
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմը ներկայացնող մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած հետեւանքները, սուրիացի գաղթականներուն ներկայութիւնը եւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ժոմպլաթի այցելուները դարձան անոր ճաշի հիւրերը:


