ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 8 օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը արդէն իսկ ինքզինք սպառած է` աւելցնելով, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը ծրագրած է ընտրական նոր օրէնք մը մշակել` հիմնուելով մեծամասնական դրութեան վրայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժան Օպէյտ հանդիպում մը ունենալէ ետք յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ շեշտեց, որ ազգային երկխօսութեան ուղին ցարդ ծաղիկներով չէ զարդարուած:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ «Նայլ սաթ»-ը չի կրնար ըլլալ միակը, որ հսկողութեան իրաւունք ունենայ պատկերասփիւռի լիբանանեան կայաններուն վրայ, այլ` լիբանանեան պետութիւնը: Ժրէյժ շեշտեց, որ հսկողութիւն կատարելու համար «Նայլ Սաթ» պէտք է լիբանանեան պետութեան հետ համաձայնութիւն ունենայ` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութիւնը պէտք է կատարուի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան ճամբով:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը ոտնձգութիւններ գործած է Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ եւ կեղծ ռմբակոծումներ գործելով հարաւային Լիթանիի, յատկապէս Թիպէի եւ Նապաթիէի վերեւ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքական համաձայնութիւնը անհրաժեշտ դարձած է բոլոր լիբանանցիներուն համար:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շատ մօտ է նախագահական պալատին:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի ընդգծեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իրանեան որոշումներուն առումով գործակից չէ, այլ այդ որոշումը գործադրող տարր:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ հաստատեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը այլընտրանք չունի` յոյս յայտնելով, որ իրենց բոլոր բանավէճերը ստանան լիբանանեան բնոյթ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանանի շահերը եւ լիբանանեան չափանիշները գերադասելու իմաստով անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցան ոչ հիմնական հարցեր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ անկարելի է ամբողջապէս համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքի մասին խօսիլ, երբ երկրին մէջ տակաւին ապօրինի զէնք գոյութիւն ունի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի դէմ յարձակումներուն պատճառը անոր յաջողութիւնն է` իր ստանձնած բոլոր թղթածրարներուն պարագային:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ բազմաթիւ ղեկավարութիւններ ճիգ եւ ջանք չեն խնայեր` ազգային երկխօսութեան առնչութեամբ համախոհութիւն մը գոյացնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Անթուան Անտրաուոս շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին մէջ չկայ մէկը, որ կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:
«ԺԻՒՍԹԻՍԻԱ» կազմակերպութեան տնօրէն Փոլ Մարքաս յայտնեց, որ Ծերակոյտ մը հիմնելու որոշումը կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի վաւերացումին: Ան աւելցուց, որ Ծերակոյտի գաղափարը Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած է` աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրը մինչեւ օրս չէ գործադրուած:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ոչ մէկ հարց ունի Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրին նշանակելու վարչապետ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ անոնք կը յորդորեն Լիբանանի կառավարութիւնը` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ յստակ կեցուածք մը ճշդելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը զօրակցի նախագահական ընտրութեան յանգեցնող որեւէ համաձայնութեան:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին Թաէֆի համաձայնագիրին մասին խօսիլը կը նշանակէ, թէ այդ երկխօսութիւնը իր ճիշդ նպատակին չի ծառայեր: