Պուսթանի, Աքքարի մէջ` Ճիմի Հպուր, Պաալպեք-Հերմելի մէջ` Խալիլ Շամուն եւ Պէյրութ 3-ի մէջ` Ռամզի Տսում:

Պասիլ, որ ամբողջ օրուան ընթացքին այցելեց բոլոր շրջանները` քաջալերելով ընտրութիւններուն ընթացքը, երեկոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ երէկ իրենց համար եղած է ժողովրդավարական տօնակատարութեան օր` ընդգծելով, որ իրենք քաղաքական հոսանք մըն են, որ նոր օրինակներ արձանագրած են ժողովրդավարական ըլլալու առումով:

Պասիլ յայտնեց, որ իրենք այդ ընտրութիւններով փաստած են, որ Լիբանանի մէջ կարելի է յաջողցնել «Մէկ անձ, մէկ քուէ» ընտրական սկզբունքը, համամասնական դրութիւնը, ինչպէս նաեւ նախապէս տպուած ընտրաքարտը, որուն շնորհիւ կարելի է պայքարիլ փտածութեան եւ ընտրակաշառքին դէմ:

Պասիլ հաստատեց, որ իրենք պիտի մնան ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ջահակիրները, հակառակ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող խաւարին:

 

 

Նախորդը

Քաղաքացիական Ընկերութեան Անդամները Կը Վերադառնան Փողոց

Յաջորդը

Ռիատ Սոլհ Հրապարակ. Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Կը Պահանջեն Իրենց Զաւակներուն Ազատ Արձակումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.