
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ իրենք երբեք տեղի պիտի չտան առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով:
Ան նշեց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է անոնց հարազատներուն հետ եւ խորհրդակցած այդ թղթածրարին շուրջ` հաստատելով, որ անոնց մասին տեղեկութիւնները շատ քիչ են եւ թափուող ճիգերը` գրեթէ ապարդիւն:
«Սակայն մենք մեր աշխատանքը պիտի շարունակենք, ինչ ալ ըլլայ անոր աւարտը», ըսաւ ան:
Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ առեւանգող կողմը կը մերժէ բանակցութիւններ կատարել` ընդգծելով, որ այս հարցը միայն լիբանանեան պետութիւնն է, որ կրնայ լուծել:
Ապպաս Իպրահիմ մաղթեց, որ բանակայիններուն ընտանիքները չանսան իրենց զգացումներով խաղցող կողմերուն առաջարկներուն:
Նշենք, որ Իպրահիմ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերրին, որուն հետ քննարկեց սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Իպրահիմ զօր. Պերրին տեղեակ պահեց նաեւ երկրին ապահովական կացութեան մասին: Անոնք քննարկեցին նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Անոնք շեշտեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ հեզասահ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:


