Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Տիմանի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Նիստին ընթացքին խորհուրդը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ այդ քննարկումներուն լոյսին տակ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող տեղքայլի իրավիճակին, սահմանադրական հաստատութիւններուն սառած կացութեան, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն սպառնացող վտանգներուն վերաբերեալ:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շեշտեց, որ այս մտահոգութեան վրայ կ՛աւելնայ փտածութիւնը, որ կ՛ապականէ Լիբանանի պատկերը եւ կը քանդէ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ լիբանանցիին վստահութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսները վերահաստատեցին իրենց դատապարտումը Քաան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական յարձակումին. անոնք ցաւակցութիւն յայտնեցին նահատակներուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում` վիրաւորներուն:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնն ու զոհողութիւնները` պահպանելու համար երկրին եւ քաղաքացիին անվտանգութիւնը:
Խորհուրդը դատապարտեց նաեւ ամբողջ աշխարհին մէջ արձանագրուող ահաբեկչական արարքները` աղօթելով առ Աստուած, որ պատերազմները վերջ գտնեն եւ խաղաղութիւնը հաստատուի:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շնորհաւորեց բանակը` անոր հիմնադրութեան տօնին առիթով եւ Ազգային երկխօսութեան նիստին յաջողութիւն մաղթեց, հաստատելով, որ երկրին հարցին լուծման միակ ելքը նախագահական ընտրութիւնն է: