
Հովանաւորութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, երէկ Պքերքէի մէջ արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի եւ Քեսրուան Ֆթուհի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ժուան Հպէյշ ստորագրեցին Քեսրուան եւ Ժիպէյլ գաւառներուն յատուկ Արդարութեան պալատ մը կառուցելու համաձայնագիրը, ներկայութեամբ` Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահտի:
Համաձայնագիրի ստորագրութեան յաջորդեց Արդարութեան պալատին կառուցման մասին կարճ ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ Արդարութեան պալատը պիտի կառուցուի Ֆթուհի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ կալուածներէն մէկուն վրայ:
Ռիֆի յայտնեց, որ նախագահական թափուր աթոռի կացութեան պատճառով Լիբանանի պետական բոլոր հաստատութիւնները, որոնց շարքին նաեւ խորհրդարանը քայքայուած իրավիճակի մէջ կը գտնուին:
Ռիֆի ողջունեց Արդարութեան պալատի կառուցման նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ Լիբանան կարիքը ունի 8 Արդարութեան պալատներու:
Ռիֆի կոչ ուղղեց Արդարութեան պալատներու կառուցումը նկատելու առաջնահերթ` աւելցնելով, որ անիկա տեղայնական ծրագիր մը չէ:
Ռայի պատրիարքը երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը:
 
			

