Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ  Ֆրանսացի  Ծերակուտականին Հետ Քննարկեց  Շրջանային Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սալամ Ֆրանսացի Ծերակուտականին Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ Քրիսթիան Քամերմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի տրամադրութեան տակ կը գտնուի եւ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգին մաս չի կազմեր: Վարչապետ Սալամ...

Զօր. Սլէյման Շնորհաւորեց  Բանակի Հրամանատարը

Զօր. Սլէյման Շնորհաւորեց Բանակի Հրամանատարը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որ շնորհաւորեց բանակի հրամանատարը` բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ զօր. Սլէյման բարձր գնահատեց բանակին իրագործած նուաճումները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ մղած անոր պայքարին իմաստով: Զօր. Սլէյման դրուատեց նաեւ բանակին զոհողութիւնները` երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական...

Ապպաս Իպրահիմ Ֆաթհալիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Եւ Շրջանի Հարցերը

Ապպաս Իպրահիմ Ֆաթհալիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Շրջանի Հարցերը

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները:  

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Մասնակի Համաձայնութիւնները  Չեն Կրնար Վերջնական Լուծումներ Ըլլալ»  Շեշտեց Հաշեմ

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Մասնակի Համաձայնութիւնները Չեն Կրնար Վերջնական Լուծումներ Ըլլալ» Շեշտեց Հաշեմ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հաշեմ յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ հաստատած են միջլիբանանեան առումով երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոր շնորհիւ կարելի ըլլայ լուծել երկրին քաղաքական տագնապը եւ կեանքի կոչել սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը: Հաշեմ շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքացիները ամէն...

Շէյխ Քապալան Ընդունեց Լասայի Բնակիչներէն Պատուիրակութիւն Մը Եւ Խորհրդակցեցաւ Ռայի Պատրիարքին Հետ

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լասայի բնակիչներէն պատուիրակութիւն մը, որ անոր ներկայացուց Լասայի կալուածներուն վերաբերող հարցեր: Պատուիրակութիւնը շէյխ Քապալանէն խնդրեց միջամտել խնդրոյ առարկայ անձնաւորութիւններուն մօտ, որպէսզի սեփական այդ կալուածներուն դէմ յարձակումներ չգործուին: Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ կազմել յանձնախումբ մը, որպէսզի բոլոր մանրամասնութիւնները սերտէ եւ տարակարծութեան նիւթերը ճշդէ: Շէյխ Քապալան հաստատեց, որ իրենք կը հաւատան իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւն.   Հանրապետութեան Նախագահը Քառակուսի  Համաձայնութեամբ Մը Ընտրելը Անոր Օրինական  Դերակատարութեան Թերագնահատումն Է

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւն. Հանրապետութեան Նախագահը Քառակուսի Համաձայնութեամբ Մը Ընտրելը Անոր Օրինական Դերակատարութեան Թերագնահատումն Է

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ քաղաքական բարեկարգումի սկիզբը նախագահական ընտրութիւնն է, որպէսզի երեսփոխանները երկրին օրէնքին հիման վրայ կատարեն իրենց պարտականութիւնը: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը քառակուսի համաձայնութեամբ մը ընտրելը անոր օրինական դերակատարութեան թերագնահատումն է, հետեւաբար կը կաշկանդէ զայն Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պաշտպանելու առումով: Ժողովէն բխած հաղորդագրութեան մը մէջ...

Լեռնալիբանանի Հաշտութեան  15-Ամեակը Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

Լեռնալիբանանի Հաշտութեան 15-Ամեակը Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

Անցեալ շաբաթավերջին, Մուխթարայի մէջ նշուեցաւ Լեռնալիբանանի հաշտութեան 15-ամեակը` նախաձեռնութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի: Այս առիթով Ժոմպլաթ նախաձեռնած էր վերանորոգել Մուխթարայի Սայիտաթ Տոր եկեղեցին, որուն բացման արարողութիւնը կատարեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը: 4 օգոստոս 2001-ին Ժոմպլաթի եւ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրի կողմէ Լեռնալիբանանի մէջ գոյացած հաշտութեան առիթով կազմակերպուած յատուկ ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ...

Լահհամ Պատրիարքը Նախագահեց  Քաայի Նահատակներուն Քառասունքին  Առիթով Կատարուած Հոգեհանգիստին

Լահհամ Պատրիարքը Նախագահեց Քաայի Նահատակներուն Քառասունքին Առիթով Կատարուած Հոգեհանգիստին

Նախագահութեամբ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին, Քաա գիւղաքաղաքին մէջ երէկ շրջանի նահատակներու քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ: Լահհամ պատրիարքը մխիթարութիւն մաղթեց նահատակներու հարազատներուն` շեշտելով, որ անոնք Քաայի եւ Լիբանանի խորհրդանիշներն են: Լահհամ պատրիարքը բարձր գնահատեց   լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր` շեշտելով, որ բանակը կը պահպանէ երկրին ապահովական կայունութիւնը: Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց...

Սամի Ժեմայէլ Ֆրենժիէի Եւ Մուաուատի Հետ  Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Սամի Ժեմայէլ Ֆրենժիէի Եւ Մուաուատի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շաբաթավերջին այցելեց Պնաշյի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ, երեսփոխան Սամեր Սաատէ, նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ, Զիատ Մքարի եւ Մարատա հոսանքի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Ժեմայէլ այցելեց նաեւ Անկախութիւն...

«Կը Շարունակենք Պահանջել Համամասնական  Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնք Մը»  Շեշտեց Ֆատլալլա

«Կը Շարունակենք Պահանջել Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնք Մը» Շեշտեց Ֆատլալլա

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակները, ինչպէս նաեւ թշնամի Իսրայէլի ախորժակներէն Լիբանանը պաշտպանելու անոր ուժը, կամքն ու նուիրուածութիւնը ամբողջ Լիբանանին ապահովական կայունութիւն շնորհած են, նոյնիսկ անոնց, որոնք Դիմադրութիւնը կը քննադատեն եւ անոր կը հակառակին: «Եթէ Դիմադրութիւնը գոյութիւն չունենար, ապա Լիբանան արաբական մնացեալ երկիրներուն նման ենթակայ պիտի...

Ռիֆի. «7 Օգոստոսի Դէպքերուն Առիթով  Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին Տէր Կանգնելու  Սահմանադրութեան Եւ Ազգային Միասնականութեան»

Ռիֆի. «7 Օգոստոսի Դէպքերուն Առիթով Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին Տէր Կանգնելու Սահմանադրութեան Եւ Ազգային Միասնականութեան»

Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ 7 օգոստոսի դէպքերուն առիթով կոչ ուղղեց բոլորին կառչած մնալու ազգային միասնականութեան, սահմանադրութեան եւ ազգային համերաշխութեան, որոնք կը պաշտպանեն Լիբանանը: Ան հաստատեց, որ 7 օգոստոսի պատահարը իրենց յիշողութեան մէջ վառ կը պահէ սուրիական ապահովական վարչակարգին դէմ տոկալու լիբանանցիներուն կամքն ու համբերութիւնը: «Այդ վարչակարգին դէմ քաջաբար պայքարեցան լիբանանցի երիտասարդները, որոնք աւելի ուշ իրականացուցին Մայրիներու յեղափոխութիւնը», ընդգծեց...

Թարիք Ժտիտէի Մէջ  «Մենք Միասնաբար Պիտի Տոկանք`  Շրջանցելու Այս Դժուար Պայմանները»   Ըսաւ Հարիրի

Թարիք Ժտիտէի Մէջ «Մենք Միասնաբար Պիտի Տոկանք` Շրջանցելու Այս Դժուար Պայմանները» Ըսաւ Հարիրի

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի երէկ ընկերակցութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրիի, Թարիք Ժտիտէի մէջ բացումը կատարեց «Սապիլ» շուկային: Հարիրի մաղթեց, որ «Սապիլ» շուկան Թարիք Ժտիտէի մէջ առեւտրական կեանքը աշխուժացնէ: «Մենք միասնաբար պիտի տոկանք` շրջանցելու համար այս դժուար պայմանները, ինչպէս նաեւ պիտի փորձենք ձեր սրտերուն մէջ ուրախութիւն եւ յոյս ցանել ապագային նկատմամբ, ինչպէս որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի կը...

«Առանց Ընդհանուր Համաձայնութեան Գոյացումին,  Նախագահական Ընտրութիւն Կարելի Չէ Կատարել»    Շեշտեց Ուահապ

«Առանց Ընդհանուր Համաձայնութեան Գոյացումին, Նախագահական Ընտրութիւն Կարելի Չէ Կատարել» Շեշտեց Ուահապ

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ առանց ընդհանուր համաձայնութեան գոյացումին, Լիբանանի մէջ կարելի չէ նախագահական ընտրութիւն կատարել: Ուահապ ողջունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ առաջարկուած համաձայնութեան փաթեթային ձեւաչափը` հաստատելով, որ անիկա բացառիկ ելք մը կրնայ ըլլալ` երկրին քաղաքական տագնապին լուծման: «Անշուշտ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրելով հանրապետութեան նախագահ, որովհետեւ նախագահական ընտրութեան առումով...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ երեկոյեան բուռն կերպով ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն կեդրոնները: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի Թրիփոլիի Սալամ եւ Թաքուա մզկիթներուն պայթումներուն Գ. տարելիցին առիթով հաստատեց, որ այդ ոճիրները գործող կողմերը յստակ են եւ յայտնի` աւելցնելով, որ յանցագործները երբեք չեն կրնար խուսափիլ իրենց պատիժէն: Ան շեշտեց, որ արդարութեան սուրը պիտի հալածէ ոճրագործները: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ...

«Եթէ Յառաջդիմութիւն Չարձանագրուէր,  Ապա Ազգային Երկխօսութեան Նիստի  Նոր Թուական Մը Չէր Ճշդուեր»  Կը Հաղորդէ «Ախպար Եաում»

«Եթէ Յառաջդիմութիւն Չարձանագրուէր, Ապա Ազգային Երկխօսութեան Նիստի Նոր Թուական Մը Չէր Ճշդուեր» Կը Հաղորդէ «Ախպար Եաում»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան եռօրեայ նիստերուն արդիւնքները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ: Քննարկուեցան Ժիպէյլի վերաբերող ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ ծովեզերեայ մայրուղիին շինութեան մանրամասնութիւնները: Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ եթէ յառաջդիմութիւն չարձանագրուէր, ապա Ազգային երկխօսութեան...

Բագրատունի Ընդունեց Գերմանացի Դիւանագէտը

Բագրատունի Ընդունեց Գերմանացի Դիւանագէտը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գերմանական դեսպանատան առաջին քարտուղար Քարսթըն Մէյըր Ուէյֆհոսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային հարցեր: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն անդրադառնալու երկխօսութեան եռօրեայ նիստերուն եւ տագնապէն դուրս գալու լիբանանեան կողմերու վճռակամութեան, ինչպէս նաեւ տրամաբանական ելքեր որոնելու անհրաժեշտութեան: Քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ վերջին անցուդարձերն ու Թուրքիոյ մէջ...

Բանակը Կը Շարունակէ  Ահաբեկչութեան Դէմ Իր Պայքարը

Բանակը Կը Շարունակէ Ահաբեկչութեան Դէմ Իր Պայքարը

Լիբանանեան բանակը երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին դարձեալ սկսաւ ռմբակոծել Արսալի բարձունքները գտնուող ահաբեկիչներուն` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը: Միւս կողմէ, առաւօտեան բանակը խուզարկումներ կատարեց Քաայի եւ Պեքաայի կարգ մը շրջաններուն մէջ եւ այդ խուզարկումներուն շրջագիծին մէջ ձերբակալեց քանի մը տասնեակ գաղթականներ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Լիբանան: Նշենք, որ նախանցեալ օր Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին գործադրած զինուորական գործողութիւնը բառին...

Հարպ. «Օժերօ»-ի Հետ Համաձայնագիրը Ստորագրեցի,  Երբ Հաշուեքննիչ Դիւանը Հաստատեց  Համաձայնագիրին Օրինականութիւնը»

Հարպ. «Օժերօ»-ի Հետ Համաձայնագիրը Ստորագրեցի, Երբ Հաշուեքննիչ Դիւանը Հաստատեց Համաձայնագիրին Օրինականութիւնը»

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ բջիջային հեռաձայնի հարցով նախարարութիւնը այսօր ամբաստանուած է կատարուելիք նուազուրդէն ընկերութիւն մը հեռացնելու յանցանքով, այն պատճառաբանութեամբ, որ տուեալ ընկերութիւնը քաղաքական իմաստով աունական թեքում ունի: «Ես կը հաստատեմ, որ նման վարուելակերպ գոյութիւն չունի, եւ մենք քաղաքական մտայնութեամբ չէ, որ կը վարուինք այս թղթածրարին հետ: Իւրաքանչիւր ընկերութիւն, որ թեքնիք չափանիշները կ՛ամբողջացնէ...

Ժոմպլաթ. «Ֆրենժիէ-Հարիրի Համաձայնութիւնը  Պէտք Է Յաջողի, Որովհետեւ Մեր Դիմաց  Կը Գտնուի Դժուար Տարի Մը»

Մուխթարայի Մէջ Այսօր Կը Նշուի Լեռնալիբանանի Հաշտութեան 15-Ամեակը

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրին հետ եւ անոր յայտնեց, թէ Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութիւն գոյացնելու ճամբան բացուած է իրմով եւ այդ հաշտութեան 15-ամեակին առիթով ինք ներկայ պիտի ըլլայ այդ հաշտութեան վերահաստատման ձեռնարկին: «2001-ին Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութիւն գոյացնելու նախաձեռնութիւնը քուկդ էր, իսկ վաղը Լիբանանն ու Լեռնալիբանանը...

Հարուն Կը Սպառնայ Մագլցողական  Քայլերու Դիմել

Հարուն Կը Սպառնայ Մագլցողական Քայլերու Դիմել

Հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սեփական հիւանդանոցները անկարող են շարունակելու իրենց աշխատանքը` նկատի ունենալով առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ իրենց կատարուելիք նիւթական պարտաւորութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ եթէ կարելի չըլլայ հիւանդանոցներուն նկատմամբ նիւթական պարտաւորութիւնները կատարել, ապա անոնք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու: Հարուն շեշտեց, որ կառավարական հիւանդանոցներուն նախապատուութիւն տալը խտրութիւն է անձնական հիւանդանոցներուն հաշուոյն եւ իբրեւ...

Page 812 of 986 1 … 811 812 813 … 986

Արխիւներ