Ազգային երկխօսութեան եռօրեայ նիստերուն նախօրեակին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: