Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ արաբական երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող Դիմադրութեան շարժումներուն արմատները կ՛երթան իրանցի ժողովուրդին տոկալու ուժին եւ կամքին:
Լարիժանի շեշտեց, որ 2006-ին յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի ցուցաբերած Դիմադրութիւնը հարուած մըն է, որ տակաւին կը ցաւցնէ Իսրայէլը:
Լարիժանի ողջունեց Եմէնի խորհրդարանի աշխատանքներուն վերսկսումը` հաստատելով, որ անիկա եմէնցիներուն մղած գոյապայքարին շնորհիւ է: