
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Մուքպել Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` ներկայութեամբ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Քամիլ Տահերի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ապահովական իրավիճակը, յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն կացութիւնը` Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ:
Զօր. Քահուաժի պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուց այս իմաստով որդեգրուած ապահովական բոլոր միջոցառումները, որոնց շնորհիւ կայունութիւնը կը պահպանուի, ինչպէս նաեւ գաղտնի սպասարկութեան կողմէ կատարուած խուզարկումներն ու կասկածելիներու ու յանցագործներու դէմ կատարուած ձերբակալութեան ընդարձակ արշաւին մանրամասնութիւնները:
Մուքպել դրուատեց բանակին դերակատարութիւնը եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին տոկալու իր յանձնառութիւնը: Ան շեշտեց, որ բանակին ընթացքը ողջունելի է եւ անոր զոհողութիւններով է, որ կարելի կ՛ըլլայ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:
Նշենք, որ Մուքպել այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ սահմանադրական առումով ինք անձնապէս սահմանադրական եւ օրինական պատասխանատուութիւն ունի բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով:
Մուքպել հաստատեց, որ ինք բանակը առանց հրամանատարի անկարելի է որ պահէ` աւելցնելով, որ պաշտպանութեան օրէնքին թիւ 55-րդ յօդուածը իրեն իրաւասութիւն կու տայ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու:
«Բանակին շահերը կ՛ենթադրեն, որ ան շարունակէ իր նոյն ընթացքով, իսկ բանակի հրամանատարին կարիքը զիս կը մղէ կատարելու իմ օրինական պարտականութիւնս եւ մէկ տարիով երկարաձգելու բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը», ըսաւ ան:
Մուքպել նշեց, որ պէտք է անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել, որպէսզի ան նշանակէ բանակի հրամանատարը:


