Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Թարեք Ֆլիթին ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցելու եւ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումներ գործելու յանցանքով: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ կենսոլորտային հարցերը, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը: ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, ներկայութեամբ` Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի եւ Ռիչըրտի խորհրդատուին: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց ծիրին մէջ Յ. Բագրատունի եւ Ռիչըրտ ընդգծեցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ յաւելեալ միասնականութեամբ եւ...

«Լիբանանի Տագնապին Լուծման Գծով  Միջազգային Եւ Շրջանային  Հետաքրքրութիւն Կայ»  Շեշտեց Սամեհ Շուքրի

«Լիբանանի Տագնապին Լուծման Գծով Միջազգային Եւ Շրջանային Հետաքրքրութիւն Կայ» Շեշտեց Սամեհ Շուքրի

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ աւարտեց Լիբանան կատարած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, որուն հիմնական նպատակն էր նախագահական ընտրութեան թղթածրարը իր տեղքայլի կացութենէն դուրս բերել: Շուքրի երէկ առաւօտեան այցելեց Ռապիէ, ուր ընդունուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու նախագահական աթոռի թափուր...

Քանաան. «Մեհրապի Համաձայնութիւնը  Բոլոր Ուժերուն Երկարող  Գործակցութեան Ձեռք Է»

Քանաան. «Մեհրապի Համաձայնութիւնը Բոլոր Ուժերուն Երկարող Գործակցութեան Ձեռք Է»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ գործուղուած` երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, ներկայութեամբ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ երկու ուժերուն համաձայնութիւնը ազգային համաձայնութիւն մըն է,...

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Անպայման Պիտի Կատարուին»

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Անպայման Պիտի Կատարուին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ երկրին կացութիւնը յաւելեալ տեղքայլ չի կրնար հանդուրժել, որովհետեւ անիկա այլեւս սկսած է իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ քաղաքացիներուն վրայ: Պըրրի շեշտեց լիբանանեան քաղաքական տագնապին ամբողջական լուծման անհրաժեշտութիւնը, սկսեալ նախագահական ընտրութենէն, հասնելով մինչեւ ընտրական օրէնքի մշակումին, որուն լոյսին տակ ան հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները անպայման...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Արսալի Մէջ Լիբանանեան Բանակը Վնասազերծեց Ական Մը, Իսկ Մաշարիհ Քաայի Մէջ Կատարեց Ձերբակալումներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Արսալի Ռաս Սըրժ շրջանին մէջ բանակի սակրաւորները վնասազերծած են 400 քկ պայթուցիկ նիւթ պարունակող ական մը` պատրաստուած այնպիսի կերպով, որ կարելի ըլլար զայն հեռուէն պայթեցնել: Նշենք, որ բանակը առաւօտեան Մաշարիհ Քաայի մէջ կատարեց խուզարկումներ, որոնց լոյսին տակ ձերբակալեց շարք մը սուրիացի քաղաքայիններ: Պէտք է նշել նաեւ, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մօտ...

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Զօրակցութիւն  Կը Յայտնեն Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կոչ Կ՛ուղղեն Մշակելու Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան 33-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի...

Ահմետ Հարիրի Եւ Ժամալ  Ժարրահ Այցելեցին Թուրքիա

Ահմետ Հարիրի Եւ Ժամալ Ժարրահ Այցելեցին Թուրքիա

  Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի երէկ ընկերակցութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահին ուղղուեցան Թուրքիա, ուր հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի բանբեր, դեսպան Իպրահիմ Քալընի հետ: Հարիրի եւ Ժարրահ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անունով զօրակցութիւն յայտնեցին թուրքերուն` դրուատելով ժողովրդավարութեան արձանագրած յաղթանակը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ Թուրքիոյ ապահովական կայունութեան պահպանումը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Մուսթաքպալ...

«Սէյիտ Նասրալլայի Իրաւունքն Է Առաջադրել  Զօր. Աունի Թեկնածութիւնը, Սակայն  Ոչ Թէ Զայն Պարտադրել Իբրեւ Նախագահական  Ընտրութեան Միակ Թեկնածու»  Շեշտեց Մուսթաքպալ Պլոքը

«Սէյիտ Նասրալլայի Իրաւունքն Է Առաջադրել Զօր. Աունի Թեկնածութիւնը, Սակայն Ոչ Թէ Զայն Պարտադրել Իբրեւ Նախագահական Ընտրութեան Միակ Թեկնածու» Շեշտեց Մուսթաքպալ Պլոքը

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ պլոքը դարձեալ կոչ ուղղեց Հըզպալլային վերատեսութեան ենթարկելու արաբական երկիրներու, ինչպէս` Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի պատերազմներուն միջամուխ դառնալու իր քաղաքականութիւնը: Մուսթաքպալ պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ Հըզպալլա ամէն բանէ վեր նկատէ Լիբանանի ազգային եւ պետական շահերը եւ հրաժարի իր ապօրինի զէնքէն` գերադասելով երկրին գերիշխանութիւնը, որուն...

«Նախագահական Ընտրութեան  Հաւանականութիւնը Մեծ Է»  Շեշտեց Ռաատ

«Նախագահական Ընտրութեան Հաւանականութիւնը Մեծ Է» Շեշտեց Ռաատ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը պիտի աշխուժացնէ Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն կեանքը, ինչպէս նաեւ պիտի լուծէ նախագահական աթոռի թափուր դրութեան հարցը: «Այս հարցին լուծումը կարելի կը դառնայ, երբ լիբանանցիները կը զգան, թէ իրենք միասնաբար կը գործեն եւ համաձայնաբար հանրապետութեան նախագահ մը կ՛ընտրեն», ըսաւ Ռաատ: Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան հաւանականութիւնը մեծ է` աւելցնելով,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի Լիբանան կեցութիւնը շրջանին մէջ արաբական ներկայութեան իմաստով հաւասարակշռութիւն մը կը ստեղծէ: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պարագային Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները կառավարութենէն պիտի չհրաժարին: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ զգուշացուց Շեպաայի հիւանդանոցին մէջ պաշտօնները քաղաքական շահերու...

Պէյրութի Մէջ.  Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Նախագահական  Աթոռի Թափուր Կացութեան Մասին

Պէյրութի Մէջ. Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Նախագահական Աթոռի Թափուր Կացութեան Մասին

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը նախանցեալ երեկոյեան հասաւ Լիբանան: Շուքրի ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Հանդիպումէն ետք Շուքրի հաստատեց, որ Եգիպտոս քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ գործակցութեան ընդմէջէն կը ջանայ ո՛չ միայն Լիբանանին, այլեւ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատել: «Արաբական երկիրներուն սպառնացող մարտահրաւէրներուն պէտք է դիմադրել յաւելեալ ճիգով եւ ըմբռնումով», ըսաւ ան: Շուքրի...

Պըրրի Ընդունեց Թունուզի Խորհրդարանի  Փոխնախագահն Ու Թուրքիոյ Դեսպանը

Պըրրի Ընդունեց Թունուզի Խորհրդարանի Փոխնախագահն Ու Թուրքիոյ Դեսպանը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Թունուզի խորհրդարանի փոխնախագահ Ապտել Ֆաթթահ Մորոն, ներկայութեամբ` երեսփոխան Իմատ Հութի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները: Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի:...

«Բանակի Հրամանատարութեան Առումով`  Մենք Կը Զօրակցինք Հրամանատարի Նշանակումին»  Ըսաւ Քանաան

«Բանակի Հրամանատարութեան Առումով` Մենք Կը Զօրակցինք Հրամանատարի Նշանակումին» Ըսաւ Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ բանակի հրամանատարութեան առումով իրենց կեցուածքը յստակ է, իրենք կը զօրակցին բանակի հրամանատարին նշանակումին` մերժելով հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը: Քանաան շեշտեց, որ սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին վրայ հիմնուիլը բոլոր հարցերուն լուծման բանալին է: «Միշտ պէտք է...

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց  Մշակոյթի Նախարարին

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Մշակոյթի Նախարարին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Դեսպան Մկրտչեան եւ նախարար Արայժի շեշտեցին մշակութային մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Հռոմ

Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Հռոմ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մեկնեցաւ Հռոմ: Նախքան իր մեկնումը, ան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ընկերութիւնը երկփեղկուած է` աւելցնելով, որ այս իրականութեան փաստը այն է, որ այդ ընկերութեան ներկայացուցիչները չեն կրցած նախագահական ընտրութիւն կատարել: «Հետեւաբար լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է Լիբանանի շահերը աւելի բարձր դասեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը դէպի բնակարան մուտք գործելն...

Մուքպել Ներկայ Իրավիճակը Քննարկեց  Վարչապետին, Բանակի Հրամանատարին  Եւ Իրանի Դեսպանին Հետ

Մուքպել Ներկայ Իրավիճակը Քննարկեց Վարչապետին, Բանակի Հրամանատարին Եւ Իրանի Դեսպանին Հետ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Մուքպել Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, ներկայութեամբ` բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Քամիլ Տահերի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ապահովական իրավիճակը, յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն կացութիւնը` Արսալի եւ...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Լիբանանեան Բանակի Զրահապատ Մը Արսալի Մէջ Թիրախ Դարձած Է Պայթումի, Իսկ Բանակը Բերման Ենթարկած Է Կասկածելիներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ երկուշաբթի, 15 օգոստոսի առաւօտեան, լիբանանեան բանակի զրահապատ մը Արսալի մէջ թիրախ դարձած է պայթումի մը` ճամբուն եզերքը զետեղուած ականի մը միջոցով: «Երեք քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ կշռող ականին պայթումը պատճառեց հինգ վիրաւոր: Պայթումի թիրախ դարձած զրահապատին մէջ գտնուող զինուորները թեթեւ կերպով վիրաւորուած են», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով, որ բանակը պայթումին մասին հետաքննութիւն բացած...

«Յուլիսեան Պատերազմին Լիբանանի Ցուցաբերած Դիմադրութիւնը Հարուած Մըն Է, Որ Տակաւին Կը Ցաւցնէ Իսրայէլը» Շեշտեց Լարիժանի

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ արաբական երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող Դիմադրութեան շարժումներուն արմատները կ՛երթան իրանցի ժողովուրդին տոկալու ուժին եւ կամքին: Լարիժանի շեշտեց, որ 2006-ին յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի ցուցաբերած Դիմադրութիւնը հարուած մըն է, որ տակաւին կը ցաւցնէ Իսրայէլը: Լարիժանի ողջունեց Եմէնի խորհրդարանի աշխատանքներուն վերսկսումը` հաստատելով, որ անիկա եմէնցիներուն մղած գոյապայքարին շնորհիւ է:

«Դէմ Յանդիման Կը Գտնուինք Այնպիսի  Ահաբեկչութեան Մը, Որ Շրջանը  Վերածած Է Արեան Դաշտերու»  Հաստատեց Քարամէ

«Դէմ Յանդիման Կը Գտնուինք Այնպիսի Ահաբեկչութեան Մը, Որ Շրջանը Վերածած Է Արեան Դաշտերու» Հաստատեց Քարամէ

Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելը կը փաստէ, թէ ահաբեկչութիւնը թիրախ կը դարձնէ Լիբանանը: Քարամէ նշեց, որ Լիբանանին սպառնացող ահաբեկչութեան դիմակայումը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ զայն արմատախիլ ընել: Ան բարձր գնահատեց Արսալի բնակիչներուն կողմէ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը: «Դէմ յանդիման կը գտնուինք այնպիսի ահաբեկչութեան մը, որ...

Page 809 of 986 1 … 808 809 810 … 986

Արխիւներ