Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիա 60 Միլիոն Սթերլինկ Կը Նուիրէ Կրթական Մարզին

August 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

uk_aid_80316

Բրիտանիոյ միջազգային բարգաւաճման նախարար Փրիթի Փէյթըլ երէկ այցելեց Լիբանան, եւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ շրջեցաւ կառավարական դպրոցները` հանդիպելով սուրիացի գաղթական աշակերտներուն հետ, յատկապէս Արեւմտեան Պեքաայի Մարժ շրջանին մէջ:

Նախարարներուն ընկերակցեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր:

basil_british_minister_80316

Փէյթըլ այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դեսպան Շորթըր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը եւ անոնց օժանդակելու միջազգային յանձնառութիւններն ու զանոնք տունդարձի գծով քաջալերելու հարցերը:

Պասիլ եւ Փէյթըլ համաձայնեցան այս թղթածրարներուն շուրջ քննարկումներն ու խորհրդակցութիւնները շարունակել եւ գործնական առաջարկներով ներկայանալ յառաջիկայ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք նուիրատու երկիրներուն միջազգային խորհրդաժողովին:

Նշենք, որ բրիտանական դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ Փէյթըլ հաստատեց, որ Բրիտանիա կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական եւ տնտեսական կայունութեան` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ պատերազմը իր հետեւանքները կ՛ունենայ այս երկրին վրայ:

Փէյթըլ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որոնք կը շարունակեն հիւրընկալել աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներ:

Ան հաստատեց, որ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին Լոնտոն լիբանանեան կրթական մարզին պիտի տրամադրէ 60 միլիոն սթերլինկ` օժանդակելու համար Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթական երեխաներուն ուսում ջամբելու առաքելութեան:

Փէյթըլ ընդգծեց, որ Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան պահպանումին:

 

 

 

Նախորդը

Պասպուս Ռիչըրտի Հետ Կը Քննարկէ 6 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Գործակցութեան Ծրագիր Մը

Յաջորդը

Մուքպել Հաւանական Կը Նկատէ Բանակի Հրամանատարի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.