Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԵՀԻԹԱՅԻ քարայրի մուտքին երէկ երկու իրաքցի զբօսաշրջիկներ վիրաւորուեցան, երբ անոնց վրայ ինկաւ ժայռ մը: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փութացին քարայր` վիրաւորուած անձերը հիւանդանոց փոխադրելու համար:

Ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին ուղղուեցան Ժեհիթայի քարայր, ուր անոնք հետաքննութիւն մը բացին` արձանագրուած դէպքին մասին:

«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, քաթարցի բանագնաց Ահմետ Խաթիպ պիտի վերադառնայ Լիբանան` ՏԱՀԵՇ-ի հետ շարունակելու համար առեւանգուած ինը բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները:

ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները փակեցին Պաալպեք-Տուրես միջազգային ճամբան` պահանջելով զիրենք իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ եթէ ընտրական օրէնքի մը շուրջ կարելի չըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել, ապա ինք պիտի հրաժարի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նախագահութեան պաշտօնէն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց արագացնելու նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ վաւերացնելու ընտրական նոր օրէնք մը: Սլէյման երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի եւ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետի հետ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Լիթանի գետին ապականումը Լիբանանը կենսոլորտային աղէտի մը կը մատնէ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած այս զգայուն փուլին ընթացքին պէտք է լուրջ աշխատանք տանի, իմաստուն որոշումներ տայ եւ հեռատես ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրի էութեան վերադարձը հիմնական է եւ անիկա Լիբանանի անկախութիւնը վերանորոգելու առիթ մըն է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի հիմնական քաղաքական ուժերը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կը զօրակցին` հանրապետութեան նախագահութիւնը ստանձնելու առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց ամրապնդելու ազգային միասնականութիւնը` մարտահրաւէրներուն դիմադրելու իբրեւ միակ միջոց:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ ինք մշակած է վարձքերու յատուկ օրէնք մը եւ զայն փոխանցած խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութեան:

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Լուծումի Չգոյութեան Կը Հաւատայ» Կ՛ըսէ Թոնըր

Յաջորդը

«Կը Սպասենք, Որ Մուսթաքպալը Սէուտական Արաբիոյ Կողմէ Ազատ Արձակուի Եւ Նախագահական Ընտրութեան Առումով Իր Որոշումը Տայ» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.