
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ գիշեր Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին` ընկերակցութեամբ Նատեր Հարիրիի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ եռօրեայ ազգային երկխօսութեան վերաբերող հարցեր:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան մէկ պատուիրակութեան:
Քննարկուեցան Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներն ու անոր վերաբերող հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները եւ անոնց հետեւանքները` Լիբանանի վրայ:
Պուէյզ հաստատեց, որ Պըրրի նեղացած է Լիբանանի մէջ տիրող կացութենէն` աւելցնելով, որ անկարելի է Լիբանանը առանց հանրապետութեան նախագահի պահել, ինչպէս նաեւ անկարելի է կառավարութիւնը պառակտուած պահել:


